Սահմանին Վրայ Զինուոր Մը Զոհուած Է Եւ Քաղաքացի Մը՝ Գերի Ինկած


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Սահմանին վրայ 28 Յունուարին զինուոր մը զոհուած է. Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ 20ամեայ Կարէն Գալստեանը սպաննուած է 28 Յունուարին՝ Հայոց բանակի 22րդ տարեդարձին օրը, ատրպէյճանական արձակազէնի կրակոցէն: Երիտասարդը մահացու վէրք ստացած է գլուխէն։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութենէն փոխանցեցին «Ազատութեան», որ դէպքը տեղի ունեցած է Մարտակերտի տարածքին մէջ, զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ:
Երիտասարդը արդէն մօտ երկու տարուան զինուորական ծառայող էր, գարնան պէտք է տուն վերադառնար: Կարէն Գալստեանի ընտանիքը կ՛ապրի Սիսիան։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է, որ սահմանին իրավիճակը վերահսկելի է. հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը զիրար կը մեղադրեն առկայ լարուածութեան եւ զինադադարի դրութեան խախտման յանցանքով։
28 Յունուարին Հայաստանի այլ քաղաքացի մը գերի ինկած էր Ատրպէյճանի կողմը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու լրատուամիջոցները անմիջապէս տեղեկատուութիւն տարածեցին այն մասին, թէ՝ «ցերեկը, ժամը 3ին շուրջ հայկական հետախուզական խմբաւորում մը փորձած է հատել զինուած ուժերու սահմանագիծը, հրացանաձգութենէ ետք ատրպէյճանցի զինուորները յաջողած են  բռնել խմբաւորման անդամներէն զինուած Մամիկ Խոջայեանը»:
Հայաստան պաշտօնապէս հերքեց այս տեղեկատուութիւնը, իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու ճամբով տարածուած գերեվարուած հայուն նկարներէն յստակացաւ, որ ան 77ամեայ հիւանդ ծերունի մըն է՝ սահմանամերձ Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղէն:
Գիւղապետ Կամօ Չօբանեանը «Ազատութեան» յայտնած է, որ Մամիկոն Խոջոյեանի ճակատագիրով մտահոգ է ամբողջ գիւղը, մանաւանդ որ ան հոգեկան խնդիրներ ունի, եւ դժուար է կանխատեսել, թէ ինչպէս կրնան վարուիլ ատրպէյճանցիները անոր հետ: Իսկ ծերունին ի՞նչպէս Ատրպէյճանի մէջ յայտնուած կրնայ ըլլալ հարցումին ի պատասխան՝ գիւղապետը ըսած է. «Երէկ կէսօրին գիւղում երկու տարելից կար՝ գերեզմանատանը: Եկել է էդտեղ, ձեռքին մի վեդրոյ, մարդիկ հարցրել են, թէ՝ «էս ո՞ւր ես գնում», ասել է, թէ գնում է խաղող, թէ մոշ քաղելու: Ասել են՝ «այ, մարդ, էդ ձմեռուայ կէսին ինչ խաղող, ինչ մոշ, տուն գնայ»: Մեր այգիները գիւղից 8 կմ. են հեռու, իջել է էդտեղ, իսկ այգիները սահմանից 2-2.5 կմ. են հեռու, մառախուղ էլ էր, երեւի մոլորուել է… Իրեն տեսնողներ են եղել, մեր այգիների մօտ ամառ-ձմեռ մարդիկ են լինում, անասուն են պահում, հարցրել են՝ «էս ո՞ւր ես գնում», ասել է՝ «եկել եմ խաղող քաղեմ»: Գետի բերանով գնացել է ու անցել է, ինքը չի իմացել, խելքը շաղուած մարդ է: Ադրբեջանցիները ինչ ասես կարող են ներկայացնել, բայց իր ձեռքին մի վեդրոյ է եղել, հնարաւոր է, դա էլ տարած չլինի»:
Գիւղապետը տեղեկացուցած է, որ կը սպասեն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, դիմած են նաեւ ոստիկանութեան:
Ատրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներ արդէն իսկ սկսած էին ծաղրելու պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ մաշած հագուստով ծերունին որպէս հետախուզական բնոյթի յարձակում կատարել փորձող ներկայացնելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.