Արեւմտահայաստանի Սուրբ Դաւիթ Վանքը Կը Կարօտի Վերականգման. լուսանկարներ

Թէեւ Երզնկայի Դերջան գաւառին ենթակայ Ուչփընար գիւղին մէջ գտնուող եւ Արեւմտեան Հայաստանի ամենաամուր հայկական վանքերէն մէկը եղող Սուրբ Դաւիթ (Ապրանք) վանքը ենթարկուած է բազում աւերածութիւններու, սակայն վանքի եկեղեցին, մատուռը եւ երկու հսկայական խաչքարերը դեռ կանգուն են: Այդ մասին, Akunq.net-ի փոխանցմամբ, կը յայտնէ ‘Ozgurdersim.com’ կայքէջի թղթակից Էրջան Թօփաչը:

Աղբիւրին համաձայն` Ուչփընար գիւղի Վանք լերան վրայ գտնուող սոյն կառոյցը 19-րդ դարուն եղած է այս շրջանի հոգեւոր կեդրոնը: Վանքի 2 խաչքարերը ամենամեծն են այդ տարածաշրջանին մէջ: Ինչպէս կը շեշտէ թղթակիցը, խաչքարերուն վրայ առկայ են բազմաթիւ հայերէն գրութիւններ: 4 մեթր բարձրութիւն եւ 1 մեթր լայնութիւն ունեցող խաչքարերէն մէկուն վրայ փորագրուած են 1191, իսկ միւսին 1194 թուականները, այսինքն, ինչպէս կ՛ընդգծէ թղթակիցը, սոյն խաչքարերը առնուազն 800-ամեայ գաղտնիք կը պարունակեն: Թղթակիցին փոխանցմամբ` վանքը կ՛ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներէն Իսմայիլ Եոլերին թղթակից Թօփաչի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է. «Երբ եկանք այստեղ, հանդիպեցանք պատմական գեղեցկութեան մը: Սակայն անոր մէկ հատուածը աւերուած էր գանձախոյզներու կողմէ: Հարկ է, յանուն զբօսաշրջութեան զարգացման, հնարաւորինս շուտ վերականգնել այս վանքը»:

Թղթակիցը զրուցած է նաեւ լուսանկարիչ Մալիք Քայայի հետ, որ, մասնաւորապէս, ըսած է. «Միով բանիւ` հիասքանչ վայր է: Մէկ ու կէս ժամ է` այստեղ ենք: Այստեղ կրնանք առնուազն 1 շաբաթ մնալ եւ լուսանկարներ ընել: Շատ բան կայ լուսանկարելու: Ոգեւորուած եմ, որ այսպիսի բան մը կը տեսնեմ: Քանի որ նոր վայր մը իմ լուսանկարչական խցիկովս կ՛անմահացնեմ: Սակայն մէկ կողմէ ալ կը ցաւիմ, որ այստեղ փոսեր փոռուած են: Հարկ է, որ իրաւասուները ժամ առաջ պահպանութեան տակ առնեն այս յուշարձանը եւ վերականգնեն զայն»:

Թղթակիցը կը յայտնէ նաեւ, որ ըստ պատմական աղբիւրներու` 1800-ականներու վերջերը բազմաթիւ ալեւիներ Տէրսիմէն աքսորուած են այս շրջան:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.