Ուաշինկթըն Կը Պատասխանէ Սուրիոյ Կապակցութեամբ Հայ Դատի Նամակին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակով մը պատասխանած է Հայ Դատին ու Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ամերիկահայ քաղաքացիական, եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց կողմէ Սուրիոյ իրադարձութեանց կապակցութեամբ արտայայտուած մտահոգութեանց՝ շեշտելով, թէ Ուաշինկթըն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ համոզելու համար Սուրիոյ մէջ ճակատող կողմերը, թէ իրենց պարտաւորութիւնն է երաշխաւորել երկիրի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:
Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման մարմինը (USAID) յոյժ կարեւոր կը նկատէ Հալէպի բնակչութեան համար մարդասիրական եւ բժշկական շարունակական օժանդակութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութեանց տրամադրումը այն պետութեանց, որոնք սուրիացի գաղթականներ կը հիւրընկալեն եւ որոնց շարքին են Հայաստանն ու Լիբանանը:
«Մարդասիրական կազմակերպութեանց անդամները իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն՝ ապահովելու համար օժանդակութանց փոխադրութիւնը անոնց, որոնք ամիսներէ ի վեր կը տառապին: Անոնք նաեւ շարունակական բանակցութեանց մէջ են կողմերուն հետ, երաշխաւորելու համար առնուազն ժամանակաւոր զինադադար, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակութիւնները ապահով կերպով տեղ հասցնել», գրուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայ Դատին ուղղուած նամակին մէջ:
Օգոստոս 5 թուակիր նամակին յղումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 185 միլիոն տոլարի յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու հրամանագիր մը ստորագրած է՝ մէկ միլիառ տոլարի հասցնելով ցարդ սուրիական տագնապին յատկացուած օժանդակութիւններու գումարը:
Յայտնենք, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն ամերիկահայ քաղաքացիական, եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց ղեկավարներ, Յուլիս 17ին հեռահաղորդակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նախաձեռնած խորհրդակցութեանց, որոնց ընթացքին, ամերիկահայ ղեկավարները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էին սուրիահայութեան մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու հրատապ հրամայականին վրայ: Շեշտը դրուած էր յատկապէս հետեւեալ կէտերուն վրայ.
1. Ապահովել հաւասարակշռեալ եւ կարիքի հիման վրայ հաստատուած օժանդակութեանց բաշխում՝ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն, ներառեալ Հալէպի, ուր կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր եւ այլ քրիստոնեաներ.
2. Կանխարգիլել քաղաքներու շրջափակումները, ինչպէս տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ.
3. Յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանէն ներս գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, օժանդակութիւն տրամադրեն Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն.
4. Օժանդակութեան ձեռք երկարել Հայց. եկեղեցւոյ եւ Լիբանանէն ներս գործող մարդասիրական կազմակերպութեանց, որպէսզի անոնք եւս օժանդակութիւն տրամադրեն Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն:
Ամերիկահայ գաղութը, ինչպէս աշխարհի տարածքին հայկական այլ գաղութներ, սեփական միջոցներով եւ միացեալ ջանքերով իր ներդրումը կը բերէ սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու աշխատանքներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ շարունակական կապի մէջ է քոնկրեսականներու հետ, որպէսզի անոնք տեղեակ ըլլան սուրիահայութեան եւ Սուրիոյ այլ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին ու հարկաւոր օժանդակութիւնները ապահովեն պատերազմական գօտիէն ներս գտնուողներուն եւ գաղթականներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.