Հայկական դպրոցները եւ մշակութային կրթութիւնը կը շարունակեն կարեւոր դեր խաղալ Սփիւռքի մէջ

«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: «Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) Հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:

Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը, որոնց անգլերէն տարբերակը հրատարակուած է ծրագրի կայքէջին վրայ։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։

Նախորդող յօդուածները կարդալ հոս, հոս, հոս եւ հոս։

Վահէ Սահակեան

4) Լեզու եւ մշակոյթ

Ժառանգական լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի ուսուցումն ու պահպանումը եւ անցեալի հետ կապի շարունակականութեան պահպանումը կը նկատուին սփիւռքի ամբողջ տարածքին հայ համայնքներուն համար ճնշող մարտահրաւէրներ: Նոյնիսկ երբ կրթական հաստատութիւններն ու հայկական դպրոցները կարեւոր դեր խաղացած են տարբեր համայնքներուն մէջ այս առաքելութիւնը հետապնդելու գործին մէջ, համայնքային այլ կեդրոններու կողմէ կազմակերպուած արտադասարանային ձեռնարկները նոյնքան կարեւոր կը նկատուին: Այս գործընթացին մէջ կարեւոր է եղած նաեւ ընտանիքին դերը:

Չորս քաղաքներուն մէջ ալ հարցապնդուողներուն ճնշող մեծամասնութիւնը նշեց, որ որոշ չափով հայերէն սորված է փոքր տարիքին: Հարցապնդուողներուն կէսէն քիչ մը աւելին սորված է նաեւ հայկական կերակուր եփել, հայկական պար եւ երաժշտութիւն՝ դիտելով կամ որոշ դասընթացքներու հետեւելով: Նայած թէ ուր հասակ առած են հարցապնդուողները, Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ, Փասատինա կամ այլուր, անոնք հայկական ամէնօրեայ վարժարանի տարբեր աստիճաններու փորձառութիւն ունեցած են: Հարցապնդուողներուն գրեթէ կէսը չէ յաճախած հայկական ամէնօրեայ վարժարան, յատկապէս այնպիսի համայնքներուն մէջ ինչպիսին Պոսթընն է, մինչդեռ հարցապնդուողներուն մէկ այլ կարեւոր զանգուած յաճախած է հայկական ամէնօրեայ վարճարաններ 6 տարի կամ աւելի, հիմնականօրէն գաղթական սերունդի պատկանողներ, որոնք մասնաւորաբար վերջին տասնամեակներուն բնակութիւն հաստատած են Մարսէյի կամ Փասատինայի մէջ: Հետազօտութեան մասնակիցներուն կէսը կա՛մ ղրկած է, կա՛մ ալ կը մտածէ իր զաւակները հայկական ամէնօրեայ դպրոց ղրկել: Զարմանալի չէ, որ հարցապնդուողներուն մեծամասնութիւնը կ’ակնկալէ, որ հայկական դպրոցները առաջին հերթին սորվեցնեն հայերէնը, բայց նաեւ փոխանցեն բարձրորակ ընդհանուր կրթութիւն եւ ջերմ մթնոլորտ, որ մանուկներուն քաջալերէ:

Հայոց լեզու եւ մշակոյթ (կերակուրներ, պար, երաժշտութիւն)

Հարցապնդուածներուն 10-էն 8-ն քիչ մը հայերէն սորված է, աւելի բարձր համեմատութեամբ` Փասատինայի մէջ (90%): 68%-ը սորված է հայկական կերակուրներ պատրաստել, աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ (81%): 60%-ը սորված է հայկական պար եւ 59%-ը` հայ երաժշտութիւն: Հայկական կերակուրներ պատրաստել (81%) եւ հայկական պար (71%) սորված կիներուն թիւը զգալիօրէն աւելի է հարցապնդուած այր մարդոցմէ, որոնց միայն 51%-ը սորված է հայկական կերակուրներ պատրաստել եւ 46%-ը՝ հայկական պար: Գրեթէ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ այր եւ կին հարցապնդուողներու համեմատութիւններուն միջեւ, որոնք սորված են կամ փորձած են հայերէն եւ հայ երաժշտութիւն սորվիլ:

Հետազօտութեան այն մասնակիցները որոնք հայախօս են, անոնց 10-էն 7-ն արեւմտահայերէն կը խօսի, 3-ը՝ արեւելահայերէն, մօտ 14%-ը կը խօսի խառն հայկական (արեւելեան եւ արեւմտեան բարբառներ), իսկ 4%-ը` այլ բարբառներ: Այս հարցումին պատասխաններուն միջեւ նշմարելի են որոշ խաչաձեւումներ, որովհետեւ հարցապնդուողները կրնային ընտրել մէկէ աւելի պատասխաններ: Հետաքրքրական է, որ ոմանք կը խօսէին թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ արեւելահայերէն, ինչպէս նաեւ՝ այլ բարբառներ:

Հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ

Բոլոր չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուած անձերուն հայկական ամէնօրեայ դպրոց յաճախելու պարբերականութիւնը գրեթէ հաւասար կը բաժնուի. նոյնիսկ երբ 43%-ը նշած էին, որ իրենք չունին հայկական ամէնօրեայ դպրոցի փորձառութիւն, 45%-ը ըսած էր, որ հետեւած են հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու 6-ամեայ ծրագրին, 6%-ը` 1-2 տարի, իսկ 6%-ը` 3-5 տարի:

Դպրոցական կեանքի տեւողութիւնը, ինչպէս որ նախատեսուած էր, կը տարբերի մէկ համայնքէն միւսը եւ մէկ սերունդէն ուրիշը: Գահիրէի մէջ հարցապնդուածներուն մեծ մասը (73%) աւելի քան 6 տարի յաճախած է հայկական ամէնօրեայ դպրոց: Փոքր համեմատութիւն մը (շուրջ 14%) յաճախած է 1-2 կամ 3-5 տարի, իսկ միայն 14%-ը երբեք չէ յաճախած հայկական ամէնօրեայ դպրոց: Ի դէպ, Պոսթընի մէջ հարցապնդուածներուն 69%-ը երբեք չէ յաճախած հայկական ամէնօրեայ դպրոց, եւ միայն 19%-ը յաճախած է 6 տարի կամ աւելի: Հետաքրքրական է, որ ըստ հետազօտութեան տուեալներուն, Մարսէյի մէջ հարցապնդուածներուն 45%-ը երբեք չէ յաճախած հայկական ամէնօրեայ դպրոց, իսկ 43%-ը յաճախած է 6 տարի եւ աւելի: Փասատինայի արդիւնքները նոյնպէս մօտ էին, ուր թէեւ հարցապնդուածներուն 36%-ը չունի հայկական ամէնօրեայ դպրոցի փորձառութիւն, 52%-ը հայկական ամէնօրեայ դպրոց յաճախած է 6 տարի եւ աւելի: Մարսէյի եւ Փասատինայի մէջ հայկական ամէնօրեայ դպրոց յաճախողներու յարաբերաբար բարձր համեմատութիւնը թերեւս ցուցանիշ է այն իրողութեան, որ երկու համայնքներուն մէջ հարցապնդուածներուն մեծամասնութիւնը համեմատաբար վերջերս գաղթած են Հայաստանէն կամ Միջին Արեւելքէն, ուր անոնք, շատ հաւանաբար յաճախած են հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ: Մարսէյի (33%) եւ Փասատինայի մէջ (32%) հարցապնդուածներուն մօտ մէկ երրորդը կը պատկանի գաղթական սերունդին բաղդատած Պոսթընի`13%-ին եւ Գահիրէի` 9%-ին: Գաղթական սերունդին մաս կազմող հարցապնդուածներուն 75%-ը հայկական ամէնօրեայ դպրոց յաճախած է 6 եւ աւելի տարիներ, մինչ միայն 21%-ը երբեք չէ յաճախած հայկական ամէնօրեայ դպրոց:

Չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուածներուն շուրջ կէսը իրենց զաւակները կա՛մ ուղարկած են, կա՛մ կրնան ուղարկել հայկական ամէնօրեայ վարժարան: Անոնց գրեթէ 5-ին 1-ը հաւանաբար ղրկէ, 10%-ը կը մտածէ հակառակը, որ հաւանաբար չղրկէ, իսկ 26%-ը կա՛մ չէ ուղարկած, կա՛մ ալ չ’ուզեր ուղարկել հայկական ամէնօրեայ դպրոց: Զարմանալի չէ, որ գաղթական սերունդին 69%-ը «այո» պատասխանեց այն հարցումին, թէ արդեօք իրենք ուղարկա՞ծ են կամ կը մտածե՞ն իրենց զաւակները ուղարկել հայկական ամէնօրեայ վարժարան: Սփիւռքի մէջ ծնած առաջին սերունդէն հարցապնդուածներուն միայն 43%-ը ուղարկած է կամ կը մտածէ իր զաւակները ուղարկել հայկական ամէնօրեայ դպրոց, իսկ 28%-ը չէ ուղարկած կամ չի մտածեր ուղարկելու մասին: Այս թիւը երթալով կը նուազի գաղթականներու թոռներուն պարագային, որոնց միայն 37%-ը ուղարկած է կամ կը մտածէ իրենց զաւակները հայկական դպրոցներ ուղարկել, իսկ 32%-ը չէ ուղարկած կամ չի մտածեր ուղարկելու մասին: Ինչպէս որ նախատեսուած էր, այս թիւերը աւելի բարձր են նորահաս սերունդներուն պարագային. 34 եւ վար տարիքային խմբաւորումին մէջ, հարցապնդուածներուն 10-էն 4-ը իրենց զաւակները ուղարկած են կամ կը մտածեն հայկական ամէնօրեայ դպրոց ղրկել՝ 3-ը հաւանաբար ղրկէ, եւ միայն 1-ը չի մտածեր ղրկելու մասին: Այս համեմատութիւնը կ’աւելնայ 35-54 տարիքային խմբաւորումին մէջ գտնուող հարցապնդուղներու պարագային. 10-էն 5-ը ղրկած է կամ կը ծրագրէ ղրկել: Նմանօրինակ բարձր համեմատութիւն կը ներկայացնեն անոնք, որոնք չեն ուզեր ղրկել: Այս թիւերը համամասնօրէն փոխուեցան հարցապնդուողներու տարիքին հետ: 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին 47%-ը ուղարկած են կամ կը մտածեն իրենց զաւակները ղրկել հայկական ամէնօրեայ դպրոցներ: 9%-ը հաւանաբար ղրկէ, իսկ 39%-ը չէ ղրկած կամ չի փափագիր: Սեռը ըստ երեւոյթին կարեւոր գործօն չի նկատուիր այս հարցումին պարագային, որովհետեւ այր մարդոց եւ կիներու պատասխանները այս հարցումին շատ չեն տարբերիր իրարմէ:

Հայկական ամէնօրեայ դպրոցներէն ակնկալուած յատկութիւններու շարքին, հայերէն սորվիլը կը նկատուի ամենէն կարեւորը չորս քաղաքներուն մէջ ալ (24.5%): Կ’ակնկալուի նաեւ, որ հայկական դպրոցները փոխանցեն բարձրորակ ընդհանուր կրթութիւն (16%), ստեղծեն ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտ մը, որ մանուկներուն հայ ըլլալը քաջալերէ (15%), սորվեցնեն որոշակի արժէքներ (10%) եւ կարելիութիւնը ստեղծեն ունենալու հայ ընկերներ (10%): Հետաքրքրական է, որ այս նախասիրութիւնները նոյնն են չորս քաղաքներուն մէջ ալ՝ շատ փոքր տարբերութիւններով եւ չեն ազդուիր հարցապնդուողներու սեռէն, տարիքէն կամ պատկանած սերունդէն:

Յետ-դպրոցական կամ շաբաթօրեայ դասապահեր եւ ծրագիրներ

Հարցապնդուողներուն գրեթէ կէսը երբեք չէ հետեւած որեւէ յետ-դպրոցական կամ շաբաթօրեայ դասապահերու, բայց 47%-ը յայտնեց, որ ղրկած են կամ կը մտածեն իրենց զաւակները ղրկելու մասին, իսկ 23%-ը՝ հաւանաբար ղրկէ: Միւս կէսին 27%-ը մասնակցած է նման դասապահերու/ծրագրերու աւելի քան 6 տարի, 11%-ը` 3-5 տարի, իսկ 15%-ը` 1-2 տարի: Այս թիւերը փոքր չափով կը տարբերին համայնքէ համայնք: Ամենէն բարձր համեմատութիւնը անոնց, որոնք երբեք չեն հետեւած որեւէ յետ-դպրոցական կամ շաբաթօրեայ դասապահերու/ծրագիրներու կը գտնուի Փասատինայի մէջ (57%), որուն կը հետեւին Գահիրէն (51%), Պոսթընը (45%) եւ Մարսէյը (43 %): Նոյնիսկ երբ Փասատինայի եւ Գահիրէի մէջ հարցապնդուածներուն միայն 20%-ը 6 տարի եւ աւելի հետեւած է նմանօրինակ դասապահերու/ծրագիրներու, այդ համեմատութիւնները քիչ մը աւելի էին Մարսէյի (28%) եւ Պոսթընի մէջ (33%): Հարցապնդուածներուն քառորդը կա՛մ չէ ուղարկած, կա՛մ չ’ուզեր իր զաւակները ղրկել յետ-դպրոցական կամ շաբաթօրեայ դասապահերու/ծրագիրներու, քիչ մը աւելի բարձր համեմատութեամբ Գահիրէի մէջ (34%), բայց համեմատաբար նուազ համեմատութեամբ Պոսթընի (27%), Մարսէյի (23%) եւ Փասատինայի մէջ (19%):

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.