ԱԶԳԻՆ «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»Ը

9 Նոյեմբեր 2021-էն ի վեր Արցախի ու Հայաստանի անձնատուութեան համաձայնութեան դէմ պայքարող ընդդիմութեան շարժումը քանի մը փուլէ անցաւ: Ընդդիմութեան ռազմավարութիւնը մնաց անփոփոխ՝ կանխել Արցախի ու Հայաստանի պետականութեանց անկումը, Հայաստանի թրքացումը եւ արծարծել պետութեան ազգայնացման խիստ կարեւոր հարցը:
Այս բոլորին համար իշխանափոխութիւնը միջոց էր ու միջոց է, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, հակառակ պետութեան սպառնացող վտանգներուն, չկրցան պաշտպանել այն հիմնական ուղղութիւնը, որուն համաձայն, բանակցութիւններուն մէջ հարկ էր պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, Հայաստանի սահմաններուն ապահովութիւնը եւ առիթ չտալ որ ատրպէյճանական կողմը, խախտելով  9 Նոյեմբերի համաձայնագիրն անգամ, համարձակի նոր տարածքներ բռնագրաւել Արցախէն ու Հայաստանի սահմաններէն եւ սպառնալ Արցախի բնակչութեան:
ՀՀ վարչապետը 44-օրեայ պատերազմի նախօրէին բանակցութիւնները զեռոյէն սկսելու տրամաբանութեամբ արտաքին լսարանին ուղերձներ կը յղէր, առաւելաբար Ատրպէյճանը պատերազմի մղելու յաւակնութեամբ, իսկ պատերազմի աւարտով ու բանակցութիւններու ձախող ընթացքին բերումով, օրերս, խորհրդարանի նիստին ելոյթ ունենալով կրկին կը յենի նախկին բանակցութիւններուն վրայ, բանակցելու իր ճկունութեան բացակայութիւնը բարդելու նախորդ տարիներու բանակցային գործընթացին վրայ, դիմադրութիւնն ու դիմադրողները նսեմացնելու կիսատ-պրատ տեղեկութիւններով, առանց մտածելու իր խօսքերուն անդրադարձին մասին անգամ ատրպէյճանական ու թրքական շրջանակներուն մօտ:
Աւելին. Փաշինեան կը յայտարարէ որ խաղաղութեան իր սկսած գործընթացը չ’երաշխաւորեր Հայաստանի ապահովութիւնը:
Անյաջող բանակցութիւնները այլոց վրայ բարդելն ու ոչ մէկ յաջողութիւն երաշխաւորելը  կրաւորական մօտեցում է պարզապէս, յանձնառու ղեկավարէն այս չի պահանջուիր Հայաստանին ու հայութեան սպառնացող վտանգալից այս օրերուն:
1 Յուլիսին կը նախատեսուի նաեւ Բերձորի յանձնումը, որպէս շարունակութիւն իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան: Բերձորի յանձնումով Արցախը վերջնականապէս կը կորսնցնէ իր կապը Հայաստանին հետ, փոխարէնը Հայաստան Ատրպէյճանին ու Թուրքիոյ կը շնորհէ բաց սահմաններ, յանուն ինչի՞ սակայն…
Երեւելի չե՞ն Սուրիոյ հետ բաց սահմաններէն ետք, Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակումներն ու Սուրիայէն իսկ տարածքներ բռնագրաւելով թուրանական իր ծրագիրները իրականացնելու նկրտումները: Հայաստանի պարագային ինչպէ՞ս պիտի կանխուի Արցախի հայաթափումը, Հայաստանի թրքացումը, եթէ չկան ազգային քաղաքականութիւն վարող իշխանութիւն, ազգային պետականութիւն:
«Դիմադրութիւն» շարժումով սկսած այս պայքարը ազգային հիմնաւորուած պայքար է: Այդ պայքարը նախկիններու եւ նորերու պայքար չէ, ազգային լինելութեան, գոյութեան պահպանման պայքար է:
Այս շարժումն է որ պիտի կանխէ արտաքին ուժերուն պարտադրած հետագայ զիջումները: Շարժումը, որուն միացան նաեւ արցախահայեր, պարզեց իր նպատակը, արտաքին լսարանին հասցուց Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու մերժման ձայնը, կոտրեց տատամսոտ քաղաքականութեան ու նախկիններու սխալներով արդարանալու խաբէութիւնը ու բացաւ պայքարի յստակ, բայց երկար ուղի, որուն վախճանական նպատակը պիտի ըլլայ ազգային տեսլականով օժտուած իշխանութեան ձեւաւորումով առկայ մարտահրաւէրներու դիմակայումն ու հիմնահարցերու լուծումը:
«Դիմադրութիւն»ը երկարատեւ  պայքարի ուղին ընտրած է որպէս հայոց պետականութեան ու հայ ժողովուրդի փրկութեան միջոց ու արտաքին աշխարհի ճնշումներուն դիմաց համախմբուելու ազդակ:
Գանձասար

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.