«Հետք»ի հետաքննութիւնը կը բացայայտէ Հայաստանի առողջապահական ապահովագրութեան համակարգին լուրջ բացերը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ տարեսկիզբէն ի վեր գործադրութեան դրուած առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան համակարգը տակաւին հեռու է իր հռչակուած նպատակներուն հասնելէ։ «Հետք»ի հրապարակած հետաքննութիւնը ի յայտ կը բերէ համակարգին լուրջ թերութիւնները, որոնց հետեւանքով բազմաթիւ հիւանդներ կը շարունակեն իրենց անձնական միջոցներով հոգալ բուժման ծախսերը՝ հակառակ ապահովագրութեան ծածկոյթին տակ գտնուելուն։
Հետաքննութիւնը մասնաւորաբար կ՚անդրադառնայ Արմաւիրի մարզէն քաղցկեղէ տառապող կնոջ մը պարագային։ Վերջինս, որ քիմիաբուժում կը ստանայ Երեւանի Ֆանարջեանի անուան Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնին մէջ, պարտաւորուած է շուրջ երկու միլիոն դրամ վճարել բուժման մէկ ամբողջական շրջանին համար։ Մինչդեռ նոր համակարգով քիմիաբուժման համար նախատեսուած է մինչեւ 1,2 միլիոն դրամի ապահովագրութիւն։
Ան մատնանշած է նաեւ բուժհաստատութեան գերծանրաբեռնուածութիւնը, ժամերով երկարող սպասումները, ինչպէս նաեւ վճարումներու դիմաց տրամադրուող ստացագիրներու անյստակութիւնը։ Որոշ պարագաներու, հիւանդները ստիպուած կ՚ըլլան բուժում ստանալ միջանցքներուն մէջ՝ համապատասխան սենեակներու բացակայութեան պատճառով։
Այդուհանդերձ, բոլոր առողջապահական հաստատութիւններուն մէջ նոյն պատկերը չի տիրեր։ «Հետք»ի հետ զրուցած այլ ուռուցքաբան մը նշած է, որ իր աշխատած կեդրոնին մէջ բուժումը մեծ մասամբ անվճար է, թէեւ դեղորայքի պակասը երբեմն հիւանդները կը մղէ սեփական միջոցներով անհրաժեշտ դեղերը ձեռք բերելու։
Հետաքննութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ նաեւ Երեւանի եւ մարզերուն միջեւ առողջապահական ծառայութիւններու մատչելիութեան զգալի անհաւասարութիւնը։ Մասնագիտացած հաստատութիւններու եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներու մեծ մասը կեդրոնացած է մայրաքաղաքին մէջ, ինչ որ մարզերու բնակիչները կը ստիպէ երկար ճանապարհ կտրել եւ յաւելեալ ծախսեր ստանձնել՝ պատշաճ բուժում ստանալու համար։
Պաշտօնական տուեալներով՝ ապահովագրութեան համակարգը ներկայիս կ՚ընդգրկէ շուրջ 1,8 միլիոն քաղաքացի, որոնցմէ մօտ 762 հազարը օգտուած է նախատեսուած ծառայութիւններէն տարուան առաջին կիսամեակին։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ մարզերուն մէջ առողջապահական համակարգի զարգացումը իր առաջնահերթութիւններէն է։ Սակայն «Հետք»ի բացայայտումները ցոյց կու տան, որ ապահովագրութեան ընդլայնումը ինքնին չի երաշխաւորեր բուժման մատչելիութիւնը, մինչեւ որ հիւանդներուն վրայ ծանրացող ծախսերն ու համակարգային թերութիւնները չվերացուին։