ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔՈՒՈՂ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԴԱԴՐԻԼ


US-Congress-1

Միացեալ  Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան  ենթայանձնաժողովը , որ պատասխանատու է  2014 թուականի  ելեւմտական  տարուան    օտարերկրեայ    օգնութեան վերաբերեալ նախագիծին համար,  առաջնահերթութիւնը տուած է   Սուրիոյ    հակամարտութեան:  Վերջին քսան տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով  ցանկէն դուրս  կը մնան  Կովկասի երկիրները:  Օրինագիծը հաստատուելու պարագային,  Հայաստան եւ Արցախ  պիտի զրկուին  ամերիկեան ամենամեայ  օժանդակութիւններէն:

Օրինագիծի     հետ ներկայացուած   տեղեկագիրը զգալի ուշադրութիւն դարձուցած է  Միջին Արեւելքի մէջ մարդասիրական  օժանդակութիւններուն՝ արաբական գարնան եւ Սուրիոյ հակամարտութեան:  Տեղեկագիրը կ’արձանագրէ, թէ  միջինարեւելեան  երկիրներու մէջ աւելցած են քրիստոնեաներու եւ այլ  փոքրամասնութիւններու տագնապները: Ենթայանձնաժողովը  պետական  քարտուղարութեան կոչ կ’ուղղէ մարդասիրական օգնութիւն  ցուցաբերել այդ   երկիրներու  փոքրամասնութիւններուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.