Ի ՅՈՒՇ. Թաթուլ Սոնենց Փափազեան

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հանգիստ ու խաղաղ ննջէ դաշնակցական ընկեր Թաթուլ Սոնենց Փափազեան։

Յուզումով եւ խոր ցաւով իմացանք բոլորիս սիրելի ընկեր՝ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի մահուան տխուր լուրը։

98-ամեայ ընկեր Թաթուլը յաւետ կը բաժնուի մեզմէ ֆիզիքապէս, սակայն խորապէս կը հաւատանք, թէ իր բազմաթիւ գրական, թարգմանչական, կրթական, արուեստի եւ գաղափարական վաստակներով, իր կտակած յուշերով ու մտաւոր ժառանգութեամբ՝ յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ իր հարազատներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընկերներուն ու ընկերուհիներուն, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ Պոսթոնի «Հայրենիք»-ի յարկին տակ գործող բոլոր մարմիններուն եւ միութիւններուն բազնահազար անդամներու հոգիներուն մէջ ընդմիշտ։ Բոլոր անոնք, որոնք պատիւը ունեցած են իր ներկայութիւնը վայելելու, յատկապէս «Հայրենիք»-ի նկուղ յարկի իր համեստ գրասեղանին դիմաց՝ մտերմիկ ու մտաւորական մթնոլորտի մէջ, վստահաբար երբեք պիտի չմոռնան իր ներկայութեան ջերմութիւնը։

Ինծի համար ալ անմոռանալի պիտի մնայ այն պատկերները, երբ այցելութեան պահերուն անպակաս էր իր սիրած սիկարը՝ գրասեղանին վրայ, իսկ ինք՝ խորասոյզ ընթերցումի, գրութեան կամ թարգմանութեան աշխարհին մէջ։ Այդ փոքրիկ տեսարանը կարծես խորհրդանիշն էր իր ամբողջ էութեան՝ մտաւորականի անդուլ կեանքին, որուն մէջ ՀՅԴ արխիւները, գիրքը, միտքը եւ ազգային նուիրումը միաձուլուած էին։

Ընկեր Թաթուլը եղաւ՝ Մեսրոպաշունչ լեզուի  ջինջ ղողաջը, Հ.Յ.Դաշնակցութեան գափարի հաստատ համոզումներու ուղղամիտ երդուեալ ընկերը, եղաւ, մեր ժողովուրդի արդարութեան եւ պահանչատիրութեան, ծառայութեան ու նուիրումի ոգին շեփորող խիզխ հրապարակախօսը, իր կոչոմին տէր աննկուն կամքով հրապարակագիրը, բանաստեղծը ու գրագետը։

Ընկեր Թաթուլը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս օրինակելի, ազնիւ, մաքրակենցաղ, գաղափարապաշտ եւ իր երդումին հաւատարիմ դաշնակցական ընկեր։ Ան ոչ միայն տիպար ազգային գործիչ մըն էր, այլ նաեւ բացառիկ գրող, թարգմանիչ եւ մտաւորական, որ իր գրիչով սերունդներ կրթեց եւ ազգային միտքը հարստացուց։ Ուշագրաւ է, որ իր գրիչը երբեք չդադրեցաւ․ աւելի քան ութ տասնամեակ ստեղծագործելէ ետք ալ, 98 տարեկան հասակին փակեց իր աչքերը՝ մինչեւ վերջ պահելով մտքի պայծառութիւնը եւ Աստուածապարգեւ հոգեկան բոցը։

Իր մահը խորապէս կը յուզէ մեզ բոլորս, եւ յառաջիկայ օրերուն աւելի զգալի պիտի դառնայ իր առյաւէտ բացակայութիւնը, մանաւանդ «Հայրենիք»-ի «Armenian weekly»- ի ընդարձակ ընտանիքին համար, որուն մէջ ան տարիներ շարունակ եղաւ ներշնչող ներկայութիւն եւ կենդանի յիշատակ։

Թող Ամենակարողը երկնային լուսեղէն անդաստաններուն մէջ յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքներու օրերուն՝ բազմաչարչար ծնողաց ծնունդ՝ վաստակաշատ ընկեր Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի մաքրակենցաղ հոգիին։

Եւ թող մեզ հիւրընկալող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հողը թեթեւութեամբ գրկէ զինք իր մէջ՝ որպէս երախտագիտութեան լուռ յուշարձան։

«Ահա հանգիստ հող կ’մտնեմ,
Յոյսս դուք էք, ընկերներ.
Շարունակեցէ՛ք մեր սուրբ գործը,
Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ

Թորոնթօ

Գծագրութիւնը՝ Յակոբ Ճանպազեանի