Կրկնուող երեւոյթներ, զորս Փաշինեան չի կրնար բացատրել
- (0)

Ր. Ս. Դ. ՊԵՏԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի հետ բանակցային նոր հանգրուան մը կը սկսին, Երեւանի մէջ քաղաքական կամ հանրային դէմք մը կը յայտնուի ճնշման կամ կալանքի տակ։
Ասիկա քարոզչական բնոյթի պնդում մը չէ, սակայն ժամանակագրութիւնը այնքան հետեւողական զուգադիպութիւններ կը բացայայտէ, որ զանոնք այլեւս դժուար է անտեսել։
2022-ի ապրիլին Պրիւքսէլի բանակցային ձեւաչափը նոր «թափ» հաղորդեց խաղաղութեան պայմանագրի եւ սահմանազատման յանձնաժողովի օրակարգերուն։ Քանի մը օր անց Փաշինեան խորհրդարանէն յայտարարեց, որ Արցախի հարցին մէջ հայկական կողմը պէտք է «նշաձողը իջեցնէ»։ Ընդդիմութիւնը փողոց իջաւ, իսկ յաջորդող շաբաթներուն հարիւրաւոր ցուցարարներ ձերբակալուեցան։
2023-ի մայիսին, դարձեալ Պրիւքսէլի մէջ, Փաշինեան ընդունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 29,800 եւ 86,600 քառակուսի քիլոմեթր ձեւակերպումով։ Այդ քայլը նշանակեց հայկական բանակցային դիրքորոշման հիմնարար փոփոխութիւն։ Մէկ ամիս անց ձերբակալուեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան ամէնէն գործուն ընդդիմադիր դէմքերէն Արմէն Աշոտեան։
2025-ի մարտին Երեւանն ու Պաքուն յայտարարեցին, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են։ Հինգ օր անց քննիչ մարմինները դատական գործընթաց սկսան «Սրբազան պայքար» շարժման դէմ։ Յունիսի վերջաւորութեան կալանաւորուեցաւ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան, իսկ յուլիսի սկիզբը ընդդիմադիր պատգամաւորներ զրկուեցան անձեռնմխելիութենէ։ Այնուհետեւ եկան Ապու Տապիի եւ Ուաշինկթընի հանդիպումները։ 2025-ի օգոստոս 8-ին համաձայնագիրը նախաստորագրուեցաւ։ Բայց չստորագրուեցաւ։
Այս ամէնը կրնայ պատահական համընկնում ըլլալ։ Ոչ ոք ապացուցած է, որ արտաքին բանակցութիւններուն եւ ներքին հետապնդումներուն միջեւ ուղղակի կապ գոյութիւն ունի։ Բայց կրկնութիւնը այնքան յստակ է, որ կառավարութիւնը պարտաւոր է պատասխանել պարզ հարցումի մը. ինչո՞ւ Պաքուի ուղղութեամբ ամէնէն էական զիջումներուն կամ համաձայնութիւններուն զուգահեռ Հայաստանի մէջ կը սաստկանան քաղաքական ընդդիմախօսներու նկատմամբ ճնշումները։
Դատարանները միշտ մերժած են ներկայացուած մեղադրանքները, սակայն նոյն գործերը պարբերաբար կը վերադառնան քաղաքական օրակարգ։ Երբ դատական գործընթացը չի յանգիր վերջնական վճիռի, բայց անվերջ կը շարունակուի, գործընթացը ինքնին կը սկսի պատիժի վերածուիլ։
Ինչպէս բացատրել այս կրկնուող երեւոյթին բացատրութիւնը։
Պաքուի հետ իւրաքանչիւր նոր համաձայնութիւն Հայաստանի մէջ բնականօրէն կ՚առաջացնէ ընդդիմութիւն, բողոք եւ քաղաքական դիմադրութիւն։ Իսկ իշխանութեան հակազդեցութիւնը այդ դժգոհութեան նկատմամբ ամէնէն կոշտը կը դառնայ ճիշդ այն պահերուն, երբ իշխանութիւնը արտաքին բանակցութիւններուն համար ներքին հանդարտութեան եւ ազատ գործելու առաւելագոյն հնարաւորութեան կարիքը ունի։
Այսինքն՝ խաղաղութեան օրակարգն ու ներքին ճնշումները կը դառնան իրար ամբողջացնող օղակներ։
Հայ ժողովուրդը խաղաղութեան արժանի է։ Բայց նոյնքան արժանի է վստահ ըլլալու, որ այդ խաղաղութեան գինը պիտի չվճարէ իր ժողովրդավարութեամբ, քաղաքական ազատութիւններով եւ արդարադատութեան նկատմամբ վստահութեամբ։
Իշխանութիւն մը, որ արտաքին համաձայնութիւններու կը հասնի այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ իր ամէնէն կոշտ քննադատները կալանքի, հետապնդման կամ դատավարութեան տակ են, դժուար թէ կարենայ համոզիչ կերպով պնդել, որ խաղաղութիւն կը կերտէ ուժեղ դիրքերէ։
Ատիկա աւելի շատ կը նմանի խաղաղութեան մը, զոր իշխանութիւնը կը փորձէ կառուցել վախնալով իր իսկ ժողովուրդէն։
Իսկ այդպիսի հիմքի վրայ կառուցուած համաձայնութիւնները անկարելի է որ գոյատեւեն։