Մետվետեւ կը զգուշացնէ՝ Հայաստանը կրնայ ռուսական կազ գնել եւրոպական գիներով

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ընտրած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելու ուղին»՝ զգուշացնելով, որ այդ քաղաքականութիւնը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան վրայ։

ՌԻԱ Նովոսթիի համաձայն՝ Մետվետեւ նշած է, թէ Փաշինեան Արեւմուտքին մօտ «արհեստական հեղինակութիւն» շահելու փորձի մէջ վտանգի տակ կը դնէ Հայաստանի յարաբերութիւնները Ռուսիոյ, ՀԱՊԿ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ։ Ան նաեւ պնդած է, թէ Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը կրնայ երկիրը զրկել ռուսական շուկայէն եւ տասնամեակներով ձեւաւորուած տնտեսական կապերէն։

Մետվետեւ զգուշացուցած է նաեւ, որ ներկայ ընթացքը կրնայ ի վերջոյ ստիպել Հայաստանին ռուսական կազ գնել եւրոպական գիներով, որոնք, ըստ իրեն, երեք անգամ աւելի բարձր են ներկայ սակագիններէն։ Ան կոչ ուղղած է Փաշինեանին հարցնելու Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ արդեօք պատրա՞ստ են այդպիսի գին վճարելու։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ փոխարտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Կալուզին նոյնպէս քննադատած էին Երեւանի քաղաքական ուղեգիծը՝ յայտարարելով, թէ Հայաստանը կը ներքաշուի հակառուսական ճամբար եւ վտանգի տակ կը դնէ իր անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ։