Նոպէլեան Մրցանակակիրը` Եւ «Մուսա Լերան 40 Օրերը»


 

Նիւ Եորք գտնուիլ` կը նշանակէ օրական ութ ժամ հեռատեսիլի հետեւիլ: Ամիսներ առաջ` հոկտեմբերին, ես այդ կացութեան մէջ կը գտնուէի: Հեռատեսիլին գերի եղած էի ուզած չուզած: Կորպաչով, Ռիկըն, Տանիէլով, Եուրի Օրլոֆ` օրական քսան երեսուն անգամ նոյն դիրքով եւ նոյն պատկերով դիտել կը ստիպուիս:

Սակայն օր մը քիչ մը բնականէն տարբեր նկար մը տեսանք: Խօսնակը առաջ քշեց համեստ մարդ մը, լայն ճակատ, հաստ յօնք, պատկառելի խոշոր քիթ, եւ ամէնէն յատկանշականը` բանաստեղծի ցիր ու ցան մազեր: Եւ անակնկալը` մարդուն անունը Էլի Վիեսել եւ 1986-ի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին տիրացած անձն է:

Նախ ըսեմ, թէ անունը ինծի բոլորովին անծանօթ էր: Խօսնակին հարցուփորձէն իմացայ, եւ` այս մէկը շատ յստակօրէն, թէ մարդուն անկեղծ եւ միակ մտահոգութիւնը փոքր ազգերու իրաւազրկուած ըլլալուն կը վերաբերէր: Եւ մանաւանդ` շեշտուած կերպով անցեալին  իրաւազրկուածներուն: Կամաց մը «հայ ժողովուրդ» բառն ալ սպրդեցաւ մարդուն բերնէն, եւ որ, յանկարծ, յայտագիրը «բէն ը բէ խփէ», եւ, հանրածանօթ ուտելիքի գովազդ մը` մոռցնել տուաւ եղածը:

Յաջորդ օրը եւ միւս օրերը ընտանեկան հարցերով զբաղած` չհետեւեցայ մամուլին եւ այդպէս ալ Նիւ Եորքէն անցանք Փարիզ, քանի մը օր մօրաքրոջս տունը մնալու եւ յետոյ վերադառնալու` տուն:

Փարիզ: Հինգ օրեր: Մէկ յոբելենական հանդէս: Մէկ եկեղեցի: Կէս օր հանդիպում Ծառուկեաններուն հետ: Եւ գիշեր մըն ալ կովկասեան ընթրիքի մը` Կարպիս Ջրբաշեաններուն բնակարանը: Ժամը 7:00-9:00  ըլլալիք բան մըն էր, բայց տեւեց մինչեւ կէս գիշերը անց ժամը մէկը: Հոն էին նաեւ մայր եւ աղջիկ Ծառուկեանները: Իսկ Ծառուկեանը ներկայ էր` հեռաձայնով, որով գիշերը քանի մը անգամ խօսեցանք հետը:

Այդ իրիկուն Ջրբաշեան, հազիւ բարեւ մը փոխանակած էր հետս, երբ սեղանէն հաստափոր  գիրք մը երկարելով` ինծի ըսաւ.

«Յակոբ, ա՛ռ, այս գիրքը քեզի կը պատկանի: Նոր հրատարակուած է եւ կարեւորը այն է, որ յառաջաբան մը կայ մէջը գրուած` այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր` Էլի Վիեսելի կողմէ:

Աղուէսը ինչպէ՞ս կը յափշտակէ հաւը, ես ալ գիրքը խլեցի բարեկամիս ձեռքէն եւ կողքին վրայ կարդացի. «Մուսա Լերան 40 օրերը»: Վէպին ֆրանսերէն թարգմանութեան վերահրատարակութիւնն էր: Առաջին անգամ ֆրանսերէնի թարգմանուած էր 1936-ին եւ հրատարակուած էր նոյն «Ալպեն Միշէլ» հրատարակչատան կողմէ:

