Քոչարեանի Առարկայական Գնահատումը ընդդէմ Քաղաքական ընդիմախօսներուն

Մեծ բաւականութեամբ կարդացի «ՀՈՐԻԶՈՆ» շաբաթաթերթին մէջ իրաւաբան Հայդուկ Շամլեանի հրապարակած յօդուածը, որ կը վերաբերէր վերջին երեք տարիներու ընթացքին Ռոպերթ Քոչարեանին դէմ ընթացող դատական գործին: Պրն. Շամլեանի այդ յօդուածն ու վերլուծութիւնը գիտական ու մասնագիտական էր, հիմնուած փաստերու վրայ, ի տարբերութիւն մեղադրող կողմի հիւսած մակերեսային մեղադրանքներուն, որ տարածուած է մեղադրող կողմի միամիտ ու անտեղեակ հետեւորդներուն կողմէ:

Յօդուածը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ առաջադրուած մեղադրանքները առաջին հերթին իրաւական հիմք չունին, եւ յետագայ դատական գործողութիւնները չկրցան բացայայտել որեւէ յանցագործութիւն:

Ոգեւորուելով Պրն. Շամլեանին յօդուածէն, որ կը միտի մերկացնել Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր նախադասութիւններէն մէկուն վաւերականութիւնը, այսինքն նախկին ղեկավարներուն ենթադրեալ յանցագործութիւններուն համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու օրակարգը,   որոշեցի գրել այս յօդուածը, որպէսզի հակասեմ Փաշինեանին կարուցած անճիշտ այն նկարագրութիւնները, որ կը միտի դիւահարել նախկինները, յատկապէս Ռոպերթ Քոչարեանը, զուտ հռետօրական ու ամբոխավարական հիմքերու վրայ առանց անոր նախագահութեան շրջանի նուաճումներու կամ ձախողումներու որեւէ բովանդակային կամ կառուցողական գնահատման: Այս անճշտութիւնները կրկին ընդունուեցան եւ տարածուեցան մեր ազգի լայն հատուածին կողմէ՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի:

Քոչարեանի նախագահութեան պատշաճ գնահատականը կատարելու համար պէտք է համեմատել 1998 թուականը, երբ ան դարձաւ նախագահ, եւ 2008-ը, երբ ան հեռացաւ նախագահութենէն:

 

Հայաստանի ենթակառուցուածքը 1998-ին

 

  1. Հեռահաղորդակցութիւն: Անմխիթար որակի բջիջային հեռախօսակապ, որ կը կազմէր ընդամէնը 60,000 միաւոր և սահմանափակուած էր միայն Երևանի մէջ:
  2. Օդակայան: Զուարթնոց օդակայանը կը նմանէր երրորդ աշխարհի պատկանող ինքնաշարժերու կայանի:
  3. Ելեկտրականութիւն: Ելեկտրականութեան մատակարարումը շուրջօրեայ չէր: Ղեկավարուելով պետական ձեռնարկութեան կողմէ, մեծ կորուստներու ենթակայ էր, կաշառակերութեան ու վատ կառավարման պատճառով, կառավարութենէն խլելով հսկայական ֆինանսական ներդրում:
  4. Ջրամատակարարում: Բնակիչները չէին վայելէր շուրջօրեայ ջրամատակարարում: Ղեկավարուելով պետական ձեռնարկութեան կողմէ նոյնպէս մեծ կորուստներու ենթակայ էր կաշառակերութեան ու վատ կառավարման պատճառով, կառավարութենէն նոյնպէս խլելով հսկայական ֆինանսական ներդրում:
  5. Բնական կազ: Մատակարարումը սահմանափակ էր միայն խոշոր քաղաքներու խիտ բնակուած տարածքներով:
  6. Պետական ​​պիւտճէն 270 միլիոն տոլարի սահմաններուն մէջ էր:
  7. Քաղաքի կեդրոնը կարծես հիւղաւան ըլլար:

 

Հայաստանի ենթակառուցուածքը 2008-ին

  1. Հեռահաղորդակցութիւն: Ժամանակակից ու արդիական բջիջային կապը կը ծածկէր երկրի աւելի քան 90% -ը՝ աւելի քան 1 միլիոն բաժանորդով: Իսկ համացանցի ծառայութիւններու որակը կը համապատասխանէր աշխարհի լաւագոյններուն:
  2. Օդակայան: Կառուցուելու վրայ էր տարածաշրջանի լաւագոյն օդակայանը: Նիւթական-առեւտրային կորուստները վերացուած են և պետութեան կողմէ օժանդակութիւնը աւարտուած:
  3. Ելեկտրականութիւն: Բնակիչները կը վայելեն շուրջօրեայ Ելեկտրականութիւն: Կորուստները վերացուած են, և պետութեան կողմէ օժանդակութիւնը աւարտուած:

