ՆԱԽԱԴԱՐԵԱՆ ԶՕՐԱՑ-ՔԱՐԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌՈՒԻԼ


 

 

«Արմինֆօ» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան խորհրդարանական լսումներու ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան մտադիր է Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուելու համար յուշակոթողներու ցանկ մը ներկայացնելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի։

Ան ըսած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուշադրութեան յանձնուելիք յուշակոթողներու շարքին է Կաքաւաբերդի դղեակը, Սանահինի վանքին մօտ գտնուող միակամար կամուրջը, Ուխտասար լեռան վրայ ժայռանկարերը, նախադարեան Զօրաց-քարերը, ցարական օրերուն կառուցուած երկաթուղագիծը, ինչպէս նաեւ Սարդարապատ եւ Մայր Հայրենիք յուշակոթողները։ 

Սամուէլեան յայտնած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառուիլը բարդ հոլովոյթ մըն է, որ քանի մը տարուան հարց է։ Հայկական Գեղարդ եւ Ազատ գետ վանքերը, Էջմիածինի տաճարը, Զուարթնոց հնագիտական յուշակոթողը, Հաղբատ եւ Սանահին վանքերը արդէն ցանկին վրայ են։ Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկը կը ներառէ «Սասունցի Դաւիթ» ազգային դիւցազներգութիւնը, խաչքարի արուեստը եւ տուտուկի երաժշտութիւնը։ Արամ Խաչատուրեանի նօթագրութիւններն ու երաժշտութիւնը Աշխարհի յիշողութեան տոմարին մէջ են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.