Սահմանադրական դատարանը կը քննէ TRIPP-ի համաձայնագրին սահմանադրականութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Սահմանադրական դատարանը այսօր գրաւոր ընթացակարգով պիտի սկսի քննել «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»՝ TRIPP ծրագրին վերաբերող համաձայնագիրը։

ՍԴ-ն պիտի որոշէ, թէ համաձայնագրով Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանե՞ն Սահմանադրութեան։ Գործով զեկուցող դատաւորը Էդգար Շաթիրեանն է։

Դրական եզրակացութեան պարագային համաձայնագիրը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով՝ վաւերացման։

TRIPP ծրագրին վերաբերող շրջանակային համաձայնագիրը Երեւանն ու Ուաշինկթընը նախաստորագրած էին 26 մայիսին։ Ստորագրման գործընթացը աւարտած էր 4 յունիսին՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ստորագրութիւններով։

Յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր համաձայնագիրը վաւերացնելու նախագիծին։

Նիկոլ Փաշինեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ կառավարութիւնը կը փափաքի կարելի եղածին չափ արագ անցնիլ TRIPP-ի իրականացման՝ յոյս յայտնելով, որ տեղւոյն վրայ աշխատանքները կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ արդէն այս աշնան։

Սակայն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանը, ապա նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը վերջին օրերուն յայտնած էին, որ շինարարական աշխատանքները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի սկսին յաջորդ տարուան սկիզբը։