ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԹՈՒՐՔ ԳԱՂՏՆԻ ԳՈՐԾԱԿԱԼ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԱԾ Է


 

Սուրիական բանակը Հալէպի մէջ ձերբակալած է Խալէտ Հայանի անունով մէկը, որ «Լաւա Շոհատա Պատր» ահաբեկչական խմբակին ղեկավարը կը նկատուի: Սուրիական գաղտնի գործակալութեան շրջանակները յայտնած են, որ ան կը գործէր Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութեան հաշւոյն եւ թէ Հալէպի բազմաթիւ գործատուներէն կազմածներ ու սարքեր գողնալով Թուրքիա փոխադրած է: Ան նաեւ պատասխանատու կը նկատւի Աշրաֆիյէհի, Սորիանի, Շէյհանի եւ Սապիլի մէջ գործուած մահաբեր բազմաթիւ արարքներու:

Միւս կողմէ, ըստ Սուրիայէն հասած վերջին լուրերուն, Ասատի հաւատարիմ ուժերը լուրջ յառաջխաղացք արձանագրած են Հալէպի մէջ: Անոնք հրետանիին եւ օդուժին զօրակցութեամբ յառաջացած են Զոպտիէհ եւ Սէյֆ ալ-Տոլէհ շրջաններուն մէջ: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.