Ներսը առաջին էջերուն վրայ զետեղուած էր նոպելեան մրցանակակիրին յառաջաբանը: Անկողին մտնելէ առաջ կարդացի վերոյիշեալ գրութիւնը: Որոշեցի տուն վերադարձիս թարգմանել զայն:

Այդպէս ալ ըրի:

Կրնայ ըլլալ, որ յառաջաբանի բոլոր միտքերուն համամիտ չըլլան շատ մը հայեր, սակայն հեղինակը ուզած է բան մը ըսել եւ բաւական լաւ ըսած է իր ըսելիքը:

Բարի դիպուած մը` պիտի ըսէի ես:

Հայ դատի ջաղացքին ջուր լեցնող մը:

Եթէ թուրքերը ըլլային նոյն կացութեան մէջ, վստահաբար Էլի Վիեսելը կը հրաւիրէին Թուրքիա եւ… ոսկորները խայտան` Փիեռ Լոթիին:

Լաթաքիա ձեռքս կ՛անցնի «Լա Ռըվիւ Տիւ Լիպան»-ը: Կը կարդամ իր մասին դրուատալից տողեր: Ամէնէն հետաքրքրականը կ՛ըլլայ այն, որ Էլի Վիեսել կը հանդիսանայ Առաջին Գրագէտը որ ստացած ըլլայ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը: Այդ պատիւը միշտ տրուած էր քաղաքական կամ հասարակական գործիչ անձնաւորութիւններու:

Հոն կը կարդամ, ի միջի այլոց, Էլի Վիեսելի ըսածներէն. «Կը գրեմ` աւելի հասկնալու համար, քան թէ`հասկցուելու:»

Եւ այս խօսքը ըսողը տասնեակ մը (այժմ աւելի քան 50:  Համացանցէն տեղեկացայ: Յ.Ա.) հատորներով իջած է միջազգային գրականութեան մէջ: Չեմ գիտեր թէ ան երբեւիցէ թարգմանուած է հայերէնի: Եթէ ոչ, ահաւասիկ առիթը…

Մինչ այդ ես ուրախ եմ որ տանս գրադարանը հարստացաւ ֆրանսերէն «ՄՈՒՍԱ ՏԱՂ»ով, Հայերէնի եւ անգլերէնի կողքին:

ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

Լաթաքիա, 27 նոյեմբեր 1986

 

 

Մոռացման Ոճիրը- Էլի Վիեսել

 

 

Երեւակայական կամ յուշագրական այս վէպը գլուխ գործոց մըն է: Ես կարդացի զայն ազատագրումէն (Ֆրանսայի) ետք: Քսան տարեկան էի: Կու գամ վերստին կարդալու: Հոն կը գտնեմ ոգեշնչման ուժն ու վիրաւոր խղճմտանքը, որ իր ատենին տակնուվրայ ըրած էր էութիւնս:

Այս հայկական գիւղական համայնքը տառապելով իր ուժերէն վեր եղող պատմութեան ցնցումներէն` ինծի եղած է մտերիմ: Մահէն դարանակալ հետապնդուած` ան կը պահանջէ իր ազատութիւնը: պաշարուած անգութ թշնամիէ մը, դաւուած` անտարբեր ընկերութենէ մը, ան կ՛ընտրէ զինեալ դիմադրութիւնը: Ազատագրելու համար իր պատի՞ւը: Ազատագրելու` մարդկութեան պատիւը:

Կը հասկցուին շարժառիթները, որոնք մղեցին Ֆրանց Վերֆելը հետաքրքրուելու այս ողբերգութեամբ: Աւստրիացի հրեայ, ապաստանարան փնտռող աքսորեալ մը, չէր կրնար չյուզուիլ այս դժնդակ ճակատագրէն, որ դարերէ ի վեր կարծես կը հետապնդէր հայ ժողովուրդը իր արիւնոտ եւ միաժամանակ սգաւոր  ճանապարհին վրայ:

Վռնտուած իր հողէն, հալածուած իր քրիստոնէական հաւատքին հաւատարմութեանը համար, հայ ժողովուրդը, հրեայ ժողովուրդին նման, կրցաւ հարմարիլ անստգութեան` մնալով արմատացած անփոխելի յիշատակութեան մէջ, հաւաքական յիշատակութիւն, ուր մահը ինքն իսկ յաղթուած է, որովհետեւ մահուան յիշատակը հոն նման է յաւիտենականութեան:

