«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարները Ռուսիոյ դեսպանին հետ քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւնները

ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 10-ին «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ քարտուղար Արթուր Խաչատրեան Ազգային ժողովին մէջ հիւրընկալած են Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ու դեսպանատան խորհրդական Մարիա Քորոթինան։

«Հայաստան» դաշինքի հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։

Խմբակցութեան ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու ամրապնդումը եւ մտահոգութիւն յայտնած հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին ու շարունակուող վատթարացման միտումներուն կապակցութեամբ։

Պատգամաւորները նաեւ ընդգծած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ արտաքին առեւտուրի սահմանափակումներուն հետեւանքները անմիջականօրէն կը կրեն շարքային քաղաքացիները եւ գործարար շրջանակները։

Հանդիպման ընթացքին կարճ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներու կալանաւորման հարցին։