Վայելք պարգեւող նախաձեռնութիւն մը

Գանատայի հայ կեանքին մէջ յատկանշական երեւոյթ մըն է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորած Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքը, որուն տասներորդ եռամսեակը աւարտեցաւ այս 2026 տարուան մայիս 9-ին՝ փակելով իր հնգամեակը, որ սկսած էր 2020-ին, սակայն համաճարակին պատճառաւ տարի մը ընդհատուած էր։

Ի սկզբանէ դասընթացքին նպատակն էր ամրապնդել արեւմտահայերէնի իմացութիւնը անոնց, որոնք յաճախած են հայկական երկրորդական վարժարան եւ կ՚ուզեն աւելի լաւ տիրապետել իրենց մայրենի լեզուին։ Անոնց կողքին դասընթացքին փափաքեցան հետեւիլ նաեւ ուրիշներ, որոնք դասաւանդուած նիւթերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն մը ունէին։

Այդ նիւթերը կ՚առնչուէին հայ գրականութեան, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, նոյնիսկ այլ մարզերու, ինչպէս գիտական, բժշկական, կազմակերպական, որոնց միջոցաւ եւս հայերէնի բառապաշարը հարստացնելու կարելիութիւնը կ՚ընծայուէր դասընթացքին հետեւողներուն։ Յիշենք անոնց վերջին երկուքը՝ «Հայաստանցի պանդուխտի տիպարը եւ պոլսահայ իրապաշտ նկարիչները» (տրուած Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեանի կողմէ, Լոնտոնէն) եւ «Խորհրդապաշտութիւնը եւ հայ գրականութիւնը» (Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ՝ Փարիզէն։)։

Գիրգոր Պլըտեան

Այս տասը եռամսեակներուն, տեղւոյն ուժերուն կողքին, վերոյիշեալներէն զատ աշխարհի տարբեր երկիրներէ դասախօսելու հրաւիրուեցան Վեհանոյշ Թեքեան, Լիզա Կիւլեսէրեան, Յակոբ Կիւլիւճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Դաւիթ Մոսինեան, Խաչիկ Մուրատեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Մարկ Նշանեան, Դալար Շահինեան, Վահէ Պէրպէրեան, Կարէն Ջալլաթեան, Սեւան (այժմ Տէր Նարեկ) Տէիրմէնճեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Միռնա Տուզճեան, Ռուբինա Փիրումեան եւ Զաքար Քէշիշեան։ Եթէ երբեմն օգտուեցանք անոնցմէ ոմանց Մոնթրէալ այցելութենէն, միւսներուն ճամբու կամ այլ ծախսերը կարելի եղած է հոգալ շնորհիւ գրասէր ազգայիններու եւ մանաւանդ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի առատաձեռն նուիրատւութիւններուն։

Այս աշխատանքը կը կազմակերպէ յատուկ յանձնախումբ մը, ներկայիս բաղկացած հինգ կամաւորներէ, որոնցմէ մէկն ալ կը հանդիսանայ դասընթացքին տնօրէնը՝ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։

Սոյն նախաձեռնութեան գլխաւոր ձեռքբերումը կը հանդիսանայ մասնակիցներու խանդավառ եւ շատերու գրեթէ մնայուն մասնակցութիւնը սկիզբէն ի վեր, անոնց միջեւ ստեղծուած մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտը, որ կը մղէ զիրենք նաեւ ներկայ գտնուելու «Համազգային»-ի այլ դասախօսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն։ Անոնք եւս խորհրդանշական գումարով իրենց բաժինը կը բերեն ծախսերուն։

Դասընթացքի իւրաքանչիւր եռամսեակ կը տեւէ 15 շաբաթ, որուն մէկը առանց դասախօսութեան՝ առիթ տալով, որ հետեւողները պատրաստեն իրենցմէ ակնկալուած գրաւոր ներկայացում մը, իրենց նախընտրած բնանիւթով։ 

Ցարդ տրուած դասաւանդութիւններու տեսանիւթերը կարելի է տեսնել YouTube-ի Hamazkayin armenolog կայքէջին վրայ, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ՝ այցելելով  armenolog.wordpress.com։

Վ-Ա.Ա.
«Հորիզոն»