Հայաստան բացակայ է եւրոպական անվտանգութեան հռչակագիրը ստորագրած 40 երկիրներու ցանկէն

ՏԱՊԼԻՆ.- Եւրոպական քաղաքական համայնքի Նոյեմբեր 12-ին Տապլինի մէջ գումարուած գագաթաժողովի ընթացքին 40 պետութիւններ ընդունեցին եւրոպական անվտանգութեան հիմնական սկզբունքներուն վերաբերող համատեղ հռչակագիր մը, որուն ստորագրող երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստան ընդգրկուած չէ։

Ֆրանսայի նախագահութեան հրապարակած փաստաթուղթին միացած են եւրոպական բազմաթիւ պետութիւններ, որոնց կարգին՝ Ֆրանսա, Գերմանիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ուքրանիա, Մոլտովա եւ Վրաստան։ Հայաստանէն բացի, հռչակագիրը չեն ստորագրած նաեւ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա։

Հռչակագիրը կը վերահաստատէ պետութիւններու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միջազգային իրաւունքի յարգման սկզբունքները։ Անիկա նաեւ կը շեշտէ, որ իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի ազատօրէն որոշելու իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը եւ միջազգային դաշինքներուն մասնակցութիւնը։

Փաստաթուղթին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն տրուած է Ուքրանիոյ անկախութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական պետութիւններու անվտանգային համագործակցութեան ամրապնդման։

Հռչակագիրը քաղաքական յանձնառութիւններու փաստաթուղթ մըն է եւ ինքնին փոխադարձ պաշտպանութեան նոր դաշինք կամ իրաւական պարտադիր անվտանգային երաշխիքներ չի ստեղծեր։

Հայաստանի չմիանալու պատճառներուն վերաբերեալ պաշտօնական բացատրութիւն չի ներկայացուիր հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ։

Ուշագրաւ է, որ նոյն օրը եւրոպական շարք մը ղեկավարներ առանձին յայտարարութեամբ վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան։

Այսուհանդերձ, Վրաստանի մասնակցութեան եւ Հայաստանի բացակայութեան տարբերութիւնը նոր հարցումներ կը յառաջացնէ Փաշինեանի կառավարութեան անվտանգային քաղաքականութեան եւ եւրոպական համապատասխան նախաձեռնութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։

Մինչ իշխանութիւնը կը շարունակէ շեշտել Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու խորացումը, երկրի արտաքին անվտանգութեան համակարգին առնչուող հիմնական հարցերը կը մնան չկարգաւորուած։