Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Գանատա իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, այցելեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրատունը: Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասը:
«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին, ծանօթացուց թերթիս խմբագրակազմն ու հակիրճ կերպով անդրադարձաւ՝ «Հորիզոն»ի առաքելութեան գաղութիս կեանքէն ներս, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի լրատուութեանց փոխանցման, ինչպէս նաեւ թրքական ու ազերիական հակահայ քարոզչութեան ընդդէմ մղուած լրատուական պայքարին:
Գերշ. Տէր Բաբգէն Սրբազան նշեց, թէ ամսական դրութեամբ «Հորիզոն»ի մէջ որպէս ներդիր լոյս կը տեսնէ նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմին կողմէ հրատարակուող «Լուսաւորիչ» պարբերականը:
Վեհափառ Հայրապետը 2016-ի իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին եւս այցելած էր «Հորիզոն» եւ մեծապէս գնահատած տարուած աշխատանքը: Այսօր նոյնպէս ան բարձր գնահատեց շաբաթաթերթիս նուիրական գործունէութիւնն ու բարի երթ մաղթեց աշխատակազմին:
Աւարտին, թերթիս խմբագիրը Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց «Հորիզոն»ի կողմէ հրատարակուած Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» եւ Ցեղասպանութեան 108-ամեակի եւ Ամանորի բացառիկ հրատարակութիւններն ու թերթիս վերջին թիւը։

Comments are closed.