Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտները նուէր ստացան հայերէն Աստուածաշունչի պատկերազարդ հատորներ
Մեր նախահայրերը Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանելով զայն մատչելի, տեսանելի ու շօշափելի դարձուցին մեր ժողովուրդին եւ անոր ուղղելով Աստուծոյ խօսքին մեր կեանքերուն մէջ Աստուածաշունչի արժէքները վաւերական իրականութեան վերածեցին:
Արդ, մեր զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց ամրօրէն պահելու եւ Աստուածաշունչը դարու պահանջքներուն համահունչ ձեւով ու ոճով երիտասարդութեան հրամցնելու հրամայականէն մեկնած՝ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Տնօրէն՝ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան, սիրայօժար ստանձնեց «Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը» սքանչելի հատորի հրատարակութեան ողջունելի աշխատանքը:
Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2017ին Տոքթ. Ճէպէճեան այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, ընկերակցութեամբ Քուէյթի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան Տնօրէն Շէյխ Եուսէֆ Սապրիի եւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեայեանի ու իւրաքանչիւր աշակերտի (առաջինէն վեցերորդ) նուիրեց նշեալ գեղատիպ գիրքը, քաջալերելով ներկայ սերունդը կարդալու Աստուծոյ խօսքը, հասկնալու եւ կեանքի վերածելու անոր պատգամները։