Չքաղաքականացնե՛լ Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը

(Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 101-ամեակին առիթով) 

Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 101-ամեակն է: Իրաւարար վճիռի ստորագրման հերթական նշումը ծանր պայմաններու մէջ է, որ կ՛արձանագրուի: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգայնօրէն ամրագրող այս փաստաթուղթին հետ կապուած ուղերձները քննարկելու պահուն կը գիտակցինք, որ ո՛չ միայն մեր տարածքներու վերատիրացման փուլային ընթացքէն շեղած ենք, այլ մեր վերահսկողութեան տակ եղող տարածքները զիջելու ընթացքին մէջ ենք: Եւ դժբախտաբար խօսքը չի վերաբերիր միայն Արցախին:

Ուիլսընի ունեցած դերին մասին միատեսակ արժեւորումներ չկան մեր պատմագիտական եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Վճիռի իրաւաընթացակարգային ձգձգումները կը վերագրուին նոյնինքն իրաւարար նախագահին. աշխարհաքաղաքական նոր դրութեան գոյառման առընթեր վճիռի իրականացման մէջ պատասխանատուութիւն չստանձնելու իրականութեամբ իրաւարար վճիռի փաստացի չեղեալ յայտարարուիլը եւս կը վերագրուի նոյնինքն իրաւարար նախագահի ներկայացուցած կողմին: Աւելի՛ն. կ՛ընդգծուի Ա. հանրապետութեան օրերուն ամերիկեան օժանդակութիւններուն զուտ մարդասիրական բնոյթը: Այսինքն` ոչ ռազմականը:

Այս օրերու իրադարձութիւններուն աշխարհաքաղաքական պատասխանատուներուն հետ կապուած քննարկումները կը ծաւալին: Այդ քննարկումները կ՛երկարին մինչեւ Սեւր, մինչեւ Ուիլսըն եւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Նոյն հետեւողութեամբ, այսօրուան պայմանաւորուածութիւնները, ռուսական գործօնի ուղղակի ներգրաւումը, սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներու ուղղութեամբ կատարուող ճնշումները տեղի կու տան արեւելումներու որդեգրման, դաշնակիցներէ ձերբազատման եւ նոր դաշնակիցներ որոնելու  քննարկումներուն:

Հիմնովին սխալ է սակայն Սեւրն ու այս պարագային իրաւարար վճիռը այս արեւելումներու ճշդումի քննարկումին համար գերքաղաքականացնելը: Իրաւարար վճիռը մեր միացեալ Հայաստանի առաջադրանքի իրաւական հիմքն է. միջազգայնօրէն ընդունուած փաստաթուղթը, որ կը սահմանազատէ ու կը սահմանագծէ Հայաստանը Թուրքիոյ յարաբերակցութեամբ: Միջազգայնօրէն նաեւ իրաւաչափ է այս հոլովոյթը, մանաւանդ որ Ազգերու լիկան յատուկ յանձնախումբ նշանակած էր իրականացնելու համար Ուիլսընի սահմանագծումը: Այստեղ ներքաղաքական պարանաձգութիւնները առաջնային չեն. համազգային գաղափարախօսութեան իրաւական յենասիւնի մասին է խօսքը:

Հետեւաբար Ուիլսընի աքթը պէտք չէ ծառայեցնել դաշնակիցներու արմատական շրջադարձումը հիմնաւորելու համար: Ոչ ալ նսեմացնել անշուշտ` արձանագրելու համար, որ Սեւրն ու Ուիլսընը (իմա՛ Արեւմուտքը կամ Միացեալ Նահանգները) Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յանձնած են մեր երկիրը եւ այդպիսով պատճառ դարձած անկախութեան խորտակման: Պարզ. չնսեմացնել կամ չհարուածել վճիռը` քաղաքական արեւելումի կամ նոյնիսկ իշխանական պայքարի համար:

Դժբախտաբար մոռացութեան տրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին մէջ տեղ գտած հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անդանդի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում»:

Ահա ա՛յս է համազգային մօտեցումը եւ ընկալումը իրաւարար վճիռին: Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման իրաւական հիմքը կը վերաբերի անշուշտ նաեւ մեր տարածքային պահանջներուն: Իրաւարար վճիռի գաղափարախօսական հենքը շատ աւելի առաջնային է: Անտեղի է համազգային առաջադրանքներու միջազգային յենասիւներու շահարկումը:

«Ազդակ»-ի Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.