Թուրքիոյ 1980-ի զինուորական հարուածի նախօրեակին, Քէնան Էվրէնի տեեղեկագրին մէջ գրուած է «1915Ի ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱՒՈՐ ՈՒ ԱՐԴԱՐԱՑԻ ԷՐ»


 

 

Յուլիս 12-ին, «Րատիքալ»ի համացանցի կայքէջին վրայ Մէսուտ Հասան Պէնլիի ստորագրութեամբ հրատարակուած է ցնցիչ յօդուած մը որ կը մերկացնէ Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ 12 Սեպտեմբեր 1980-ի պետական հարուածէն կարճ ժամանակ առաջ պատրաստուած տեղեկագրի մը մանրամասնութիւնները։ Այս տեղեկագիրը ամբողջովին դէմ է երկրի փոքրամասնութիւններուն, մանաւանդ Հայերուն, որոնք ծանր բառերով դաւաճան կը հռչակուին եւ կը նկատուին ներքին թշնամիներ։ Արդարեւ տեղեկագիրը արդէն նուիրուած է «Թուրքիոյ ուղղեալ ներքին վտանգ» թէմային եւ այս տեղեկագիրը, որ տարիներ վերջ 12 Սեպտեմբերի դատավարութեան ընթացքին դատարան պիտի յղուէր որպէս փաստ, պատրաստուած էր որպէս «Շատ գաղտնի փաստաթուղթ« ու պետական հարուածէն երեք ամիս առաջ զինուորական բոլոր միաւորներուն ղրկուած էր Սպայակոյտի Նախագահ Քէնան Էվրէնի ստորագրութեամբ։ Այս տեղեկագրէն երեք ամիս վերջ դարձեալ Քէնան Էվրէնի առաջնորդութեամբ պիտի իրականանար պետական հարուածը, պիտի տապալէր Սիւլէյման Տէմիրէլի կառավարութիւնը ու երկրին մէջ պիտի հաստատուէր զինուորականներու գերիշխանութիւնը։

Ամէնէն ուշագրաւն ու շշմեցուցիչը այն է սակայն, որ տեղեկագիրը կը պնդէ, որ 1915-ի տարագրութիւնը ու Հայերու դէմ կազմակերպուած տեղահանութիւնը արդար էր ու իրաւացի։ Հայերու յանցանքով է որ այդ շրջանին պատահեցան մահեր ու կորուստներ։ Իսկ այն պնդումը թէ Հայերը մէկուկէս միլիոն մարդ կորսնցուցին, սուտ է։ Հայերու կորուստը 50-100ի (հաւանաբար 50 հազար ըսել կ՚ուզուի) միջեւ է։ Թուրքերը աւելի մեծ թիւով կորուստներ ունեցած են։

Այս տեղեկագիրը, որ Քէնան Էվրէնի ստորագրութեամբ պատրաստուած, ապա դարձեալ Քէնան Էվրէնի առաջնորդութեամբ իրականացած Պետական Հարուածին համար իբր հիմ գործածուած է, նոյն դասական ու պաշտօնական պնդումները կ՚ընդգրկէ։ Հոն, երբ կը պատմուի Հայկական հարցի պատմական զարգացումը, կ՚ըսուի հետեւեալը.

«1913-ին Հայկական հարցը դարձեալ օրակարգի եկաւ, իսկ 1914-1915 թուականներուն Հայկական հրոսախումբեր Արեւելեան Ճակատի վրայ շարունակ կը գործակցէին Ռուսերուն, յարձակումներ կը կազմակերպէին Թուրք-Մահմետական ժողովուրդին վրայ։ Այս պատահարները փոխադարձաբար շարունակուեցան մինչեւ 1918։ Եւ Հայ «կոմիտաճի»ներու անխորհուրդ, նաեւ Եւրոպական Պետութիւններու անմարդկային մերձեցումին հետեւանքով հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցին»։

Րատիքալ-ի թղթակցութիւնը կը նշէ որ այս կերպով տեղեկագիրը օրէնքներու հաշտ ու իրաւացի կը նկատէր Հայերու տարագրութիւնը որու ընթացքին մէկուկէս միլիոն Հայեր իրենց կեանքը կորսնցուցին։ Տեղեկագիրը սապէս կը գրէր.

