«Սփիւռքի վերակազմակերպումը այսօր դարձած է անյետաձգելի հրամայական». հարցազրոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Ինչ­պէս ծա­նօթ է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, 11-16 ­Մար­տին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի թե­մին։ «Ս­փիւռ­քի Բ. տա­րո­ւան» ա­ռի­թով, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ձեռ­նար­կած է հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու բո­լոր թե­մե­րէն ներս, ա­ռա­ջին կա­յա­նը ընտ­րե­լով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մը։ Իր բազ­մազ­բաղ յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին, ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց խիստ շա­հե­կան եւ կա­րե­ւոր հար­ցազ­րոյց մը տա­լու «Ա­զատ Օր»-ին։ ­Վե­հա­փա­ռը ման­րա­մասն պա­տաս­խա­նեց մեր բո­լոր հար­ցում­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նե­լով իր մտա­ծում­նե­րը, խոր­հուրդ­նե­րը եւ գնա­հա­տու­մը գա­ղութ­նե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման, հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­կե­րին առն­չու­թեամբ։

«Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը այ­սօր դար­ձած է ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան: Երբ սփիւռ­քի մա­սին կը խօ­սինք, հարկ է նկա­տի ու­նե­նանք, որ սփիւռ­քը լայ­նա­տա­րած ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է»

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ո­րո՞նք են գլխա­ւոր պատ­ճառ­նե­րը, ո­րոնք նշա­նա­ւո­րե­ցին ս­իւռ­քի երկ­րորդ տա­րուան հռչա­կու­մը:

­Նախ կ­՚ու­զեմ իմ հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւնս յայտ­նել, որ ան­գամ մը եւս կը գտնո­ւիմ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մէն ներս. այլ խօս­քով՝ մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ:
Ե­կե­ղե­ցին ժո­ղո­վուրդն է, եւ մեր նուի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է ըլ­լալ մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ, ծա­ռա­յել մեր ժո­ղո­վուր­դին: ­Վա­ւե­րա­կան, հա­րա­զատ ու հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է ժո­ղո­վուր­դը ճանչ­նալ, այն­պէս ինչ­պէս որ է ժո­ղո­վուր­դը ճանչ­նալ ա­ւե­լի մօ­տէն, եւ ի­րա­զեկ դառ­նալ ա­նոր կա­րիք­նե­րուն ու տագ­նապ­նե­րուն: ­Հե­տե­ւա­բար, ես ու­րախ եմ, որ ե­կայ այս­տեղ եւ տե­սայ ­Յու­նաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը, ա­ւե­լի մօ­տէն ճանչ­ցայ մեր ժո­ղո­վուր­դին սպա­սում­նե­րը եւ կա­րիք­նե­րը: Այս ան­գամ իմ հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ծի­րէն ներս, թե­մա­կան կազ­մա­կեր­պումն էր:
Ւն­չո՞ւ սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը: ­Վե­րա­կազ­մա­կեր­պում բա­ռը պէտք է ա­ւե­լի լայն շրջա­գի­ծի մէջ տես­նել: ­Վե­րա­կազ­մա­կեր­պում կը նշա­նա­կէ վե­րա­կա­ռու­ցում, վե­րաշ­խու­ժա­ցում, վե­րա­կեն­սա­ւո­րում, վե­րա­նո­րո­գում եւ փո­փո­խու­թիւն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին: ­Մեր գա­ղութ­նե­րը սթա­թիք, այ­սինքն ան­փո­փո­խե­լի կա­ռոյց­ներ կամ ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ չեն: ­Յատ­կա­պէս ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ մնա­յուն փո­փո­խու­թեան մէջ կ­՚ապ­րինք: ­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր կա­ռոյց­նե­րը, մեր ըմբռ­նում­նե­րը, մեր մօ­տե­ցում­նե­րը մնա­յուն կեր­պով վե­րա­նայ­ման, վե­րաքն­նու­թեան, վե­րար­ժե­ւոր­ման են­թար­կո­ւին:

Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը այ­սօր դար­ձած է ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան: Երբ սփիւռ­քի մա­սին կը խօ­սինք, հարկ է նկա­տի ու­նե­նանք, որ սփիւռ­քը լայ­նա­տա­րած ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է: Ս­փիւռ­քը այ­սօր, բազ­մա­զան եւ այ­լա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւն մըն է. սա­կայն ոչ ներ­դաշ­նակ ամ­բող­ջու­թիւն մը:

