ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՄԷՆ ԱՄԻՍ ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ 5 ՀԱԶԱՐ ՀՈԳԻ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ


 

 

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, որ կը մեղադրուի Սուրիոյ ներքին պատերազմի հարցով իր պատասխանատուութիւնները չիրականացնելու ամբաստանութեամբ, Յուլիս 16-ին նիստ մը գումարեց, քննարկելով Սուրիոյ բախումներու հետեւանքով ժողովուրդի կրած վնասներու եւ մարդկային կորուստներու հարցը։

Հաղորդուեցաւ որ ներքին պատերազմի պատճառով ամէն ամիս Սուրիոյ մէջ աւելի քան 5000 անձեր իրենց կեանքը կը կորսնցնեն, իսկ 6000 անձեր ալ ապաստան կը գտնեն դրացի երկիրներու մէջ։ Բախումներու հետեւանքով երկրէն փախուստ տուած են մօտաւորապէս 1.8 միլիոն հայրենակիցներ։

Վիճակագրական տուեալներով, Սուրիոյ քաղաքական պատերազմը Րուանտայի ողբերգութենէն ետք ապրուած ամէնէն խիստ մարդկային ճգնաժամն է։ Եթէ միջոցառումներ չորդեգրուին, ամբողջ տարածքաշրջանը կրնայ դէմ յանդիման մնալ մեծ վտանգի հետ, իր ծանր հետեւանքներով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.