Քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ Մոնթրէալի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնին, շաբաթ, 25 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Մարիո Պոլիոյի եւ Ալեքսանտր Պուլէրիսի, Քեպէգի խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Սելին Հայթայեանի, Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի, Միշէլ Սեթլաքուէի, Անտրէ Մորենի, Վիրժինի Տուֆուրի եւ Անտրէս Ֆոնդէսիլայի, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Վանա Նազարեանի, Արէֆ Սալէմի, Ալան Տեսուսայի, Անի Կանիէի, Մարդին Մուսօ Մուէլէի, Միլանի Թիակարաժայի, Վիքթոր էսբոզիթոյի եւ Մուոտ Թերու Սէկինի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Սեդա Թօփուզեանի, Վասիլիոս Քարիտոկիանիսի եւ Անիք Պրունէթի, քաղաքական գործիչ Ֆիլիփ Շնուպի, Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գաբրիէլ Քհն. Վարդանեանի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Կոմիտաս Քհն. Միրզախանեանի, Վերապատուելի Մհեր Խաչիկեանի, Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Ճորճ Տապոյի, Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական համայնքի Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեանի, պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Մոնթրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքի հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտներու դրօշակներով մուտքով, ՀԲԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ, որմէ ետք հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները: Օրուան հանդիսավարն էր ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Շարիս Մալեանց, որ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Խօսք առաւ ՀԲԸՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի գործադիր խորհուրդի ատենապետ եւ Ալեք Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Թանաշեան, որ ըսաւ. «Երբ ցեղասպանութեան մը ուրացումը կը շարունակուի առանց հետեւանքի, աշխարհին վտանգաւոր պատգամ մը կու տայ։ Անիկա կը թելադրէ, թէ այսպիսի ահաւոր տարողութեամբ յանցագործութիւններ կարելի է գործել, ապա յամառութեամբ եւ քաղաքականութեան քմահաճութեամբ ջնջել՝ առանց պատասխանատուութեան ենթարկուելու։ Միջազգային իրաւունքը վտանգի կ՚ենթարկուի՝ վերածուելով այնպիսի համակարգի մը, ուր ուժը կը գերակշռէ ճշմարտութեան: Արցախի վերջին դէպքերը այս իրողութեան ողբերգական օրինակն են։ Հայերը հոն ապրած են հազարամեակներ, իսկ այսօր ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահանուած է, արմատախիլ եղած իր նախնիներու հողէն։ Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ, պարզապէս հակամարտութեան մէկ դրուագ չէ. անիկա ժողովուրդի մը կանխամտածուած բնաջնջումն է: Հետեւաբար յիշելը անհրաժեշտ է, բայց բաւարար չէ։ Վերջնական նպատակը պէտք է մնայ արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ ապագային նման ոճիրներու կանխարգիլումը»:
Քեպէգի Հայ դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Պարոյր Ծովիկեան, որ իր խօսքի աւարտին կոչով հանդէս եկաւ, ըսելով. «Մենք կոչ կ’ուղղենք Գանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կանխելու եւ անոր դէմ պայքարելու նպատակով՝ օրէնքի որդեգրման, արցախահայութեան անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի ճանաչման եւ պաշտպանութեան, միջազգային իրաւունքի խախտումներուն համար պատժամիջոցներու գործադրման՝ յարձակող կողմերուն դէմ եւ տեղական պետական մարմիններուն կողմէ հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման համար՝ նոր յանձնառութեան ստանձնումի: Ասոնք անցեալի պահանջներ չեն․ ասոնք կայուն ապագայի պայմաններ են»:
Հանդիսավար Մալեանց ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Մարգ Քարնիի եւ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ եւ խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմութեան ղեկավար Փիեռ Փուալիեւրի ուղերձները՝ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առթիւ, ապա հերթաբար խօսք առին Bloc Québécois-ի կողմէ Մարիո Պոլիո, New Democratic Party-ի կողմէ Ալեքսանտր Պուլերիս, Coalition Avenir Québec-ի կողմէ Սելին Հայթայեան, Parti Liberal de Québec-ի կողմէ Անտրէ Մորին եւ Միշէլ Սեթաքուի, Québec Solidaire-ի կողմէ Անտրէս Ֆոնդէսիլա, Parti Quebecois-ի կողմէ Ֆիլիփ Շնուպ, Քեպէգի խորհրդարանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Ensemble Montreal-ի կողմէ Վանա Նազարեան, Projet Montreal-ի կողմէ Մարդին Մուսօ Մուէլ եւ Mouvement Lavallois-ի կողմէ Սեդա Թօփուզեան, որոնք բոլորը շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար հատուցման ի խնդիր, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգ վերադարձի երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ վեր առին գանատահայութեան համարկումն ու ներգրաւուածութիւնը Գանատայի քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ, միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեցին հայ համայնքին՝ շարունակելու պայքարը յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան:
Օրուան բանախօսն էր Ազատական կուսակցութեան եւ Գանատայի ընդդիմութեան նախկին ղեկավար, ինչպէս նաեւ Գանատայի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ նախկին դեսպան՝ Ստեֆան Տիոն, որ օրուայ պատնաճ խորհուրդին անդրադարնալէ ետք իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ ժողովրդավարութեան հիմքերու կիրառման անհրաժեշտութեան՝ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու զարգացման եւ բարելաւման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու լուծման գործընթացներու հարցով: Ան նաեւ յիշեց Արցախի հարցը եւ անդրադարձաւ իր Հայաստան այցելութեան, շեշտելով թէ Հայաստան կը համարուի տարածաշրջանի ամէնէն քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրը, եւ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, որ կարենան աւելի արդար ու ժողովրդավար պետութիւններ կերտել, որպէսզի օր մը կարենան Հայաստանի հետ արդար լուծումներու յանգիլ՝ առ այսօր անլոյծ մնացած հարցերուն շուրջ: Աւարտին ան ողջունեց գանատահայութիւնը եւ բարգաւաճութիւն ու յառաջդիմութիւն մաղթեց հայ համայնքին:
Աւարտին, Քեպէգի հայ համայնքի միացեալ մարմնի անդամներուն՝ Այտա Գարիպեանի եւ Վիգէն Սարգիսեանի ձեռամբ, արուեստագէտ Մայքըլ Արամի՝ Արարատի ստորոտին հանգչած Նոյեան տապանի ձեռակերտը նուիրուեցաւ բանախօսին: Նշենք, որ միջոցին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան «Անդաստան» ասմունքով, Ալեք Մանուկեան վարժարանի երգչախումբը՝ փունջ մեր երգերով, Համազգայինի Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը՝ երկու պարով եւ Թենի Քէշիշեան՝ ջութակի նուագակցութեամբ:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ «Հորիզոն»-ի եւ Մայք Թաշճեանի