ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Պատանեկան միութիւններու ստեղծումը ընդհանրապէս Մերձաւոր արեւելեան երեւոյթ է: Պատմութեան մէջ 1918-ին եւ անկէ ետք «խօսք կայ» աշակերտական միութեան մը մասին, որուն անդամները նոյնիսկ ջոկատով մը Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւն բերած են: Այդ մէկը խորքին մէջ զուտ աշակերտական չէր, այլ` ուսանողական:

Մերձաւոր Արեւելքին մէջ հայութեան հաստատուելէն ետք առաջին ալիքը 1920-ական թուականներուն եւ երկրորդ հիմնական ալիքը աւելի ուշ?` 1938-1939 թուականներուն, առիթ դարձան, որ Դաշնացկութիւնը վերակազմակերպուի այս շրջաններուն մէջ: Այդ աշխատանքին մէջ, բնականաբար, պէտք էր մտածուէր գալիք սերունդին մասին` նոր դաշնակցական ըլլալու ատակ եղող եւ նոր երիտասարդութեան կազմաւորման մասին, եւ ասոր համար 1923-ին Լիբանանի մէջ ստեղծուեցան պատանեկան միութիւնները:

Օրին Ճիպէյլի որբանոցէն դուրս եկած խումբ մը պատանիներ կը դիմեն շրջանի կոմիտէին? խնդրելով, որ զիրենք հովանաւորէ: Այն օրերուն Լիբանանը եւ Սուրիան կուսակցականօրէն մէկ շրջան էին: Առաջինը «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութիւնն էր: Այն ժամանակ մեր աշակերտներու տարիքները հիմակուան նման չէին, եւ միութիւնը մեծ տղոցմէ կազմուած կ՛ըլլար: Անդամները հասուն տղաք էին, որոնք վարիչի մը հսկողութեան տակ կուսակցական դաստիարակութիւն կը ստանային, որպէսզի հետագային մտնէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը: Երբ կոմիտէները շատցան, ամէն մէկ կոմիտէի շրջանին մէջ առանձին պատանեկան միութիւն ստեղծուեցաւ նոյնիսկ կային կոմիտէներ, որոնց աշխարհագրական շրջանը ընդարձակ ըլլալով երկու պատանեկան միութիւն ունէին:

1960-ական թուականներուն Զաւարեանական ուսանողական միութիւնը, որ իր կարգին ուսանողներէ կազմուած կոմիտէութիւն մըն է, քաղաքին մէջ ստեղծեց իր պատանեկան միութիւնը` Զաւարեան աշակերտական միութիւնը, որ հետագային ունեցաւ մասնաճիւղ մը Պուրճ Համուտի մէջ: Այդ աշակերտական միութիւնը շատ գործունեայ էր, եւ անոր անդամները, երբ աւարտէին երկրորդական վարժարանը, կը մտնէին Զաւարեան ուսանողական միութեան շարքերուն մէջ: Իսկ անոնք, որոնք համալսարան չէին երթար, այս կամ այն կոմիտէութեան շարքերուն կը միանային:

Պատանեկան միութիւնը զուտ դաստիարկչական բնոյթի կազմակերպութիւն է: Միութիւններու գործունէութիւնը հրապարակին վրայ շատ տեսանելի եղած է ա՛յն տարիներուն, երբ տակաւին չկային այլազան միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Խանդավառ պատանիներ էին, որոնք կ՛աշխատէին թաղերուն մէջ եւ ամէն շաբաթ ժողովներու ընթացքին դասախօսութիւններ լսելով կը կազմաւորուէին իբրեւ ապագայ դաշնակցականներ: Անոնց մեծ մասը, գրեթէ 90 տոկոսը եւ երբեմն ալ աւելին, կը մտնէին Դաշնակցութեան շարքերը: Ոմանք ալ դուրս կը մնային, սակայն կը դառնային կուսակցութեան լաւ եւ տոկուն համակիրներ:

Դաստիարակչական գործը չափազանց կարեւոր եւ հիմնական էր, որովհետեւ որքան ալ կուսակցութեան շարքերուն մէջ մարդիկ 18 տարեկանէն ետք մտնելով ու ժողովներուն մասնակցելով ինչ որ բաներ կրնան սորվիլ, բայց ՀՅԴ պատմութեան ու գաղափարաբանութեան ծանօթանալու գործը ժողովական կեանքի ընթացքին տեղի չ՛ունենար, պէտք է կատարուի աւելի կանուխ, որպէսզի իրագործուի Կանոնագիրին ճշդած այն պայմանը, որ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ մտնողը անպայման պէտք է ունենայ ՀՅԴ պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան մասին բաւարար տեղեկութիւն: Այդ տեղեկութիւնները ստանալու հնարաւորութիւնը եւ առիթը ունենալու համար ստեղծուած են մեր պատանեկան միութիւնները, որոնք անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին յաջորդական սերունդներ պատրաստելու գծով շատ կարեւոր, շատ շնորհակալ եւ շատ լուրջ աշխատանք կատարած են:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.