«Ա. Աշխահամարտի ընթացքին Օսմանեան բանակը, Հայերու դաւաճանութեան ու Հայերու գործած ոճիրներուն սաստկանալուն հետեւանքով նեղ կացութեան մատնուած էր, ուստի անհրաժեշտութիւնը ծագեցաւ Հայերը պատերազմական շրջաններէն աւելի հեռու փոխադրելու։ Այս որոշումը այդ շրջանի օրէնսգիտութեան յարմար էր ու օրինաւոր, նաեւ արդարացի որոշում էր։ Բացի ատկէ, Հայերու կորուստը մէկուկէս միլիոն չէր, 50-100ի շուրջ էր։ Իսկ Թուրքերու կորուստը ասկէ շատ աւելի էր։ Եւ պէտք է նկատի առնել որ այս դէպքերը կը պատահէին Օսմանեան հողերուն վրայ որոնք Թուրքերուն կը պատկանէին»։

Այսպէս, տեղեկագիրը, արդարացնելէ վերջ 1915-ի տեղահանութիւնն ու սպանդները,  ազդարարութիւններ կ՚ուղղէր Թուրքիոյ մէջ նոր ժամանակներու ընթացքին Հայերու գործունէութեան շուրջ եւս։ Սապէս կը գրէր.

«Այսօր ալ հաւանական է որ Հայերը, որոնք երբեք չկրցան ըմբռնել որ իրենց պապերը զոհ գացին Եւրոպական պետութիւններու քաղաքականութեան, այդ շրջանի գրգռիչ հրատարակութիւններուն ազդեցութեան տակ ալ մնալով, նոյն խաղին կ՚ենթարկուին որպէս այսօրուան պատահարներու դերակատարներ։ Անոնք, փոխանակ ճշդելու իրաւ յանցաւորները, կը յարձակին անմեղ Թուրք քաղաքագէտներու վրայ ու կը խառնուին ահաբեկչական արարքներու։ Մեր երկրին մէջ Հայերու թիւը մօտաւորապէս 60 հազար է, 45 հազարը Իսթանպուլի, 15 հազարը Անատոլուի մէջ։ Անատոլուի Հայերը ընդհանրապէս կը բնակին Հաթայ, Մարտին, Սղերդ եւ Ուրֆա նահանգներուն մէջ»։

Տեղեկագիրը անպատեհ կը նկատէ նաեւ Իսթանպուլի Հայոց Եկեղեցիին անդամներուն գործունէութիւնը եւ կը գրէ հետեւեալը.

«Կը լսուի որ վերջին տարիներու ընթացքին Հայոց Եկեղեցիի անդամները կարգ մը գործունէութիւններու մէջ մտած են։ 1967-էն սկսեալ Արեւելեան Անատոլուի Հայերը սկսան գաղթել դէպի Իսթանպուլ։ Այս գաղթին մէջ իր դերը ունէր նաեւ Թուրք-Հելլէն անհամաձայնութիւնն ու Վարդոյի երկրաշարժը։  Այս կարգով Իսթանպուլ բերուած չքաւոր Հայ մանուկները ուսում ստացան ու պատրաստուեցան Արամեան-Ունճեան եւ Անարատ Յղութիւն վարժարաններուն մէջ։ Այս գաղթերու ընթացքին Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարանը ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեց գաղթական տղոց չքաւորութեան վրայ ու նիւթը չարաշահելու աշխատանքի մը մէջ մտաւ։ Տպաւորութիւնն այն է որ Իսթանպուլի Պատրիարքարանը կ՚ուզէ բոլոր Հայերը հաւաքել Իսթանպուլի մէջ ու ապահովել Հայութեան գոյատեւումը։ Պատրիարքարանի գործունէութեան գծով, Գումգաբուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից մասերը տրամադրուեցան գաղթական մանուկներու կեցութեան, որոշուեցաւ որ անոնք կրթուին Հայկական վարժարաններու մէջ։ Ընտրուած կարգ մը աշակերտներ ալ ղրկուեցան Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքը կամ Երուսաղէմի Դպրեվանքը։ Հայերը կը քաջալերուէին նաեւ որպէսզի իրենց անունները վերադարձնեն Հայկական անուններու»։

Տեղեկագիրը տակաւին կը խօսի Հայ-Քիւրտ գործակցութեան մասին։ 1979-ի սկիզբները  արտասահմանի մէջ կարգ մը Հայեր ճիգ կը վատնէին որպէսզի անոնք Քրտական շարժումի կողմնակիցներէն անցագիր ստանան։ »Պայման է որ ամէն գնով արգելք ըլլանք Հայերու այս ոտնձգութիւններուն ու անոնց կողմէ կատարելի ոճիրներուն« ըսուած է տեղեկագրին մէջ։

Տեղեկագիրը կ՚աւելցնէ որ Յոյներն ալ տակաւին կը շարունակեն վտանգ ներկայացնել։ Գալով Ասորիներուն, պէտք է ուշադրութեամբ հետեւիլ նաեւ անոնց գործունէութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.