­Չենք կրնար ներ­կայ սփիւռ­քը իր վի­ճա­կին մէջ ձգել: Այ­սօ­րո­ւան սփիւռ­քը ե­րէ­կո­ւան սփիւռ­քը չէ. վա­ղը կրնայ բո­լո­րո­վին տար­բեր ըլ­լալ: ­Հե­տե­ւա­բար, ա­ռա­ջին հեր­թին սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը արթ­նու­թեան կոչ մըն է: Ս­փիւռ­քը թմբի­րի մէջ է: ­Մեզ շրջա­պա­տող ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ կ­՚ըն­թա­նան, քան թէ սփիւռ­քը: ­Պէտք է արթն­նանք, մեր ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կէն դուրս գանք: ­Չենք կրնար այ­լեւս նեղ շրջա­գի­ծե­րու մէջ ապ­րիլ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, ինչ­պէս ը­սի, այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տա­կը սփիւռ­քը արթնց­նել է: Ս­փիւռ­քի մէջ այն գի­տակ­ցու­թիւ­նը ար­մա­տաց­նել է որ մենք, որ­պէս կա­ռոյց­ներ, որ­պէս գա­ղութ­ներ ու թե­մեր, ան­յե­տաձ­գե­լի կա­րի­քը ու­նինք ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու, այլ խօս­քով, ներ­կայ աշ­խար­հին հետ քայլ պա­հե­լու: ­Մեր մտա­ծում­նե­րը, մօ­տե­ցում­նե­րը, կեն­ցա­ղա­կեր­պը, գոր­ծե­լա­կեր­պը պէտք է դառ­նան հա­մա­հունչ ներ­կայ աշ­խար­հի պայ­ման­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ու­րեմն, այն ժա­մա­նակ կրնանք հարց­նել, թէ ո­րո՞նք են սպա­սում­նե­րը եւ գործ­նա­կան ակն­կա­լիք­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր թե­մին հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ­Ձեր ծրագ­րին մէջ:

Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ մեր թե­մե­րը կա­րե­ւոր տեղ եւ դեր ու­նին: Իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ իր թե­մա­կան կա­ռոյ­ցը ու­նի: ­Գա­ղու­թին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար մաս կը կազ­մեն թե­մին, պա­հե­լով հան­դերձ ի­րենց ան­կա­խու­թիւ­նը, ա­մէն ի­մաս­տով: ­Թե­մը պէտք է ըմբռնել ա­ւե­լի լայն շրջա­գի­ծի մէջ: ­Մեր ժո­ղո­վուրդն է թե­մը: ­Ճիշդ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, թե­մե­րը սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման մէջ, կեդ­րո­նա­կան դեր ու­նին: Եւ ճիշդ ա­նոր հա­մար, ես ու­զե­ցի մեր թե­մե­րէն սկսիլ: ­Հոս եւս, անհ­րա­ժեշտ է թե­մե­րու վե­րա­կա­ռու­ցու­մը լայն ծի­րի մէջ ըմբռ­նել, կազ­մա­կեր­պել եւ գոր­ծադ­րել: Օ­րի­նա­կի հա­մար, ա­ռա­ջին հեր­թին մեր ծի­սա­կան կեան­քը կա­րիք ու­նի վե­րա­նո­րոգ­ման, մեր հո­գե­ւոր դա­սը եւս կա­րի­քը ու­նի վե­րա­կազ­մա­ւոր­ման: ­Ներ­կայ աշ­խար­հին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը չենք կրնար ան­տե­սել։ ­Ներ­կայ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը բո­լո­րո­վին տար­բեր են, ա­մէն ի­մաս­տով, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր մտայ­նու­թիւն ու­նի: Այս ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը հարկ է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տի ու­նե­նալ։ Ա­հա, թէ ին­չու թե­մի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը կը նկա­տեմ ա­ռաջ­նա­հերթ:

