Տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու Թուրքիոյ տնտեսական անկումը անխուսափելի կը նկատէ

Մարմարա.- Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը ինչպիսի պատկեր մը կը ներկայացնէ։ Այսօր Թուրքոյ բնակիչներուն համար կենսական հարցում է այս, որովհետեւ մինչ մէկ կողմէ մասնագէտներ ու քաղաքակէտներ կը պնդեն որ Թուրքիա կը գտնուի տնտեսական կործանումի սեմին վրայ, Թուրքիոյ ղեկավարները կը խօսին բոլորովին հակառակ ուղղութեանբ ու կը պաշտպանեն այս տեսակէտը թէ Թուրքիա կ՛ընթանայ դէպի տնտեսական շատ փայուն ապագայ։

Ի՞նչ կ՚ըսէ Տարօն Աճէմօղլու

Համաշխարհային համբաւի տիրացած տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուի կարծիքը բոլորովին խոտոր կը համեմատի Թուրքիոյ ղեկավարաներուն կարծիքին հետ, որովհետեւ ան անխուսափելի կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական խոշոր տագնապ մը։ Ըստ Աճեմողլուի՝ բազմաթիւ ընկերութիւններ պիտի սնանկանան։

Աճէմօղլու իր կարծիքը յայտնեց, երբ կը մասնակցէր թրքական Մէտիա-Սքոբ յայտագրին, իր կողքին ունենալով Պէլքէնթ Համալսարանի դասախօսներէն Փրօֆ. Ռէֆէթ Կիւրքայնաքը։ Տարօն Աճէմօղլու ըսաւ.

«Այս վայրկեանին կարելի չէ արգելք հանդիսանալ Թուրքիոյ տնտեսութեան դէպի ժխտական ընթացքին։ Հրաշքի մը սպասել անկարելի է։ Դիւրին պիտի չըլլայ կրթական համակարգը բերել նախկին բարձրութեան։ Յուսամ աւելի ծանր աղէտ չի պատահիր, բայց կարգ մը ընկերութիւններ անխուսափելիօրէն պիտի սնանկանան։ Անգործութիւնը աւելի պիտի սաստկանայ։

Տարօն Աճէմօղլու իր խիստ դիտարկութիւնը շարունակեց հետեւեալ կերպով. «Այն իրավիճակը, զորս Թուրքիա կ՚ապրի այս օրերուն, արդիւնք են աւելի առաջ կուտակուած բազմաթիւ անհաւասարակշռութիւններու։ Արդիւնք են որակաւոր զարգացումի մը բացակայութեան։ Տնտեսական զարգացումը սխալ հասկացողութիւններու զոհ գնաց։ Զարգացումը նախատեսուեցաւ շինարարութեան մարզէն ու սպառումի մարզէն ներս։ Այսպիսի զարգացումներ ընդհանրապէս անհաւասարակշռութիւններ կը ստեղծեն։ Կարելի չէ բուն պատճառները անտեսել ու կարծել որ տնտեսական վերջին նեղութիւնները կու գան օտարներու կողմէ կատարուած ներդրումներու պակասէն։ Կը տեսնենք նաեւ այն բացասական արդիւնքը որ ստեղծուեցաւ վերջին տասը տարիներու դրամի քաղաքականութենէն։ Պէտք է կասեցնել թրքական դրամի արժեզրկումը, հակակշռի տակ պէտք է առնուի էնֆլասիոնը։ Պէտք է լաւ մտածել թէ ո՞րն է ճիշդ ներդրումը որ պիտի զարգացնէ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը«։

Տարօն Աճէմօղլու անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական վերջին անցուդարձերուն։ Ան դիտել տուաւ որ 15 Յուլիսի յեղափոխութեան օրերուն Թուրքիա կարեւոր քննութիւն մը տուաւ։ Բայց Արտակարգ Վիճակը, որ այդ առիթով հռչակուեցաւ, պատճառ դարձաւ որ Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը ցնցուի։ Տիրեց վախի, բեւեռացումի մթնոլորտ մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.