Հայ Դատը Կը Պահանջէ Կասեցնել Ատրպէյճանի Ռազմական Օգնութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանցի արձակազէններու կողմէ Յունուար 28ին պատահած հայ զինուոր Կարէն Գալստեանի սպանութեան հակադարձելով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է կասեցնելու Պաքուի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները:
«Ատրպէյճանի կողմէ քանի մը ժամ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ մէկ այլ հայ զինուորի՝ Կարէն Գալստեանի, սպանութիւնը կ՛ընդգծէ այն հրատապ անհրաժեշտութիւնը, թէ մեր Քոնկրեսը պէտք է կասեցնէ ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը, որովհետեւ Պաքու չէ դադրեցուցած իր յարձակումները, ամբողջովին չի հրաժարիր բռնութիւններէն եւ չէ ստանձնած Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման պարտականութիւնը», նշուած է Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ: Հոն նաեւ ամերիկահայերուն կոչ կ՛ըլլայ՝ նոյն պահանջով դիմելու իրենց քոնկրեսականներուն, որոնք կը քննեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2015ի ամավարկի նախագիծը:
1994ի ծնունդ Կարէն Գալստեանի սպանութեան մանրամասնութիւնները պարզելու նպատակով հետաքննութիւն մը սկսած է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.