­Մեր թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րը պէտք է ե­րի­տա­սար­դա­նան, մեր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ու տի­կին­նե­րը ա­ւե­լի գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւն պէտք է ստանձ­նեն: Ես մեր թե­մե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ընդ­հա­նուր կեր­պով ուղ­ղու­թիւն տո­ւած եմ թե­մե­րու վե­րա­կա­կազ­մա­կերպ­ման գծով: Այս աշ­խա­տան­քին մէջ բնա­կա­նա­բար ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար­ներ կան, ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւն մը կայ, միա­ժա­մա­նակ սա­կայն թե­մէ թեմ տար­բեր է: ­Մի­ջա­վայ­րը, ներ­քին դրո­ւած­քը ու սպա­սում­նե­րը տար­բեր են: ­Հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշտ է իւ­րա­քան­չիւր թեմ իր մի­ջա­վայ­րին մէջ քննել, ար­ժե­ւո­րել եւ հա­մա­պա­տաս­խան ծրագ­րում մշա­կել, պա­հե­լով հան­դերձ մեր թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար­նե­րը, սկզբունք­նե­րը ու կա­ռոյց­նե­րը: Օ­րի­նակ, բնա­կա­նա­բար հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սը ա­մէն տեղ նոյ­նը պէտք է ըլ­լայ՝ յար­գե­լով հան­դերձ տե­ղա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ ­Թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը նկա­տեմ շատ էա­կան եւ ճիշդ ա­նոր հա­մար այս տա­րի պի­տի սկսիմ թե­մե­րու այ­ցե­լու­թիւն տալ, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր թեմ կա­րե­նայ սկսիլ ինք­զին­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծըն­թա­ցին։

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ­Ձեր այս տե­սա­կէտ­նե­րը ա­ռի­թը կու տան հե­տե­ւեալ հար­ցու­մին: ­Մենք ան­շուշտ նկա­տի ու­նինք իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի ու թե­մի իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ դուք մատ­նան­շե­ցիք՝ գոր­ծե­լա­կերպ, տար­բեր զգայ­նու­թիւն­ներ: ­Թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը կա­րե­լի՞ է, բա­ցի հա­մազ­գա­յին խնդիր­նե­րէն, որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն տես­նել, միաս­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ հա­սա­րա­կած թի­րախ­նե­րու փոխազ­դե­ցու­թեան ստեղ­ծու­մով:

Ինչ­պէս ը­սի, երբ սփիւռ­քը տես­նենք իր ընդ­հան­րու­թեան մէջ, հոն կը տես­նենք մի­ջա­վայ­րա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­ներ, տար­բե­րու­թիւն­ներ, բայց միա­ժա­մա­նակ հա­սա­րա­կաց գի­ծեր: Անհ­րա­ժեշտ է տե­ղա­կան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը պա­հել, բայց միա­ժա­մա­նակ հա­սա­րա­կաց գի­ծե­րը, ո­րոնք կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն ու կ­՚ա­պա­հո­վեն մեր ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, մեր միու­թիւ­նը պէտք է շեշ­տենք: Այ­լա­պէս, թէ՛ գա­ղութ­նե­րը, թէ՛ թե­մե­րը բո­լո­րո­վին ի­րար­մէ ան­ջատ կղզի­նե­րու կրնան վե­րա­ծո­ւիլ: ­Սա վտան­գա­ւոր է: ­Հար­ցին միւս ե­րե­սը, ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած աշ­խար­հին մէջ, մենք այ­լեւս չենք կրնար ինք­նամ­փոփ ու կղզիա­ցած կեր­պով ապ­րիլ: ­Մենք մաս կը կազ­մենք այն ըն­կե­րու­թեան, ուր կ­՚ապ­րինք եւ այդ ըն­կե­րու­թեան մէջ հա­մալ­րո­ւած ենք: ­Մին­չեւ հի­մա կրցած ենք պա­հել մեր ինք­նու­թիւ­նը ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ չա­փով, սա­կայն հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն այն­քան զօ­րեղ է, ո­րուն դի­մաց չենք կրնար պա­տեր ու ցան­կա­պա­տեր կա­ռու­ցել: Ա­նոնք շու­տով փուլ կու գան, ո­րով­հե­տեւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հո­սան­քը զօ­րեղ է: ­Փաս­տօ­րէն, հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը թա­փան­ցած է ա­մէն տեղ: Այս կա­ցու­թեան դի­մաց որ­պէս­զի մեր ինք­նու­թիւ­նը կա­րե­նանք պա­հել պէտք է հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած մօ­տե­ցում ու­նե­նանք: ­Հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը միայն տնտե­սա­կան ե­րե­ւոյթ չէ, ան մշա­կոյթ է, մտա­ծե­լա­կերպ է, կեն­ցա­ղա­կերպ է, գոր­ծե­լա­կերպ է. չենք կրնար այս բո­լո­րէն հե­ռու մնալ. պէտք է ո­րոշ չա­փով հա­մա­կեր­պինք. սա­կայն միա­ժա­մա­նակ մեր ինք­նու­թիւ­նը պէտք է պա­հենք: Ինչ­պէ՞ս կրնանք այս եր­կու­քը ի­րա­րու հետ հաշ­տեց­նել այն­պի­սի ձե­ւով, որ մէկ կող­մէն՝ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մին կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լով, կա­րե­նանք նոր սե­րուն­դը չհե­ռաց­նել մեզ­մէ, եւ միւս կող­մէն՝ մեր ինք­նու­թեան հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը պա­հել:

