«այնքան ատեն, որ էրտողան թուրքիոյ նախագահութեան պաշտօնը կը վարէ, Թուրքիոյ քաղաքականութենէն փոփոխութիւն պէտք չէ ակնկալել». Գասարճեան

Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ կուսակցութիւններու ազդեցութեան եւ Թուրքիոյ քաղաքական ուղեգիծին մասին զրուցելու համար, «Գանձասար» հարցազրոյց ունեցաւ լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանի հետ։  Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն:

-«Գանձասար»- Որպէս քաղաքական վերլուծաբան կը գործակցիք թրքական լրատուամիջոցներու հետ։ Կրնա՞ք պատկերացում մը տալ, թէ թրքական լրատուամիջոցները ինչպէ՞ս կ’արձագանգեն հայկական հարցերուն ընդհանրապէս։ Հանրութիւնը լրատուամիջոցներէն կ’իմանա՞յ, օրինակ, հայկական  կողմին տեսակէտները, կամ չէզոք տեսակէտներ։ 
Սարգիս Գասարճեան- Թրքական լրատուամիջոցներուն կեցուածքը կարելի չէ ամփոփել մէկ պատկերով։ Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց կը ներկայացնէ զինք նիւթապէս նեցուկ կանգնող կողմին կամ թեքած կուսակցութեան կարծիքը։ Հայկական հարցին հանդէպ թրքական ձախակողմեան թերթերուն կեցուածքը բարելաւուած է, սակայն հայկական կողմը անոնց հետ հաղորդակցութիւն ստեղծելու մէջ թերացած է։ Եթէ Թուրքիոյ մէջ կան Հրանդ Տինքի նմաններ, որոնք Ցեղասպանութեան շուրջ թէկուզ անուղղակի կերպով կրնան խօսիլ, եթէ Թուրքիոյ մէջ կան Սաաիտ Չէթին Օղլույի նման գրողներ, որոնք Ցեղասպանութեան շուրջ գիրքեր կը հրատարակեն, եւ եթէ Սփիւռքի մէջ կան Թանէր Աքչամի նման թուրք պատմաբաններ, որոնք Ցեղասպանութեան շուրջ բացատրութիւններ կը ներկայացնեն, կը նշանակէ, որ կարելի է Թուրքիոյ մէջ գտնել նաեւ Ցեղասպանութիւնը ընդունող մարդիկ, որոնք նոյնիսկ պատրաստակամութիւն ունին հայերէն ներողամտութիւն հայցելու։ Հոս կարեւոր կը համարեմ թուրք թղթակիցներու եւ հայկական լրատուամիջոցներու միջեւ հաղորդակցութեան գոյութիւնը։ Թրքական լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը աջակողմեան է: Թէեւ թրքական թերթերու հետ հաղորդակցութեան միջոց գտնելը դժուար կը համարուի, սակայն, կարծիքովս, այդ թերթերուն հետ կարելի է միջին եզր մը գտնել եւ Ցեղասպանութեան հանդէպ հայութեան, յատկապէս սփիւռքահայութեան զգայուն կեցուածքը աստիճանաբար բացատրել։
«Գ.»- Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին, ինչպիսի՞ դերակատարութիւն կ’ունենան զանգուածային լրատուամիջոցները հանրային կարծիքին, հանրութեան քուէին վրայ։ 
«Ս. Գ.»- Թուրքիոյ մէջ «social media»-ն լրատուամիջոցներէն շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի ժողովուրդին վրայ։ Պատճառը այն է, որ Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու 90%-ը իր հսկողութեան տակ առած է եւ այդ թերթերը իրեն կողմնակալ լրատուամիջոցներու վերածած է։ Այս պատճառով ալ թուրքերու մեծամասնութիւնը վստահութիւն չունի այդ թերթերուն եւ ձայնասփիւռի կայաններուն վրայ։ Նկատի ունենալով, որ ընդդիմադիր լրատուամիջոցները եւս Էրտողանի խիստ հսկողութեան տակ են, թըղթակիցները ուղղուեցան հասարակական ցանցեր: Իւրաքանչիւրը ունի «YouTube»-ի իր անձնական կայանը։ Նկատի ունենալով որ հասարակական ցանցերը աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին թուրքերուն վրայ քան պատկերասփիւռային կայաններն ու ռատիոկայանները, վերջերս Էրտողան իր քաղաքականութեան եւ անձնական շահերուն հակասող իւրաքանչիւր լրատուամիջոցի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու օրէնք մը սահմանեց: Էրտողանի մտավախութիւնը այն էր նաեւ, որ այդ լրատուամիջոցները կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ նախագահական ընտրութիւններուն վրայ։
«Գ.»-Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը միայն իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութի՞ւնը կը սահմանէ, իսկ երկրի արտաքին քաղաքականութեան առումով կուսակցութիւններուն միջեւ տարակարծութիւններ կա՞ն, կրնա՞ն ըլլալ։ Որքա՞ն ազդեցութիւն ունին կուսակցութիւնները Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին վրայ։ 
«Ս. Գ.»- Թուրքիան նախապէս «Խորքային Պետութիւն» հասկացութեամբ կը կառավարուէր։ Ան գաղտնի սպասարկութեան, զինուորական կառոյցի, դրամատէրերու եւ մաֆիոզներու խառնուրդ էր։ Էրտողանի օրերուն, «Խորքային Պետութիւն» երեւոյթը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ՝ Գաղտնի սպասարկութիւնը, զինուորական կառոյցն ու դրամատէրերուն մեծամասնութիւնը Էրտողանի հսկողութեան տակ անցան։ Փոխուեցաւ նաեւ մենաշնորհեալներու բնոյթը, որուն սկսան մաս կազմել ոչ միայն թուրքեր, այլ նաեւ օտար անձեր, որոնք Թուրքիա դրամ կը մուծեն։ Հետեւաբար Էրտողան-մաֆիա-դրամատէր գործակցութիւնը կ’որոշէ քաղաքականութեան ուղեգիծը. մեծ համեմատութեամբ Էրտողանը։ Կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքական կարգ մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւններ կ’ըլլան, սակայն ընդհանրապէս եւ քաղաքական լայն գիծերու մէջ անոնք համաձայն են։ Անոնցմէ անջատ է միայն քրտական կուսակցութիւնը։ Կարելի է ըսել, թէ այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ նախագահը Էրտողանն է, Թուրքիոյ  մէջ քաղաքականութիւնը նոյն ձեւով  պիտի ընթանայ, որովհետեւ Էրտողանի ներկայութեան դժուար է տարբեր քաղաքականութիւն վարել։
Հարցազրոյցը վարեց
Մարէն Պապեան-Աղայէկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.