«Ֆրանսան Պիտի Սերտէ Պաշտպանութեան ոլորտին Մէջ Հայաստանի Դիմումը» Կ՛ըսէ Դեսպան Լաքոթ

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Երասխի մէջ լարուածութեան օրը դիմատետրեան իր էջին մէջ կատարուած գրառման, բացատրած է, թէ ի՛նչ նկատի ունեցած է` գրելով. «Երբ Երասխը չի կրնար քնանալ, Երեւանը նոյնպէս արթուն կը մնայ»:

«Դիմատետրեան այս գրառումով երկու բան կ՛ուզէի արտայայտել: Նախ եւ առաջ, կ՛ուզէի նկարագրել իրողութիւն մը, որ հետեւեալն էր` երկուշաբթիէն երեքշաբթի գիշերը` գիշերը ժամը 2:00-ին, բոլորը առցանց էին, ոչ ոք չէր քնանար, Երեւանի մէջ, Հայաստանի մէջ բոլոր մտահոգուած էին: Երկրորդ ուղերձը համերաշխութեան ուղերձն էր: Կ՛ուզէի ինծի հետեւող մարդոց ըսել, որ Ֆրանսան կը հետեւի սահմանի կացութեան: Մարդիկ պէտք է վստահ ըլլան, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով ամբողջովին տեղեակ են, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ: Երասխը միաժամանակ խորհրդանշական եւ ռազմավարական վայր է: Ռազմավարական, որովհետեւ Ազրպէյճանի հետ Երեւանին ամէնէն մօտիկ սահմանն է, իսկ խորհրդանշական, որովհետեւ ասիկա վայր մըն է, ուր կը հանդիպին չորս պետութիւններ: Այս պահուս այնտեղ լարուածութիւն կայ, սակայն պէտք է յուսանք, որ ապագային Երասխը կրնայ դարձեալ դառնալ այն քառուղին, որ եղած է ժամանակին», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան հարցերուն` մասնաւորաբար պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, Լաքոթ ըսած է. «Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան, մենք, բնականաբար, պատրաստ պիտի ըլլանք քննելու հայկական իշխանութիւններուն կողմէ մեզի ուղղուած բոլոր դիմումները: Ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնել որոշ իրողութիւններ. Ֆրանսան եւ Հայաստանը միեւնոյն ռազմական դաշինքներու անդամներ չեն»:

Դեսպանը ընդգծած է, որ իրենց դերը մեզ ապագայ պատերազմին պատրաստելը չէ: «Մեր դերը նոր տագնապէն խուսափիլն է եւ քաղաքական հոլովոյթին ուղեկցիլը, որ շրջանին մէջ խնդրայարոյց հարցերու վերջնական լուծում պիտի արտօնէ», ըսած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.