­Յու­նաս­տա­նի մէջ, հայ ե­րի­տա­սար­դը պի­տի գիտ­նայ, թէ ին­քը յու­նահպա­տակ է, յոյն ըն­կե­րու­թեան մաս կը կազ­մէ, բայց միա­ժա­մա­նակ ին­քը՝ հայ է: Ա­մե­րի­կա­յի մէջ կ­՚ը­սեն ափ­րի­կե­ցի-ա­մե­րի­կա­ցի, սպա­նա­ցի-ա­մե­րի­կա­ցի. ա­մե­րի­կա­ցի ըլ­լա­լը հա­սա­րա­կաց պատ­կա­նե­լիու­թիւն է, բայց այդ հա­սա­րա­կաց պատ­կա­նե­լիու­թեան մէջ, իւ­րա­քան­չիւր խումբ կամ հա­մայնք իր ինք­նու­թիւ­նը ու­նի: ­Մենք այս մօ­տե­ցու­մը պէտք է որ­դեգ­րենք վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, անց­նինք նաեւ մեր ի­րա­կա­նու­թեան եւ այն բո­լո­րին, որ դուք նշմա­րե­ցիք ­Ձեր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին: ­Թե­մի ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գը ո՞ր հիմ­նա­կան գլուխ­նե­րուն վրայ ծան­րա­ցաւ: Ի՞նչ պէտք է սպա­սել մեր գա­ղու­թա­յին կեան­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման շրջա­գի­ծէն ներս:

Անց­նող օ­րե­րու ըն­թաց­քին, ա­ռի­թը ու­նե­ցայ յա­ջոր­դա­կան հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ու թե­մա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին եւ այլ մար­մին­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ գա­ղու­թը ներ­կա­յաց­նող զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ա­ռանձ­նա­բար եւ հա­ւա­քա­բար: ­Նախ կ­՚ու­զեմ խոր գո­հու­նա­կու­թիւնս յայտ­նել, որ այ­սօր ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց գա­ղու­թը, եւ բնա­կա­նա­բար թե­մը, ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պո­ւած եւ ա­ւե­լի աշ­խոյժ, կեն­սու­նակ վի­ճա­կի մէջ է: Այ­սօր հայ կնոջ ու հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը մեր կա­ռոյց­նե­րէն ներս ա­ւե­լի նկա­տե­լի է։ Ան­ցեա­լին, հին սե­րուն­դը կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցաւ: ­Բարձր կը գնա­հա­տենք հին սե­րուն­դին դե­րը։ Ան­ցեա­լի փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ, ներ­կան պէտք է վե­րա­կազ­մա­կեր­պենք: Ես այս ճի­գը կը տես­նեմ: Ես հիա­ցայ, երբ այդ­քան գե­ղե­ցիկ հա­յե­րէ­նով եւ տրա­մա­բա­նա­կան մօ­տե­ցու­մով ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին: ­Սա պա­տա­հա­կան ե­րե­ւոյթ չէ: ­Սա կը նշա­նա­կէ թէ այս գա­ղու­թին մէջ հա­ւա­քա­կան ճիգ մը կայ, լուրջ մօ­տե­ցում մը կայ հայ ո­գին, հայ լե­զուն, հայ ար­ժէք­նե­րը, հայ մշա­կոյ­թը պա­հե­լու: ­Սա կը նշա­նա­կէ որ ե­կե­ղե­ցին, ա­կում­բը, կա­ռոյց­նե­րը, հայ դպրո­ցը, «Ա­զատ Օր»-ը՝ («Ա­զատ Օր»-ն­ ալ այ­լա­պէս դպրոց մըն է), մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած են եւ այ­սօր ու­նին, այդ բո­լո­րին պտուղն է այ­սօր՝ ինչ որ ես կը տես­նեմ: ­Բայց ե­ղա­ծով պէտք չէ բա­ւա­րա­րո­ւինք: ­Պէտք է լա­ւա­գոյ­նին ձգտինք: Ե­րէ­կո­ւան, այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան մի­ջո­ցը շատ կարճ է: Ո­րով­հե­տեւ կեան­քը այդ­քան ա­ռա­գըն­թաց կը յա­ռա­ջա­նայ, ո­րուն հետ անհ­րա­ժեշտ է քայլ պա­հել: Այս թե­մը, ինչ­պէս միւս թե­մե­րը, կա­րի­քը ու­նի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման: Եւ այդ վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը պէտք է ծրագ­րո­ւած կեր­պով կա­տա­րել, ոչ պա­րա­գա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով: Իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյց ինք­զինք վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու ու աշ­խու­ժաց­նե­լու ճի­գը պէտք է կա­տա­րէ ա­մէն ի­մաս­տով՝ օ­րա­կար­գէն սկսեալ, մին­չեւ գոր­ծե­լա­կերպ, մին­չեւ մտա­ծե­լա­կերպ: ­Սա էա­կան է ու հրա­մա­յա­կան։

