Հայ Դատի յանձնախումբի եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպեցան Հայաստանի մէջ Գանատայի նորանշանակ դեսպանին
- (0)

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Երկուշաբթի, 23 նոյեմբեր 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայաստանի մէջ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ժիւլի Քրաուլիի հետ՝ մասնակցութեամբ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի (ANC-International), Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCC) եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANC Quebec) ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Համազգայինի եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) Գանատայի Շրջանային վարչութիւններու եւ ազգային-եկեղեցական մարմիններու ներկայացուցիչները։
Հանդիպումը առաջինն էր դեսպան Քրաուլիի հետ՝ 6 օգոստոս 2026-ին անոր նշանակման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք, եւ առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, Հայաստանի եւ արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ գանատահայ համայնքը յուզող շարք մը առաջնահերթ հարցեր։
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի ներկայացուցիչները դեսպանին ներկայացուցին իրենց քաղաքական առաջնահերթութիւնները՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն առնչուող բազմաթիւ հարցերուն, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութեան։ Քննարկուեցան նաեւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական զարգացումները, շրջանի անվտանգութեան առնչուող մտահոգութիւնները եւ Գանատայի ու Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու շարունակական խորացման կարեւորութիւնը։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները ընդգծեցին նաեւ գանատահայ համայնքին վերաբերող հարցերուն նկատմամբ հետեւողական ուշադրութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ Գանատայի դեսպանութեան հետ մնայուն կապերն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ գանատահայութեան շահերու պաշտպանութեան։
Իր կարգին, դեսպան Քրաուլի անդրադարձաւ արծարծուած հարցերուն, ներկայացուց Գանատա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացիկ զարգացումներն ու համագործակցութեան հեռանկարները։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու գործակցութիւնը Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ գանատահայ համայնքի լայն շրջանակներուն հետ։
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ դեսպանին ծանօթացնելու գանատահայ համայնքի բազմաբնոյթ գործունէութիւնը եւ անոր ազգային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական ու երիտասարդական կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող քոյր կազմակերպութիւններուն աշխատանքները։ Ներկայացուեցաւ այդ կառոյցներուն ունեցած կարեւոր ներդրումը հայապահպանման, համայնքային կեանքի զարգացման եւ հայ-գանատական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ փոխադարձ կապերու պահպանման եւ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ գանատահայ համայնքին ու դեսպանութեան միջեւ գործակցութեան խորացման։