«ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» Եւ «ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

(Բաղդատական, Եւ Սերմնահատիկներ․․․)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․

Ձօն՝ Նորվան Արք․ Զաքարեանին

Գ․

Արդ, «հոգեւոր հայրենիք»ի եւ «հոգեւոր Հայաստան»ի բաղդատականը։ Յովսէփեանց վարդապետի եւ Տէրեանի իմացքներուն «հոգեւոր»ը՝ նոյն նշանակութիւնը չունին։

Յայտնապէս, վարդապետին «հոգեւոր»ը կ’ընդգրկէ մշակութային տարածքը, բայց ի տարբերութիւն Տէրեանի «հոգեւոր»ին՝ քրիստոնէական առումով կրօնա-բարոյական է։ Կը քաղեմ իր խօսքը, որուն նախապէս ակնարկեցի․ «Քրիստոնէական կրօնը (…) կամենում է աղ լինել կեանքի եւ քաղաքակրթութեան բոլոր երեւոյթները համեմելու համար։ Առանց կրօնի եւ բարոյական կատարելութեան ձգտման, ոչ միայն անտարբերութիւն է զարթնում դէպի ազնիւն ու վսեմը, դէպի առաքինին եւ մարդասիրականը, այլեւ՝ քաղաքակրթութիւնը, գիտութիւնն ու արուեստը չարիք է դառնում․ եսական, մոլեգին եւ զազրելի նպատակների միջոց»։ Ըստ իրեն, ուրեմն, մշակոյթը անհրաժեշտ է «համեմել» կրօնական աղով։ Այլ յօդուածի մը մէջ, այն աղին համար հետեւեալը գրած է․ «Աղն է, որ համ է տալիս կերակրին, առողջարար եւ սննդարար դարձնում եւ պահում նորան ապականութիւնից։ Առօրեայ կեանքից առնուած այս օրինակով, Տէրը կամեցել է բացատրել քրիստոնէութեան եւ քրիստոնեայ մարդուն արժէքը երկրի մէջ, այսինքն՝ պատմութեան մէջ» («Կեանքի Աղը», «Հայց․ Եկեղեցի», Յունիս, 1943։ Ներառնուած «Դէպի Լոյս Եւ Կեանք» գիրքին մէջ)։

Յովսէփեանց վարդապետի «հոգեւոր»ի մտածողութիւնը նրբութիւն մը ունի։ Գրած է․ «…Եկեղեցին չի կարող ամբողջ հոգեւոր կեանքի ամփոփումը լինել»։ Կը նշանակէ, թէ քրիստոնէականօրէն աղող «հոգեւոր»էն զատ՝ կայ նաեւ «հոգեւոր»ի այլ տարածք։ «Նիւթական եւ աշխարհիկ բնաւորութիւն կրող քաղաքակրթութիւնը նոյնպէս բարիք է», գրած է։ Ըստ այս մտքին, նիւթական եւ աշխարհիկ քաղաքակրթութիւնը երբ կը ձգտի բարիք ըլլալ՝ կը մտնէ «հոգեւոր»ի տարածք։ Այն բարիքը ամբողջութիւնն է բնութեան մէջ որեւէ քաղաքակրթութեան ձգտումին՝ ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան «մի նոր աշխարհ ստեղծել»ու։ Բայց որպէսզի այս ձգտումը հասնի իր կատարելութեան՝ անհրաժեշտ է կրօնը, եւ մանաւանդ կրօններուն պսակը, որ քրիստոնէութիւնն է։

Տէրեանի յօդուածին մէջ ո՛չ կրօնականի, ո՛չ բարոյականի խօսք կայ, եւ ոչ ալ՝ Եկեղեցւոյ։ Իր «Հայ Գրականութեան Գալիք Օրը» յօդուածէն գիտենք, թէ ինք կատաղի հակակղերական էր։ Գիտենք նաեւ՝ որ «կրօն» ըսելով հասկցած էր «աշխարհազգացում, աշխարհավերաբերմունք»։ Այս երկու բառերուն «աշխարհ» արմատը՝ յստակօրէն կ’ըսէ, թէ կրօնի իր հասկացողութիւնը երկնային տարեզրը կը մերժէր։ Կրօնը իրեն համար աշխարհակեդրոն եւ մարդակեդրոն զգացողութեան եւ գիտակցութեան, կեցուածքի ու յարաբերութիւններու վերաբերելու էր։ Բանաստեղծին տեսութիւնը՝ զուտ գաղափարական իրականութիւն մը կամ ինքնութիւն մը ստեղծելու մասին է։ Այն գաղափարական իրականութիւնը՝ ըստ արեւմտեան աշխարհին նոր արժէքներ ստեղծելու կը հաւատայ։ Անոնց կը վստահի հայութեան վերականգնումը, եւ անոր մշակութային ապագային ապահովումը։ Ինչպէս գրած էի, Տէրեան մշակոյթի «գլխաւոր գործօններ» ճանչցած է լեզուն, գրականութիւնը, արուեստը, «մտքի» աշխատանքները, վստահաբար նաեւ՝ գիտութիւնը։

Դ․

Մենք որ դուրսն ենք, Սփիւռքի մէջ, եւ տեղէ տեղ գաղթելու կամայ-ակամայ շարժումէն բռնուած՝ «հոգեւոր հայրենիք» իմացքը ըսելիք ունի՞ մեզի։ Անշուշտ, Յովսէփեանց վարդապետ չէր կրնար սփիւռքեան մեր կացութիւնը մտածել այն օրերուն՝ երբ իր յօդուածը գրած էր։