­Հի­մա որ թե­մի մա­սին կը խօ­սինք, անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տեմ շեշ­տել, թէ գա­ղու­թին մէջ ե­կե­ղե­ցին կա­րե­ւոր դեր ու­նի եւ մեր կեան­քի մայր է­ջին վրայ։ Ե­կե­ղե­ցին մեր կեան­քէն հե­ռու շէնք մը չէ. ան մեր հա­մայնքն է: Ե­կե­ղե­ցին ապ­րող, գոր­ծող, ծա­ռա­յող ներ­կա­յու­թիւն է մեր կեան­քին մէջ: Ե­կե­ղեց­ւոյ հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ծա­ռա­յու­թեան մէջն է: ­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է, որ ե­կե­ղե­ցին իր շուրջ հա­մախմ­բէ մեր կա­ռոյց­նե­րը, եւ մեր կա­ռոյց­նե­րը ի­րենք պէտք է գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­քա­կան կեան­քին ու ծա­ռա­յու­թեան: ­Դար­ձեալ կ­’ու­զեմ յայտ­նել, որ թե­մե­րուն ղրկած եմ ընդ­հա­նուր ու­ղե­գի­ծին մէջ պար­զած եմ, թէ թե­մա­կան կազ­մա­կեր­պու­մը ինչ ըն­թացք պէտք է ու­նե­նայ եւ որ մար­զե­րը պէտք է դառ­նան ա­ռաջ­նա­հերթ։ Օ­րի­նակ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ շատ կա­րե­ւոր է: Ե­կե­ղե­ցին նաեւ դեր ու­նի մար­դա­կեր­տու­մի ու հա­յա­կեր­տու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: ­Հայ դպրո­ցը ե­կե­ղե­ցիէն հե­ռու չէ. ե­կե­ղե­ցին եւս հայ դպրո­ցէն հե­ռու չէ, պէտք չէ ըլ­լայ։ Այս փո­խա­դարձ կա­պե­րը եւ հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է յստա­կօ­րէն քննո­ւին եւ ճշդո­ւին: ­Կը կրկնեմ. մենք տար­բեր աշ­խար­հի մէջ կ­՚ապ­րինք, տար­բեր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած ենք, չենք կրնար ներ­կայ ի­րո­ղու­թիւ­նը ան­տե­սել: ­Մեր մօ­տե­ցու­մը պէտք է ըլ­լայ գործ­նա­պաշտ եւ ի­րա­պաշտ ու հա­մա­հունչ՝ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ու­րեմն մաս­նա­ւո­րե­լով ձեր քա­ղած պատ­կե­րը մեր գա­ղու­թի ի­րա­կա­նու­թե­նէն՝ գի­տենք, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցաք ան­գամ եւս ի­րա­զեկ դառ­նա­լու մեր գա­ղու­թի թէ՛ ազ­գա­յին, թէ՛ հո­գե­ւոր, թէ՛ կրթա­կան ու թէ՛ նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի բազ­մա­պի­սի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: Կ­՚ու­զէի քիչ մը ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նել, ա­ւե­լի ընդ­հան­րաց­նել ձեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ձեր քա­ղած պատ­կե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ:

