Խմբագրական. Ցեղասպանութեան Ճանաչում, Տարածքային Ամբողջականութիւն Եւ Գերիշխանութիւն

Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ է, որ նախագահ Պայտընի օրով եղաւ, այդուհանդերձ ենթահողի ձեւաւորման առումով որոշ հոլովոյթ ապրած էր: Ուշագրաւ ձեւակերպում բերաւ նախագահ Օպաման «Մեծ եղեռն» ըսելաձեւը օգտագործելով: Օպամայի բնութագրումը ըստ էութեան 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատել էր` խուսափելով միջազգային պատասխանատուութիւն ենթադրող եզրոյթը օգտագործելէ: Նախագահ Թրամփ շարունակեց ըստ էութեան իր նախորդին բնութագրումը տալու-խուսափելու քաղաքականութիւնը:

Կարեւոր իրադարձութիւններ արձանագրուեցան նախագահ Թրամփի օրով, երբ անմիջականօրէն իրար ետեւէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր քուէարկեցին Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը: Ընդ որում` երկկուսակցական զօրակցութեամբ:

Այս հոլովոյթին ամփոփ նշումը կը համոզէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի ենթահողի աստիճանական ձեւաւորման գործընթաց կ՛արձանագրուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ իր լրումին հասաւ նախագահ Պայտընի օրով:

Ամէն գնահատականէ վեր է Ամերիկայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Ուաշինկթընի գրասենեակի հետեւողական, արհեստավարժ, տասնամեակներու վրայ երկարող աշխատանքը, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու նկատառումով կրցաւ ճիշդ քաղաքական պահերուն սաստկացնել լոպիիստական աշխատանքներու թափը` ստորագրահաւաք, նամակարշաւ, դրամահաւաք, բանաձեւերու նախագիծերու ներկայացում: Մէկ խօսքով` կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ թիրախային նպատակաուղղուած աշխատանքի արդիւնաւորում:

Կայ անշուշտ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան շառաւիղի խնդիրը եւ այդ պարունակին մէջ յատկապէս Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջները կամ Ուաշինկթընի դաշնակից Թուրքիոյ մերձեցումները, այս պարագային յատկապէս Ռուսիոյ դաշնութեան հետ:

Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումները անմիջապէս յաջորդեցին միջինարեւելեան տարածքներու վրայ ամերիկեան կարմիր գիծերը հատելու թրքական փորձերուն եւ Մոսկուայէն հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման գործարքներուն: Մինչ այս բոլորին վրայ կ՛աւելնային Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին նախորդած Պայտըն-Փութին աննախադէպօրէն սուր վէճին Էրտողանի հրապարակային զօրակցութիւնը Փութինին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու նախագահին հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքը:

Միջինարեւելեան տարածքներու վրայ Անգարայի յաւակնոտ քայլերուն կ՛աւելնային այս անգամ ռուսական համաձայնութեամբ Թուրքիոյ հարաւային Կովկաս մուտքը: Պահը կը հասուննար Ուաշինկթընի կողմէ իր դաշնակիցը զսպելու եւ զսպիչ խաղաթուղթեր օգտագործելու կամ զգուշացնող քայլեր առնելու:

Ամերիկեան վարչակարգի ճանաչումը միայն անհատական  կամ համայնքային հատուցման նպաստող ուղիի հարթում չէ անշուշտ: Պարզ է, որ աշխարհի գերհզօր պետութեան առած քայլը կ՛ընկալուի ուղենիշ շարք մը այլ պետութիւններու համար, հետեւելու` ամերիկեան վարչակարգի օրինակին:

Այստեղ  չ՛աւարտիր Միացեալ Նահանգներու նախագահին բերած բեկումը: Պատահական չէ, որ Ներկայացուցիչներու տան պիտի ներկայացուի հայ ռազմագերիներու տունդարձի հրամայականը շեշտող եւ Պաքուէն համապատասխան քայլերու դիմելու պահանջի բանաձեւի նախագիծը:

Կը թուի, որ Ուաշինկթըն պահը հասունցած կը նկատէ արցախեան հակամարտութեան միջնորդի իր դերակատարութիւնը վերստանձնելու: Մենք արդէն իբրեւ հայկական կողմ Արցախի կարգավիճակի յստակացման օրակարգին վրայ կեդրոնանալու իրականութեան դիմաց ենք:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Հայ դատի ռազմավարութիւնը եթէ երկարաժամկէտ կտրուածքով հատուցման խնդիրներու բարձրացումն է, ապա աւելի անմիջական հրատապութեամբ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն ու անկախութեան ճանաչումի առաջադրանքն է յայտնապէս:

Կովկասի ուղղութեամբ եւ յարաբերակցաբար հայկական գործօնին Ուաշինկթընի հայեացքները միայն արցախեան հակամարտութեան չեն վերաբերիր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կատարած յայտարարութիւնը յստակ ուղերձ է երկու ուղղութեամբ: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանումով: Պարզ է, որ Թուրքիոյ մղումով Ազրպէյճանը ախորժակներ կը հրապարակէ Հայաստանի տարածքներուն ուղղութեամբ: Իսկ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք խնդրոյ առարկայ դարձաւ մեր երկրին գերիշխանութիւնը. մեր փոխարէն կը բանակցի եւ տնօրինումներ կը կատարէ Մոսկուան:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով պէտք է դիտարկել Ցեղասպանութեան ճանաչումի ամերիկեան հոլովոյթը, քաղաքական ներկայ պահը, կովկասեան իրավիճակը եւ ամերիկեան զգուշացումները. ո՛չ միայն Անգարային:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.