Պարզ է, որ Սփիւռքի մէջ, ո՛չ Յովսէփեանցի իմացքը եւ ո՛չ իսկ Տէրեանի իմացքը անհրաժեշտ մակարդակի են։ Նկատի ունիմ՝ որպէս ընդհանրական գիտակցութիւն եւ մշակում։ Տէրեանական առումով իմացքը, որ, ինչպէս ըսի, մշակութային է, այստեղ, անհատ արուեստագէտներու պարագային, իրագործումներու յաջող հանդիսարան մըն է․ գիտնականներու եւ այլազաններու պարագային՝ նոյնպէս։ Բայց այն բոլոր իրագործումներէն խզուած իրականութիւններ են հայ հաւաքականութիւնները, ապրող՝ սովորական օրեր, ուր հայկականութիւնը կը նմանի բեմ բարձրացած վեց կամ ութ պարողներու, որոնք անհամաչափութիւն եւ աններդաշնակութիւն կը ցուցադրեն անցեալի գեղջուկ եղանակներու վրայ։ Վ․ Օշականին ականջը խօսի, պիտի ըսէի․․․։ Ինչպէ՞ս պիտի արարուի սփիւռքեան մշակութային հասարակաց համաչափութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը։ Որո՞նք պիտի արարեն։ Այս մասով, զուտ մշակութային կազմակերպ, ծրագրաւորեալ գործունէութեան հեռանկարը կը ձգեմ այլոց, եւ որպէս եկեղեցական՝ կը փորձեմ Յովսէփեանց վարդապետի ըսածներուն դառնալ։ Բայց նախքան այդ՝

Նորվան Արքեպիսկոպոս 2023-ին հարց տուած է, թէ Հայ եկեղեցին անցնող մէկ դարուն յատուկ ուշադրութիւն դարձուցա՞ծ է սփիւռքեան աշխարհիմացութիւն մը ստեղծելու վրայ։ Եւ պատասխանած՝ «Դժուար է ըսել»։ Ապա յիշած է, թէ անցեալ դարու 20-ական թուականներէն սկսեալ՝ «ակնյայտօրէն անկարելի էր» նման ջանք մը, քանի որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ծանր պայմաններու մէջ էին։ Անցած են այդ ժամանակները եւ կ’երեւի, թէ ատենն է, որ Հայ եկեղեցին մտահոգուի սփիւռքեան աշխարհիմացութիւն մը ձեւաւորելու մասին, որպէսզի կարենայ աշխարհով մէկ ցրուեալ իր հօտին շարունակականութիւնը ապահովել եւ զարգացնել։

Այն աշխարհիմացութեան համար «հոգեւոր հայրենիք» վարդապետողին «Դէպի Լոյս Եւ կեանք» գիրքէն սերմնահատիկներ կը քաղեմ․

Նախ եւ առաջ ու միշտ՝ Սփիւռքի «բարի հող»ը պիտի յիշէ Տիրոջ խօսքը, որ կ’ըսէ՝ «Ինձ պարտ է գործել զգործս այնորիկ, որ առաքեացն զիս, մինչ աւուր կայ, գայ գիշեր՝ յորժամ ոչ ոք կարէ գործել» (Յհ 9.4), եւ արդիւնաւորէ։ Ապա՝

1.- Յանուն արդարութեան՝ ուր որ պէտք է լսելի պիտի դարձնէ մեր գլխուն եկած «անսահման մեծ ողբերգութիւնը»։

2.- Իր այս ջանքերուն մէջ պիտի յստակ դարձնէ, թէ «ոչ մի ժողովրդի թշնամի լինել չենք կամենար», քանի որ «յաւիտենական թշնամութիւնից ոչ ոք կարող է օգտուել»։ Արդարութիւնն է, որ ազնիւ, վսեմ եւ ճշմարիտ մարդկութիւն կ’արարէ: Ուստի՝ կը կարօտի վերականգնումի։

3.- Ներքին համերաշխութիւն պիտի հաստատէ, վասնզի «մինչեւ մենք իրար չհասկանանք, իրար ձեռք չմեկնենք լիովին, ազգի, եկեղեցու եւ հայրենիքի հետ կապուած ընդհանուր հարցերի մէջ, իրաւունք չունենք օտարներից սպասելու, որ մեզ հասկանան եւ լսեն»։

4.- Անընդհատ աշխատիլ եւ տքնիլ ներքին փոփոխութիւնը յառաջ բերելու համար․ քանի որ «զօրեղ է թշնամին եւ ներքին, ուստի եւ նորա դէմ պիտի զինենք եւ մեր բարոյական բոլոր ուժերը»։

5.- Պիտի բարենորոգէ հաւատքի իր տունը, որովհետեւ անոր պատմութիւնը «աղաղակում է», թէ «բարոյական եւ քաղաքակրթական մի վսեմ առաքելութիւն ունի կատարելու»։

6.- Պիտի ստեղծէ մթնոլորտը եւ պատրաստէ նոր ժամանակներու եւ պայմաններու իր մշակները։

7.- Աւանդութիւնը պիտի խօսեցնէ այսօրուան լեզուով։

8.- Հայ լեզուն ու մշակոյթը զարգացնէ այնպէս՝ մարդկային հոգին դիմէ դէպի կատարեալը։

9.- Աստուածատուր իր տաղանդը ի գործ պիտի դնէ ու ըլլայ ստեղծագործ։

10.- Պիտի տենչայ բարձրագոյնը, յուսայ հասնիլ «լուսոյ փարոս»ին՝ ալեկոծ կեանքի փոթորիկներէն յետոյ։

(Շարունակելի 2 եւ վերջ)