­Գա­ղու­թէն ներս կը գոր­ծեն բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­ներ, ինչ­պէս մեր բո­լոր գա­ղութ­նե­րէն ներս։ Ե­րէկ գի­շեր, երբ հան­դի­պե­ցայ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ի­րենց յի­շե­ցու­ցի թէ դուք ի­րա­րու կ­՚ը­սէք քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ. քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն ըլ­լա­լը, կը նշա­նա­կէ միա­սին գոր­ծակ­ցիլ եւ այդ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը որ­քան սերտ ու ներ­դաշ­նակ ըլ­լայ, այն­քան կա­ռոյց­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը դառ­նայ ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ եւ ազ­դու եւ կա­ռոյց­նե­րէն ան­դին՝ մեր գա­ղու­թին կամ թե­մին հա­ւա­քա­կան կեան­քը: Ո­րե­ւէ կա­ռոյ­ցի գո­յու­թեան պատ­ճա­ռը ծա­ռա­յու­թիւնն է: Բ­նա­կա­նա­բար մեր կա­ռոյց­նե­րը տար­բեր կա­նո­նագ­րու­թիւն, տար­բեր օ­րա­կար­գեր, տար­բեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ ու­նին. բայց, վերջ ի վեր­ջոյ տեղ մը կը միա­նան ի­րա­րու: ­Միաց­ման կէ­տը մեր ընդ­հան­րա­կան կեանքն է, թե­մա­կան ու գա­ղու­թա­յին կեան­քը: Ես բո­լո­րին մօտ տե­սայ աշ­խու­ժու­թիւն ու գա­ղու­թին ծա­ռա­յե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն. միա­ժա­մա­նակ բո­լո­րին մօտ տե­սայ գի­տակ­ցու­թիւն, որ այ­լեւս մեր կա­ռոյց­նե­րը պէտք է վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւին ու վե­րա­կեն­սա­ւո­րո­ւին ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ըն­դա­ռաջ: ­Հե­տե­ւա­բար, իմ ա­ռա­ջարկս պի­տի ըլ­լայ, որ թեմ, կա­ռոյց­ներ, մար­մին­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցին, այդ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը դառ­նայ ա­ւե­լի ներ­դաշ­նակ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան: ­Սա հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է բո­լոր թե­մե­րէն ներս:

­Ձեր հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը նաեւ ա­ռի­թը ե­ղաւ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու հել­լէն պե­տա­կան բարձր ղե­կա­վա­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պե­տին հետ: Ո­րո՞նք են ձեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ յատ­կա­պէս միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու երկ­խօ­սու­թեան ծի­րէն ներս, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է տես­նել կա­պե­րու զար­գա­ցու­մը:

Ինչ­պէս գի­տէք, ա­մէն ան­գամ, որ այ­ցե­լու­թիւն տամ ­Յու­նաս­տան, ան­պայ­ման կը հան­դի­պիմ յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ ար­քե­պիս­կո­պո­սին: ­Մօ­տէն ծա­նօթ եմ ներ­կայ ար­քե­պիս­կո­պո­սին: Այս հան­դի­պում­նե­րը փրո­թո­քո­լա­յին այ­ցե­լու­թիւն­ներ չեն ե­ղած, այլ՝ ի­րա­պէս եղ­բայ­րա­կան ու բա­րե­կա­մա­կան. միա­սին գոր­ծակ­ցե­լու ճի­գը կայ միշտ, մեր մօտ: Այս ան­գամ եւս, եղ­բայ­րա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցայ: Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, հա­կա­ռակ իր յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին, ջերմ կեր­պով ըն­դու­նեց զիս, եւ միա­սին խորհր­դակ­ցու­թիւն ու­նե­ցանք մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը յու­զող հար­ցե­րու շուրջ: Այս ա­ռի­թով նաեւ ար­քե­պիս­կո­պո­սը ի պա­տիւ ին­ծի պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը սար­քեց: ­Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­պում­նե­րէն ան­դին մեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ հետ կը նկա­տեմ շատ կա­րե­ւոր: ­Մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը պատ­մու­թեան մէջ խոր ար­մատ­ներ ու­նի: Այ­սօր եւս հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­ներ ու ա­ւան­դու­թիւն­ներ կան, հա­սա­րա­կաց դատ մը ու­նինք: ­Հե­տե­ւա­բար, այս բո­լո­րին շուրջ մենք պէտք է հա­մախմ­բուինք եւ մեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կենք յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ հետ: Այս ծի­րէն ներս, ես կ­՚ու­զեմ ու­րա­խու­թեամբ ու բարձր գնա­հա­տան­քով յայտ­նել, որ ­Գե­ղամ սրբա­զա­նը, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ա­ռաջ­նոր­դը, սերտ կա­պեր հաս­տա­տած է յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ հետ:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի վար­չա­պե­տին հետ մեր ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին, նա­խա­պէս հան­դի­պած էի ի­րեն, տա­րի­ներ ա­ռաջ երբ նա­խա­րար էր: ­Վար­չա­պե­տը այ­սօր շուրջ ժամ մը ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նեց զիս, եւ հա­կա­ռակ իր բազ­մազ­բաղ վի­ճա­կին ու մա­նա­ւանդ ներ­կայ տագ­նա­պա­լից պայ­ման­նե­րուն, եւ իր փա­փա­քին ըն­դա­ռա­ջե­լով, բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք, ո­րու ըն­թաց­քին լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձանք չորս մար­զե­րու.- ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը, ­Լի­բա­նա­նը, յատ­կա­պէս նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն, ­Յու­նաս­տա­նի դե­րը ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս, եւ ­Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ: ­Շի­նիչ հան­դի­պում մըն էր։ Այս ա­ռի­թով կ­՚ու­զեմ յայտ­նել, թէ վար­չա­պե­տը յա­տուկ յար­գան­քով խօ­սե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մեր գա­ղու­թին մա­սին։ Ես հարց տո­ւի ի­րեն, թէ ար­դեօ՞ք ո­րե­ւէ ը­սե­լիք կամ դժգո­հու­թիւն ու­նի՝ մեր գա­ղու­թին առն­չո­ւած: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ը­սաւ, ու ա­ւել­ցուց՝ ե­թէ ի­րենք ինձ­մէ ո­րե­ւէ դժգո­հու­թիւն ու­նին, ի­րենք ին­ծի պէտք է ը­սեն: ­Հե­տե­ւա­բար, մեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը թէ՛ կրօ­նա­կան եւ թէ՛ պե­տա­կան մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ պէտք է շա­րու­նա­կո­ւի: ­Յու­նաս­տա­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ կա­րե­ւոր եր­կիր մըն է. կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի: ­Նաեւ ­Յու­նաս­տա­նը իր հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, ինչ­պէս ը­սի վար­չա­պե­տին, ­Յու­նաս­տա­նը նաեւ ա­րա­բա­կան, իս­լա­մա­կան աշ­խար­հին մէջ կա­րե­ւոր դեր ու­նի. եւ ա­ռա­ջար­կե­ցի, որ ­Յու­նաս­տա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը թէ՛ Եւ­րո­պա­յի, թէ՛ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ, ե՛ւ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հէն ներս ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ ու գոր­ծօն ըլ­լայ:

