Կորգանի ուղղութեամբ յարձակման մասին մանրամասնութիւններ եւ լուսանկարներ


 

Կորգանի ուղղութեամբ յարձակման մասին մանրամասնութիւններ եւ լուսանկարներՂարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու հիւսիս֊արեւելեան (Ջրաբերդ) ուղղութեամբ կատարուած Յունուար 19-20 յարձակման ընթացքին, ատրպէյճանական յարձակող խումբերը փորձած էին սահմանի երկու ուղղութիւններով: Մարտերու ընթացքին զոհուած էր տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանը:

Միւս կողմէ, միաժամանակ, սահմանի հարաւ֊արեւելեան (Կորգան) ուղղութեամբ ատրպէյճանական յարձակման ընթացքին, հայկական սահմանապահ ստորաբաժանումները զոհեր եւ վիրաւորներ չունեցան: Ատրպէյճանցիներու յառաջխաղացքը այս ճակատին վրայ նկատեցին հայ հետախոյզները: Ատրպէյճցիները հրետակոծեցին հայկական մարտական  սահմանակէտը՝ փորձելով ճեղքել պաշտպանական դիրքերը: Սակայն հայկական կողմը մարտական տագնապ յայտարարելով անմիջապէս ձեռնարկեց շրջանաձեւ  պաշտպանութիւն եւ ետ մղեց յարձակող ուժերը։Խուճապով նահանջած ատրպէյճանական ուժերը հայկական դիրքերուն մօտ զինամթերք լքած էին զիմամթերք եւ չպայթած նռնակներ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Յենարան կայքէջի հրապարակած Կորգանի յառաջապահ դիրքերու լուսանկարները։  

 

 

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.