Ազրպէյճան Փակած Է Կապան-Գորիս Ճամբու Կարմրաքար-Շուռնուխ Հատուածը

25 օգոստոս 2021-ի երեկոյեան Ազրպէյճան փակեց Կապան-Գորիս միջպետական ճամբու Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը: Անիկա փակ մնաց նաեւ 26 օգոստոսին: Գորիս-Կապան ճամբուն փակումով Շուռնուխ, Որոտան, Բարձրաւան գիւղերը զրկուեցան Գորիսին եւ Կապանին կապող հիմնական ուղիներէն, իսկ այլընտրանքային ճամբաներ չկան այս կացութեան մէջ:

Շուռնուխի գիւղապետ Յակոբ Արշակեան դիտել տուաւ, որ իրենք շրջափակուած են. «Հիմա սահմանապահ զօրքերուն հետ կը քննարկենք այլընտրանքային ճամբու հարցը, որով գոնէ սնունդ մտնէ, կամ հիւանդի տեղափոխման կամ տարհանման պարագային օգտագործուի», աւելցնելով, որ գիւղի այլընտրանքային ճամբան կարգի բերելու համար 10-15 օր պէտք է:

Բարձրաւան գիւղի վարչակազմի ղեկավար Օննիկ Աւագեան յայտնեց, որ անտառին քովէն դէպի Տաթեւ տանող դաշտամիջեան ճամբաներ կան, բայց շատ վատ պայմաններու մէջ են եւ կարելի չէ, որ շտապ օգնութեան մեքենայ կամ ուրիշ մեքենայ երթայ այդտեղ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատարի տեղակալ Արմէն Մկրտչեան յայտնեց, որ այդ հատուածին մէջ գտնուող փոխադրամիջոցները` բեռնատար, մարդատար, ինքնաշարժ (Հայաստանի թէ արտասահմանեան թիւերով), դուրս բերուած են հոնկէ, տարհանուած են նաեւ Հայաստանի եւ օտարերկրեայ քաղաքացիները:

25 եւ 26 օգոստոսին սոյն ճամբու փակումին անդրադարձաւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ ահազանգեց, թէ սննդամթերքի ու բժշկական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը լրջօրէն սահմանափակուած է գիւղերու բնակչութեան համար, որ կը գտնուի մարդասիրական ճգնաժամի դէմ յանդիման:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.