Ինչ­պէս գի­տէք, ե­րէկ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ դա­սա­խօ­սու­թիւն մը տո­ւի: ­Ներ­կայ փրո­ֆե­սէօր­նե­րէն ի­մա­ցայ, որ դրա­կան ար­ձա­գանգ գտած է իմ դա­սա­խօ­սու­թիւնս։ Այս ան­գամ ու­զե­ցի կեդ­րո­նա­նալ մէկ կէ­տի վրայ, որ հե­տե­ւեալն է. պատ­մա­կա­նօ­րէն եւ մին­չեւ այ­սօր, յոյն ե­կե­ղե­ցին, ընդ­հան­րա­պէս օր­թո­տոքս աշ­խար­հը մեզ կը նկա­տէ միաբ­նակ (մո­նո­ֆի­զիդ). աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով շեշ­տե­ցի, թէ մենք մո­նո­ֆի­զիդ չենք, այլ միա­ֆի­զիդ, թէ՝ տար­բե­րու­թիւն մը կայ, մո­նո­ֆի­զիդ եւ միա­ֆի­զիդ մօ­տե­ցում­նե­րուն մի­ջեւ։ ­Հայ ե­կե­ղե­ցին միա­ֆի­զիդ է այն ի­մաս­տով, որ եր­կու բնու­թիւն­նե­րը միա­ցեալ կ­՚ըն­դու­նի եւ ոչ թէ մէկ բնու­թիւն: Արդ, կրօ­նա­կան, ա­կա­դե­մա­կան, պե­տա­կան ե­րեք տա­րածք­նե­րը քով քո­վի բե­րե­լով կ­՚ու­զեմ հաս­տա­տել թէ յի­շեալ հան­դի­պում­նե­րը մե­ծա­պէս դրա­կան էին:

­Վե­հա­փառ ­Տէր, վա­ղը կը մեկ­նիք սա­կայն կը մնայ ­Ձեր այ­ցե­լու­թեան ծանր եւ ու­րախ ա­ռիթն ու ար­ձա­գան­գը: ­Մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, ի՞նչ է ձեր հայ­րա­կան պատ­գամն ու թե­լադ­րան­քը՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ժո­ղո­վուր­դին:

