ՀՅԴ-ն վճռականօրէն կը մերժէ արտաքին պարտադրանքով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու նախաձեռնութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան վճռականօրէն մերժեց նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէին շուրջ ընդդիմութեան հետ քաղաքական համաձայնութեան մը հասնելու Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի հիմնական օրէնքը չի կրնար վերաշարադրուիլ թշնամական պետութեան ղեկավարին պահանջով։
Փաշինեան, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար ընդդիմադիր պատգամաւորներու վեց յաւելեալ քուէներուն կարիքը ունի, առաջարկած է իր քաղաքական ապագան կապել հանրաքուէի արդիւնքներուն։ Ան խոստացած է հրաժարական տալ՝ նախագիծի մերժման պարագային, իսկ անոր վաւերացման պարագային՝ յաջորդ ընտրութիւններէն ետք վարչապետի պաշտօնին չյաւակնիլ։
Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ Փաշինեան հանրային լիազօրութիւն չէ ստացած Ալիեւի պահանջով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու համար։ Ան նաեւ շեշտեց, որ իշխանութիւններուն գործադրած վարչական ճնշումներու, պատերազմի սպառնալիքներու եւ հասարակութեան մէջ ստեղծուած վախի մթնոլորտին պայմաններուն մէջ կարելի չէ ազատ հանրաքուէ կազմակերպել։
Իր կարգին, ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ ներկայացուած նախագիծը Հայաստանի պետականութեան ազգային, պատմական եւ գաղափարական հիմքերը վերանայելու փորձ մըն է։ Ան ընդգծեց, որ պետական համակարգի իսկական բարեփոխումները պէտք է բխին Հայաստանի շահերէն, ունենան հասարակական լայն համախոհութիւն եւ զերծ ըլլան արտաքին պարտադրանքներէ։
Նոր Սահմանադրութեան նախագիծին նախաբանէն Անկախութեան հռչակագիրին յղումին հեռացումը կը բաւարարէ Պաքուի երկարամեայ հիմնական պահանջներէն մէկը։
ՀՅԴ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին այս գործընթացին ընդդիմանալու իրենց վճռակամութիւնը՝ Հայաստանի ինքնիշխան կամքի արտայայտութիւնը նկատելով երկրի հիմնական օրէնքը։