ԹՈՒՐՔԻԱ 2015-Ի ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՄՏԱՀՈԳ Է


 

 

«Ակունք» կը հաղորդէ, որ թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեան 21 նոյեմբերին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներով պայմանաւորուած՝ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ դիրքերը բաւական խարխուլ վիճակի մէջ են։ Ան հայ-թրքական յարաբերութիւններու հնարաւոր վերակենդանացումը կը պայմանաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցի մօտենալուն եւ տարածշրջանին մէջ Թուրքիոյ թուլացող ազդեցութեան հետ։

Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան հարցին մէջ թրքական հնարաւոր ազդեցութեան, ապա թրքագէտը ըսած է, որ 2008-էն ի վեր այս առումով ոչինչ փոխուած է՝ նոյն դիպաշարն է, նոյն խաղացողները.«Թուրքիան կ՚ուզէ մէկ-երկու հանդիպումով ղարաբաղեան հարցը լուծել, սակայն ատիկա կարելի չէ»։

Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մասին՝ Անդրանիկ Իսպիրեան նշած է, որ այդ հոլովոյթը իր մեկնարկի օրէն իսկ ձախողած է։ Պատճառն այն է, որ հարցը կը կապուի ղարաբաղեան խնդիրի հետ։ Իսպիրեան չէ բացառած, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին հայ-թրքական սահմանը բացուի, սակայն յաջորդ օրն իսկ փակուի։

«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս կատարած յայտարարութիւններէն այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ ան օր ու գիշեր չի քնանար եւ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին կը մտածէ։ Իմ կարծիքով՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Հայաստանը մինչեւ հիմա ոչինչ շահած է», ըսաւ Անդրանիկ Իսպիրեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.