Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուց Արման Եղոյեանի դէմ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնակատար Արման Եղոյեանի դէմ՝ ՀՅԴ-ի հասցէին անոր կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ։
Կուսակցութեան նախագահութիւնը հրապարակած յայտարարութեան մէջ խստօրէն դատապարտած է Եղոյեանի արտայայտութիւնները՝ զանոնք որակելով ժողովրդավարական արժէքներուն անհամապատասխան, հակապետական եւ ներհասարակական ատելութիւն ու անհանդուրժողականութիւն հրահրող։
«Կ՚արձանագրենք, որ անոնք առերեւոյթ ֆաշիստական գնահատականներ են եւ, ըստ էութեան, քաղաքացիական պատերազմի կոչեր», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը ակնկալած է, որ իրաւասու մարմինները Եղոյեանի արտայայտութիւններուն քրեաիրաւական գնահատական տան՝ պահանջելով, որ կուսակցութեան յայտարարութիւնը ընդունուի իբրեւ հրապարակայնօրէն կատարուած յանցագործութեան մասին հաղորդում եւ համապատասխան քրեական վարոյթ նախաձեռնուի։