Փաշինեան դատական հայց ներկայացուց ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն դէմ

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան դատական հայց ներկայացուցած է «Երեւան Թուտէյ» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի եւ «Հայելի» մամուլի ակումբին դէմ՝ պահանջելով հրապարակային հերքում եւ դրամական փոխհատուցում։

«Տաթալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգին մէջ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն՝ հայցը ներկայացուած է նաեւ «Երեւան Թուտէյ» լրատուական կայքին սեփականատէր «Մետիա Փլաս» ընկերութեան դէմ։ Փաշինեան կը պահանջէ հերքել 19 եւ 20 նոյեմբերին կատարուած հրապարակումներուն մէջ տեղ գտած՝ բարձր մակարդակի թալանին եւ փտածութեան վերաբերող արտայայտութիւնները։

Հրապարակային հերքումէն բացի, Փաշինեան կը պահանջէ հինգ միլիոն դրամի փոխհատուցում։ Դատական հայցը քննութեան ընդունուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ տակաւին չկան։

Վարչապետին կողմէ իշխանութիւններուն նկատմամբ քննադատական կեցուածքով յայտնի լրատուամիջոցներու դէմ ներկայացուած դատական այս հայցը կը վերարծարծէ Հայաստանի մէջ մամուլի ազատութեան եւ քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ հանրային վերահսկողութեան վերաբերող մտահոգութիւնները։

Յատկապէս դրամական մեծածաւալ փոխհատուցումներու պահանջով նման դատական գործընթացներու նախաձեռնումը կրնայ զսպող ազդեցութիւն ունենալ լրագրողական գործունէութեան վրայ։