ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Մոնթրէալի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Գանատա իր այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպում ունեցաւ Մոնթրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքի աւանդական կուսակցութիւններուն, եկեղեցական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին Սաղաթէլեան իրազեկ դարձուց ներկաները Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքական զարգացումներուն, տիրող կացութեան եւ վերիվայրումներուն մասին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկումներ արծարծուած հարցերուն շուրջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.