Ցուցադրուեցաւ «Անմահների Ժամանակը»` Պռօշեանի 26 Կամաւորականներու Սխրանքին Մասին Փաստագրական Ժապաւէնը

28 փետրուարին «Մոսկուա» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 12 փետրուարին, Պռօշեանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ:

Անիկա նուիրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկներուն, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարագնաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին թուրք գրոհայիններու լայնածաւալ յարձակումը` թոյլ չտալով գարշելի  ելուզակներուն թափանցել Մարտակերտ եւ Եղնիկներու պաշտպանական գօտի: Այդ հերոսական կռիւին զոհուած 24 մարտիկներուն 20-ը Պռօշեան համայնքէն էին, անոնց կարգին է լիբանանահայ, Այնճարի ծնունդ, օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանը:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնին մէջ կան իրական իրադարձութիւններ, ջոկատներ, կարեւոր ճակատամարտեր եւ անիկա յատկապէս ձօնուած է Պռօշեան համայնքի քսան զոհուած կամաւորականներու սխրանքին ու անմար յիշատակին:  Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 20 նահատակներուն ճակատագիրը 39 վայրկեանի մէջ:  Ժապաւէնը պատրաստուած է Պռօշեանի ՀՅԴ «Դրօ Կանայեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Պռօշեանի «Շենիկցի Շաքէ» մասնաճիւղի նիւթական ներդրումով:

Ս. Թադէոսեան այս առիթով յայտնեց, որ «Անմահների ժամանակը» զուտ վաւերագրական ժապաւէն է, բայց կան քանի մը գեղարուեստական տեսարաններ. «Օրինակ, թէ ինչպէ՛ս տղաները մեկնելէ առաջ դրօշին վրայ ստորագրեցին: Կատարուածը նկարագրուած է որոշակի մանրամասնութիւններով` սխրանքի կտորներով: Ես գիշերը մինչեւ լոյս մնացած եմ իրենց հետ` մինչեւ իրենց մեկնիլը: Եւ բոլորին նկարած եմ թէ՛ լուսանկարով եւ թէ՛ տեսերիզով: Նկարած եմ, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստուին, հագուստ ու զէնք կը ստանան, կ՛երգեն, որոշ դրուագներ ալ «Երկիր Մետիա»-ի արձանագրութիւնն է նկարիչներու` Արմէն Սերոբեանի եւ Արմէն Մուշեղեանի. վերջինս այնտեղ կը գտնուէր նաեւ իբրեւ մարտիկ, նոյնիսկ իր նկարահանման գործիքը չէ պայթած: Այնպէս ստացուեցաւ, որ ես պատահաբար գտայ զոհուածներէն մէկուն երգը, որ եղբօր հարսանիքին երգած է, եւ այդ դարձաւ ժապաւէնին սաունտթրեքը` երաժշտական յաւելուածը: Նաեւ խնայեցինք մարդոց յոյզերը, ցնցող քատրեր չդրինք, Պռօշեանի պանթէոնի պատին վրայ դաջուած բոլորին անունները արդէն իսկ խօսուն են»:

Սամուէլ Թադէոսեան, որ նաեւ 90-ականներու արցախեան պատերազմը վաւերագրած է, նշեց` թէ՛ 90-ականներու, թէ՛ 2020-ի պատերազմները իրար ե՛ւ նման են, ե՛ւ տարբեր. «Ես այս պատերազմին մասնակի մասնակցեցայ, որովհետեւ ուղղակի ֆիզիքապէս չէի կրնար, ետքը` շատերուն կը մերժէին, թէպէտ որոշ բաներ անձնապէս ես նկարած եմ, օրինակ` Ստեփանակերտի ռմբակոծութիւնները: Այս տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ` կենցաղ, հայրենի արժէքներ, փլուզումներ` գիտութեան, մշակոյթի, մեր հերոսներուն փառազրկելու հարցին մէջ, միայն զինուորին ոգին մնաց նոյնը. ե՛ւ այն տարիներու, ե՛ւ այս տարիներու նուիրեալները բացարձակ նոյն տեսակի մարդիկ են: Զինուորը, կամաւորականը հրահանգ չի կատարեր, անոր հրահանգը սրտէն կը բխի, իսկ կամաւորները մնայուն այդպէս կ`ըլլան ու երբեք չեն փոխուիր, միշտ պարտքի ու գիտակցութեան շրջանակներու մէջ են: Այս լրիւ ուրիշ տեսակի պատերազմ էր` այն իմաստով, որ ինչ-որ բաներ թերեւս սկիզբէն համաձայնեցուած էին, բայց այս պատերազմը կը զուգադիպէր աշխարհի վերաբաժանման կանխաւ մտածուած որոշ պետութիւններու ցանկութիւններուն հետ, եւ մենք մատաղացանք` նորէն համոզուելով, որ այս աշխարհը մեզի հետ կապ չունի, եւ այն, ինչ կ՛ըսուի, հերթական մխիթարական խօսքեր են, մենք մինակ ենք: Այդ բոլորը կը ստիպեն մեզի, որ մենք մեր անցեալի դասերը սորվինք ու հասկնանք, որ մեր յոյսը մենք ենք, եւ ոչ ոք կու գայ ու մեր ցաւին ընկեր կը դառնայ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.