Ա­յո՛, վա­ղը կը վե­րա­դառ­նամ Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք, ին­ծի հետ տա­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը՝ իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ իր հա­ւա­քա­կան հա­ւատ­քով եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ: Իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ սփիւռ­քի մէջ իր իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը ու­նի, իր ը­սե­լի­քը եւ ը­նե­լի­քը ու­նի: ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը պատ­մա­կան գա­ղութ է, ճիշդ է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նէն հա­յեր հաս­տա­տո­ւե­ցան եւ նոր դի­մա­գիծ տո­ւին գա­ղու­թին, սա­կայն չմոռ­նանք որ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ հայ­կա­կան գա­ղութ ե­ղած է հոս։ ­Հա­կա­ռակ ա­հա­ւոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը ինք­զինք պա­հած է եւ մեր հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րով ու ձգտում­նե­րով կազ­մա­ւո­րո­ւած է եւ սե­րունդ­ներ կազ­մա­ւո­րած։ Այս գա­ղու­թը կա­րե­ւոր դեր ու­նի կա­տա­րե­լիք ա­ռա­ջին հեր­թին ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Այ­սօր Ար­ցա­խը գո­յու­թե­նա­կան տագ­նա­պի մէջ է: Եւ­րո­պա­յի մաս կը կազ­մէ այս գա­ղու­թը եւ այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր դեր ու­նի կա­տա­րե­լիք։ Երբ վար­չա­պե­տին խօ­սե­ցայ այս մա­սին, ան ը­սաւ թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Եւ­րո­պա­յի ­Խոր­հուր­դի հա­մա­ժո­ղո­վին պի­տի ար­ծար­ծէ Ար­ցա­խի հար­ցը: ­Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման մէջ եւս ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան ներդրու­մը ե­ղած է կա­րե­ւոր։ Անհ­րա­ժեշտ է նո՛յն ո­գիով շա­րու­նա­կել։ ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի ծի­րէն ներս, գա­ղու­թը նշա­նա­կա­լից նպաստ ու­նե­ցած է։ Եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի հա­յու­թեան կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ազ­գա­յին կեան­քին մէջ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը եր­բեք լու­սանց­քի վրայ չէ ե­ղած։ Այս մար­տահ­րա­ւէ­րին դի­մաց, գա­ղու­թը կո­չո­ւած է ինք­զինք վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու այն­պի­սի ձե­ւով, որ իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ըլ­լայ ա­ւե­լի զօ­րեղ, ա­ւե­լի ազ­դու: Արդ, կոչ կ­’ուղ­ղեմ ­Յու­նաս­տա­նի մեր սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րուն, որ ա՛յս գի­տակ­ցու­թեամբ մաս­նա­կից դառ­նան մեր թե­մա­կան ու գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու կեան­քին: Ա­նոնք մեր կա­ռոյց­ներն են, այդ կա­ռոյց­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, կ­՚ու­զեմ բա­ռը շեշ­տել, ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ կ­՚ար­ժե­ւո­րո­ւին եւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ ա­նոնք մեր կեան­քի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը կը պա­հեն, մեր կեան­քին կեն­սու­նա­կու­թիւն կու տան։ ­Սա­կայն, կը կրկնեմ, մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը ի­րենց օ­րա­կար­գե­րով, մտա­ծե­լա­կեր­պե­րով ու գոր­ծե­լա­կեր­պե­րով կա­րի­քը ու­նին վե­րա­նո­րոգ­ման։ Այս աշ­խա­տան­քին հարկ է լծո­ւի գա­ղու­թը, եւ՝ շու­տով։

­Վե­հա­փառ ­Տէր, ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն «Ա­զատ Օր»ին կող­մէ, որ այս ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­ցիք մե­զի: ­Բա­րի ճա­նա­պարհ կը մաղ­թենք ­Ձե­զի եւ ցտե­սու­թեան սպա­սու­մով միշտ:

Այս ա­ռի­թով կ­՚ու­զեմ «Ա­զատ Օր»-ին բարձր գնա­հա­տանքս յայտ­նել, «Ա­զատ Օր»-ը ինչ­պէս ո­րե­ւէ հայ թերթ, մե­զի հա­մար սո­վո­րա­կան օ­րա­թերթ չէ, այլ՝ ա­ռա­քե­լու­թիւն է, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն: ­Հայ թեր­թը հա­յա­կեր­տու­մի ու մար­դա­կեր­տու­մի մէջ կա­րե­ւոր դեր ու­նի: «Ա­զատ Օր»-ը այս գա­ղու­թէն ներս, կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած է եւ ես վստահ եմ, որ նոյն դե­րը, վե­րա­նո­րոգ աշ­խու­ժու­թեամբ եւ հա­ւատ­քով պի­տի շա­րու­նա­կէ: ­Յա­ջո­ղու­թիւն ձե­զի:

­Շատ շնոր­հա­կալ ենք, ­Վե­հա­փառ ­Տէր։

Comments are closed.