Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան՝ 3000 տարուան պատմութիւն» թեմայով սեմինարը
- (0)

Չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լաւալի մէջ գտնուող Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան՝ 3000 տարուան պատմութիւն» խորագրով սեմինարը՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, բանախօսութեամբ Ֆրանսայէն յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած պատմբան, Աստուածաբան, հեղինակ եւ դասախօս Վերապատուելի դոկտ. Ռընէ Լեւոնեանի:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, որմէ ետք միջոցառման բացումը կատարեց եկեղեցւոյն հոգեւոր հովիւ Պատուելի Մարտիրոս Էլէնճեան, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր: Նախ Անդրանիկ Փաշօղլեան կատարեց «Սարերի հովին մեռնեմ» տուտուկով նուագակցութիւնը, ապա հանդէս եկաւ Շուշանիկ Մելքոնեան իր համադրած «Պատգամ քո ջերմ ապրողաց» ասմունքով, պարբերաբար նուագակցութեամբ Անդրանիկ Փաշօղլեանի:
Սեմինարի բանախօսն էր Ֆրանսայէն յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած, Եւրասիայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչ եւ միութեան նախագահ, ինչպէս նաեւ Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն, Վերապատուելի դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, որուն բանախօսութեան հիմնական թեման էր «Հայաստան՝ 3000 տարուան պատմութիւն – Քրիստոնէական երկիր՝ երէկ եւ այսօր – անցեալէն քաղուած դասեր – ապագայի յոյսի ուղեցոյց» նիւթը՝ 2025-ին իր հրատարակած «Arménie, terre chrétienne hier et aujourd’hui» գիրքին ներկայացմամբ:
Լեւոնեան պաստառի վրայ քարտէսներու ցուցադրութեամբ, նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ծագումին՝ Ուրարտական թագաւորութենէն սկսեալ, անցնելով հայոց պատմութեան հիմնական հանգրուաններէն, հասնելով մինչեւ Տրդատ թագաւորի օրերուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակումին, ապա Գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան, որ կոչուեցաւ Թագուհի Թարգմանչաց:
Վերապատուելին յիշեց մեր պատմութեան վերելքի եւ անկումի ժամանակահատուածները, աղէտներն ու նուաճումները, բարգաւաճութեան եւ գահազրկման շրջանները, քարտէսներով ցոյց տալով Մեծ Հայքի, Փոքր Հայքի եւ Կիլիկիոյ սահմանները, իշխաններու եւ մելիքներու պատմութիւնները, հասնելով մինչեւ Ցեղասպանութեան, անկախութեան ապա խորհրդայնացման տարիներուն: Ան նաեւ անդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Արցախը՝ տարբեր ժամանակահատուածներու իր սահմաններով, ապա անկախացումը՝ Հայաստանի եւ Արցախի, քառօրեայ պատերազմը, քառասունչորսօրեան, շրջափակումը, հայաթափումն ու բռնագաղթը:
Վերապատուելի Լեւոնեան յատուկ կերպով շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ դերը, յատկապէս պետականազրկումի տարիներուն, ապա աւելցուց, թէ յաճախ կը խօսուի Հայ եկեղեցւոյ թերացումներուն մասին, սակայն կ’անտեսուի անոր մեծ ու ազդեցիկ դերակատարութիւնը դարերու ընթացքին, ոչ միայն պետութեան չգոյութեան ժամանակահատուածներուն, այլեւ նոյնիսկ անկախացման տարիներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ ըլլայ շինարարական-նորոգման կամ ժողովուրդի ծառայութեան ոլորտներուն մէջ:
Վերապատուելին իր խօսքի աւարտին հանդէս եկաւ նախ՝ միասնութեան կոչով, յատկապէս շեշտելով թէ միասնութիւնն է մեր ուժի աղբիւրը, եւ թէ կարելի է մեր ժողովուրդին դիմաց ծառացած դժուարութիւնները յաղթահարել զիրար սիրելով, միասնակամութեամբ ու փոխադարձ հասկացուղութեամբ: Ան նաեւ պնդեց, թէ եկեղեցին շատ մեծ դեր ունի կատարելիք այս հանգրուանին՝ համերաշխութեամբ համախմբելով մեր ժողովուրդը, ապա հրաւիրեց մեր ազգի զաւակները երբեք չյուսահատելու եւ մեր պատմութենէն դասեր քաղելով պայծառ ապագայի հանդէպ մեր յոյսը վառ պահելու, զարկ տալով մեր հոգեւոր կեանքին, եկեղեցասիրութեան եւ Աստուծոյ մերձեցումին:
Աւարտին լուսաբանական հարցումներ ուղղուեցան բանախօսին, հնչեցին շնորհակալական խօսքեր: Վերապատուելի Ճորճ Տապոյի աղօթքով փակուեցաւ միջոցառումը եւ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»