Իր սփռուածութեանը մէջ հայ ժողովուրդը, հրեայ ժողովուրդին նման, կը համախմբուի` առանց ուրիշին հետ նոյնանալու, կ՛ուզէ կապուիլ իր լեզուին, տարբեր ձեւով ըսած` իր ցեղային եւ ազգային ինքնութեան եւ նաեւ` հաւատքին:  Ցնցիչ այս կապակցութիւնները, կը գտնենք մինչեւ իսկ իրենց մարտիրոսութեան մէջ:

Գրուած` Գերմանիոյ մէջ, Հիթլերի իշխանութեան տիրանալէ առաջ, այս վէպը կը մարգարէանար գալիքը: Զայն կարդալով` ինծի համար դժուար է ընդունիլ թէ Ֆրանց Վերֆել կ՛ոգեկոչէր անցեալ մը, զոր չէր ճանչնար: Այնքան նշաններ, այնքան դէպքեր,  այնքան  պատկերներ ինծի կը թուին ըլլալ` ընտանի:

Ջարդի տեսարաններուն պաղ եւ հաշտուած վայրագութիւնը, վոհմակին սմսեղուկ անյագութիւնը, արեան հրապոյրը` մոլեռանդ սպաննողին մօտ, ողջակիզութեան կանչը` զոհերուն մօտ: Վայրը ոճիրին: Կը հետեւիմ իրեն քայլ առ քայլ եւ ինքզինքս բնաւ շրջապատին օտար չեմ զգար: Աշխարհը պատերազմի մէջ է, սակայն այս պատերազմին մէջ է, ուրիշ պատերազմ մը մղուած է մեծ պետութեան մը կողմէ` խարանուած, հալածուած, ճնշուած փոքրամասնութեան մը դէմ: Տեղահանութիւններ, բռնագաղթ, անվերջ նուաստացումներ, ոճիր եւ ջարդ` նպատակ ունենալով բնաջնջումը համայն ժողովուրդի մը: Հեղինակը արդեօք անցեա՞լ մը կ՛ոգեկոչէ, թէ՞ ոչ մարգարէացած ապագայ մը: «Մուսա Տաղ»-ը տեսակ մը «կեթօ» չէ՞, ուր վերապրողները, հպարտ թռիչքով մը եւ յուսահատ արիութեամբ, կը պատրաստուին մահուան` կռիւով, պատերազմով, ոչնչանալու փոխարէն հեռաւոր ճամբաներու արիւնոտ փոշիներուն մէջ:

Գաբրիէլ Բագրատունեանն ու իր մարտնչող ընկերնե՜րը … Ինծի այնպէս կը թուի, թէ հանդիպած եմ անոնց տարբեր տեղ մը, քան թէ իրենց գտնուած տեղը, տարբեր տեղ մը, քան թէ այս վէպին մէջ: Ոմանց խելացնոր արիութիւնը, ոմանց խոնարհութիւնը կամ երկչոտութիւնը, պատանիներու խիզախութիւնը, ծերունիներու յամառութիւնը, կղերականներու չափաւորութիւնը` կայսրութեան մը դէմ, որ, քայքայման գագաթնակէտին, կը մերժէ ամէն գութ: Ինչպէ՜ս կարելի է չմտաբերել Երրորդ Ռայխը, որ հակառակ իր 1944-ի պարտութիւններուն` միշտ կը կառչէր, կրկնապատկուած թափով մը, բնաջնջելու Եւրոպայի հրեաներուն մնացորդացը:

