Զարաքօլուի Հրատարակչատունը՝ Փակման Եզրին


ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Օգոստոս 1ին, «Սիվիլնեթ» կը տեղեկացնէ, թէ թուրք լրագրող, հրատարակիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը լուրջ դժուարութեանց դիմաց կը գտնուի ու կրնայ նոյնիսկ փակուիլ, ինչ որ հարուած մը պիտի հասցնէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն:
Ըստ Պոլսոյ «Հայթերթ» կայքին՝ արդէն իսկ ոչ նախանձելի տնտեսական պայմաններու մէջ գտնուող հրատարակչատան գործերը վերջին երկու տարիներուն աւելի վատթարացած են:
Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական հռչակուած քրտական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան մեղադրանքով, 2011ին ձերբակալուած էին Ռակըպ Զարաքօլուն եւ անոր որդին՝ հրատարակչատան կառավարիչ Տենիզ Զարաքօլուն: Թէեւ Ռակըպ ազատ արձակուած է, սակայն որդին կը շարունակէ բանտարկուած մնալ: Աւելին. վերջերս հրատարակչատունը կը դիմագրաւէ նաեւ այլ խնդիրներ: Օրինակ, անոր պահեստարանը ջուրով ողողուած է՝ մեծ վնաս հասցնելով գիրքերուն:
«Հայթերթ»ը իր ընթերցողներուն կ՛առաջարկէ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել «Պելկէ» հրատարակչատան:
Աւելի կանուխ, Զարաքօլու նշած էր, թէ իշխանութեանց կողմէ իրեն վրայ ճնշում գործադրելու ձեւը փոխուած է ու այժմ կը փորձուի տնտեսապէս հարուածել հրատարակչատունը: Օրինակի համար, թրքական շարք մը գրախանութներ չեն փափաքիր վաճառել «Պելկէ»ի հրատարակած գիրքերը:
«Պելկէ»ն թրքական այն եզակի հրատարակչատունն է, որ թուրք ընթերցողին գիրքեր կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած շարք մը նիւթերու վերաբերեալ: Հրատարակչատունը գիրքեր հրատարակած է հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.