Նիւ Սաութ Ուէյլզի Եւ Արցախի Միջեւ Կապերու Ամրապնդման Առնչուող Քննարկում


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Յուլիսին ընդունած է Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգի պաշտօնական պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Նիւ Սաութ Ուէյլզի եւ Արցախի միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ Արցախին սատարելու եւ անոր անկախութիւնը փաստացի կերպով ճանչնալուն համար՝ աւելցնելով, որ ասիկա կարեւոր քաղաքական ու բարոյական քայլ էր Արցախի միջազգային ճանաչման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման տեսանկիւններէ: Երկուստ;ք նշուած են փոխգործակցութեան համար առկայ բոլոր անհրաժեշտ պայմաններու առկայութիւնը եւ այս ուղղութեամբ աշխատելու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպման մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Արթուր Թովմասեանը, Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկանդարեանը, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Նոյն օրը պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին Հայ-աւստրալական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճոնաթան Օտի յայտնած է. «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի երկրի միւս նահանգներու խորհրդարանները եւս ընդունին նման բանաձեւեր»: Անոր համաձայն, պէտք է աշխատանք տանիլ, որպէսզի միւս նահանգները եւս բանաձեւով դիմեն կեդրոնական իշխանութիւններուն՝ յորդորելով ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Աշոտ Ղուլեան իր կարգին նշած է, որ միայն ժողովրդավարական չափանիշները ճիշդ կերպով ընկալող մարդիկ ու կառավարման մարմինները կրնան նման գնահատելի քայլի դիմել՝ կարեւոր նկատելով ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքը: Յոյս յայտնելով, որ բաւական հեռանկարային համագործակցութիւն կը ծաւալի երկու խորհրդարանններուն միջեւ, Ազգային ժողովի նախագահը յայտնած է, որ այդ տեսլականով յառաջիկային պիտի մշակուի ու կեանքի կոչուի փոխադարձ յարաբերութիւններու ու փոխգործակցութեան ծրագիր:
Հանդիպման ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւններու ղեկավարներ Գագիկ Պետրոսեանը եւ Արմէն Սարգսեանը, Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկենդերեանը, պատուիրակութեան Երեւանէն ուղեկցող Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.