Իրենց խորշին մէջ, հայերը քառասուն օրերու ընթացքին, կ՛ըմբոշխնեն, կը վայելեն խախուտ անկախութիւն մը, որ գիտէին, թէ կարճ պիտի տեւէր, եւ սակայն անոնք կ՛օգտուէին անկէ: վսեմացնելու համար իրենց թաքնուած գոյութիւնն ու սանձուած ցանկութիւնները: Երիտասարդներուն համար մեծ արկածախնդրութիւնն է: Թողլքուած հարսին համար առիթն է հրապուրուիլ անծանօթէն եւ սիրել զայն: Ամէն ինչ կ՛ընթանայ արագացուած կռոյթով մը: «Մուսա Տաղ»-ի հայերը կարծես կ՛ապրին ժամանակէն դուրս: Ինչպէս աւելի ետք հրեաները իրենց կեթոյին մէջ, կը կիրարկեն խտացեալ ապրելու արուեստը, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ, յոյսեր եւ յուսալքումներ, ցասումներ եւ հաշտութիւններ, բոլորն ալ արագ կ’անցնին: Մէկ օրը` տարիներ են, մէկ գիշերը` յաւիտենականութիւն:

Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Ֆրանց Վերֆել ծանօթ էր ողջակիզում (հոլոքոսթ) բառի իմաստին եւ մեքանիզմին` Ողջակիզումէն առաջ: Արուեստագէտի նախազգացո՞ւմ, թէ՞ պատմական յուշ`  մէկը կապուած միւսին:

Սակայն մենք կը սխալինք, երբ բաղդատութեան դնենք երկու դէպքերը: Շատ պարզունակ պիտի թուէր: Թալէաթ եւ Էնվեր կ՛ուզէին լուծել հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մինչդեռ Հիթլեր որոշած էր ջնջել երկրագունդի մինչեւ վերջին հրեան: Եւ տակաւին, թուրք զինուորները չունէին գերման սպաներուն մշակոյթը: Հայաստանի մէջ կատարուած վայրենի ջարդի` առաջին ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարուն (ընդգծ. թարգմանիչէն), եւ Լեհաստանի մահուան գործարաններուն միջեւ կայ տարբերութիւն մը, ոչ թէ չափի, այլ` էութեան: Արդեօք անոնք իրարու կապուած են տարբե՞ր կերպով, թէ՞ ոչ` յիշատակութեամբ:

Յստակ է, որ յիշատակութիւնն է, որ կ՛ակնարկուի այս վէպով: Պաշարուած հայերը մահէ չէ որ կը սոսկային, այլ մոռացումէ: Իրենց անձնազոհութիւնը ի զո՞ւր պիտի վատնուէր: Այս է տագնապեցնող հարցը, որ կը հալածէ անոնց նոր սերունդը՞: Անոնցմէ ոմանք, հարկադրելու համար թրքական կառավարութիւնը` յանձնառու ըլլալու անցեալին նկատմամբ, կը դիմեն բռնութեան: Ցաւալի քաղաքականութիւն մը, որ միայն վնաս կը պատճառէ իրենց դատին: Ահաբեկչութիւնը կարելի չէ արդարացնել: Սակայն, իրենք, թուրքերը պէտք էր որ հասկնային հայերու մորմոքն ու ցասումը, որոնց յիշատակութեան իրաւունքն իսկ կ՛ուրանան: Ինչո՞ւ կարելի պիտի չըլլայ հաւաքուիլ ժողովի մը երկու կողմերու մասնակցութեամբ «տիալոկ»-ի բանակցութեան մը սկիզբը դնելու: Այսօրուան թուրքերը պատասխանատու չեն արիւնալի դէպքերուն որոնք պատահած են յիսուն տարի առաջ, սակայն անոնք պատասխանատու են իրենց այժմու կեցուածքին համար նոյն այդ այդ դէպքերուն նկատմամբ:

Ճիշդ ասոր համար է որ Ֆրանց Վերֆելի այս մեծ վէպը, որուն վերահրատարակութիւնը մենք կ՛ողջունենք, կրնայ օգտակար ըլլալ ԻՐԵՆՑ եւ մեզի բոլորիս: Ոգեկոչման հզօր հրաւէր մը ըլլալուն: Ան մեզի կը բանայ դէպի վշտակցութիւն: Եւ կամ ալ, այդ մէկը մեզմէ կախեալ է, դէպի ՅՈՅՍ:

Թարգմանեց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.