 

  1. Ջրամատակարարում: Բնակիչները կը վայելեն շուրջօրեայ ջրամատակարարում: Ֆրանսական ընկերութեան կողմէ կառավարուող կորուստները վերացուած են, և պետութեան կողմէ օժանդակութիւնը աւարտուած:
  2. Բնական կազ: Երկրի տնային տնտեսութիւններու 90%-ը ստացած է բնական կազ:
  3. Պետական ​​պիւտճէն բազմապատկուած է, կազմելով աւելի քան $ 2.5 միլիար տոլար:
  4. Վերակառուցուած է Քաղաքի կեդրոնը և կառուցուած է Հիւսիսային պողոտան:

 

Քաղաքական և ռազմական իմաստով՝ Հայաստանի ու Արցախի սահմանները մնացին անձեռնմխելի: Հայաստանի որդեգրած զսպողական քաղաքականութիւնը ստիպեց Ատրպէյճանին զսպել իր յարձակողապաշտ ու ծաւալապաշտական նկրտումները: Քոչարեանը զարգացուց յարաբերութիւններ հարեւան ու տարածաշրջանային երկերներու հետ՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի ու պատասխանատու վարքի վրայ: Նմանապէս, ռազմական զսպման միջոց մշակեց, հիմնուելով խելամիտ, լաւ գնահատուած ու արդիւնաւէտ պաշտպանական սարքաւորումներու գնման վրայ, հաշուի առնելով Հայաստանի սահմանափակ նիւթական կարողութիւնը:

Ի տարբերութիւն Քոչարեանի օրերուն, 2018-ի ապրիլէն ի վեր, Հայաստանի մէջ արտասահմանեան կամ ներքին զգալի ներդրումներ չեն կատարուած, և առկայ ենթակառուցուածքներն արժեզրկուած են ՝ երկրի ապագան վտանգելով:

Ի հակադրութիւն Քոչարեանի օրերուն, Արցախի տարածքի փաստացի 70% -ը կորսուած է, և Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած առանց ՀՀ կառավարութեան կողմէ դիմադրութեան: 600 տարի յետոյ, վերջապէս մեր յաղթական ժողովուրդը կրկին դարձաւ պարտուած:

Ոչ ոք չի ժխտեր վերոնշեալ տարիներուն կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու առկայութիւնը, ոչ ալ դատական համակարգի անբաւարարութիւնը: Այնուամենայնիւ, զարգացող երկիրները միշտ ալ այդպիսի հարցեր պիտի ունենան, որոնց վերացումը կ’երկարի տարիներու եւ կամ տասնամեակներու աշխատանքի վրայ:

Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութեան եկաւ կաշառակերութիւնն ու մենաշնորհները արագօրէն արմատախիլ ընելու խոստումով: Սակայն, շուտով  անոր քաղաքականութեան  առանցքը յայտի դարձաւ, քանի որ մենաշնորհները ոչ թէ վերացան, այլ աւելի ևս ծաղկեցան (օրինակ ՝ Սամուէլ Ալեքսանեան. «Լֆիկ Սամօ»), ինչպէս նաեւ քաղաքական հովանաւորութիւնը, որ կաշառակերութեան հիմքն է, դարձաւ ընդունուած նորմ: Բացի այդ, Փաշինեանը, գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածուներու ցուցակին մէջ ներառած է նշանաւոր օլիկարխներ, որոնց կարգին հաւանաբար, Հայաստանի օլիկարխներու հիմնադիրը:

Ատոմ Ջանջուղազեանը, Փաշինեանի վարչապետութեան ողջ ընթացքին Հայաստանի ֆինանսներու նախարարը, նախկին տասնամեակներուն ընթացքին կառավարութեան գանձապահն էր: Ան բոլորէն աւելի լաւ գիտէ Պետական ​​պիւտճէէն անցնող կամ Հայաստանէն դուրս եկող ֆինանսական միջոցներու ճակատագիրը: Անոր բացարձակ լռութիւնը ապացոյց է, որ նախկիններու կաշառակերութեան մասին յայտարարութիւնները կաշ չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ  կամ  չափազանցուած է:

Յոյսով եմ, որ ընտրութիւններու նախօրեակին այս յօդուածը կը խրախուսէ ընթերցողները լաւ մտածելու, փնտրելու փաստեր, խուսափելու կանխորոշուած ըլլալէ  և դիրքորոշուելու քաղաքական հաւասարակշռուած դիրքի մէջ:

Վ. Յակոբեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.