Ապրիլ է դարձեալ
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հարիւր հազարաւոր հայորդիներ, իրենց մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու անմար յիշատակին առջեւ, գլուխ խոնարհեցուցին Ծիծեռնակաբերդի յաւերժական կրակին դիմաց։ Միլիոնաւոր գարնանային գունագեղ ծաղիկներու ծով մը օղակեց խնկաբոյր, դէպի երկինք բարձրացող բոցավառ յուշակոթողը՝ իբրեւ ուխտ, իբրեւ լուռ բայց հուժկու վկայութիւն՝ մեր ազգային յիշողութեան պահանջատիրութեան եւ աննահանջ գոյութեան երթին։
Բայց դեռ չմարած այդ ծաղիկներու բոյրը, դեռ չբոլորուած հայոց սուգի քսանչորս ժամը, երբ յարգանքի լռութիւնը տակաւին կը թրթռայ մեր հոգիներուն մէջ, հայրենի իշխանութիւնը թրքամէտ ու սրբապիղծ վարչապետի գլխաւորութեամբ ոչ միայն կը դիմէ ցնծութեան եւ ճոխ խրախճանական սեղաններու շուրջ համախմբել հայրենի մեր ժողովուրդը, այլեւ կը յանդգնի ցնծութեան օր հռչակել, պարտադրելով ուրախութիւն եւ խեղաթիւրելով մեր ազգային յիշատակի սրբազան խորհուրդը՝ մեր իսկ հայրենիքի սրտին մէջ՝ քաղաքամայր Երեւանի մէջ։
Ի՞նչ անուն տալ այս երեւոյթին, եթէ ոչ ազգային յիշողութեան վարկաբեկանք։
Ի՞նչ որակում տալ այս կեցուածքին, եթէ ոչ բացայայտ անարգանք՝ սրբապղծութիւն եւ արատաւորանք՝ մեր սրբադասուած նահատակներու արիւնով սրբագործուած յիշատակին։
Այո՛, այս ցաւալի իրականութիւն չէ միայն այլ դատապարտելի է՝ բառին ամբողջական եւ անսակարկելի իմաստով։
Այսօր, աւելի քան երբեւէ, պարտաւոր ենք ազգովին ոտքի կանգնիլու ոչ միայն յիշելու, այլ անհունօրէն պահանջելու ինչպէս նաեւ պաշտպանելու մեր ազգային արժանապատուութիւնը, մեր պատմական յիշողութիւնը եւ մեր սրբադասուած նահատակներու արիւնով սրբագործուած ճշմարտութիւնը։
Եկեք ազգովին չլռենք։
Չհաշտուինք իշխանաւորներու խաբուսիկ խաղաղաղութեան լոզունգներուն եւ չարտօնենք, որ մեր պահանչատիրութիւնն ու յիշողութիւնը խեղաթիւրուի կամ նսեմացուի թրքամետ մեր իշխանաւորներուն եւ դարաւոր մեր թշնամիներուն կողմէ։
Այո՛, միացեալ կամքով եւ աննահանջ ոգիով՝ պահենք, պաշտպանենք եւ փոխանցենք մեր պահանջատիրական սուրբ ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ։
Արդարութիւնը կը պահանջէ մեր ամբողջանուէր ձայնը եւ այդ ձայնը պէտք է հնչէ նպատակաուղուած՝ հզօր, յստակ եւ անդադար։
Յաւերժական խոնարհում եւ անսակարկ յարգանք՝ մեր սրբադասուած նահատակներու անմեռ յիշատակին։
Հեռաւոր Թորոնթոյէն՝ բայց սրտով ու հոգիով անքակտելի՝ մեր սուրբ ուխտին եւ յիշողութեան հետ։