Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Առաջնորդ Բաբգէն Սրբազան պատարագեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Կիրակի, 12 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հինգշաբթի երեկոյեան կազմակեպուած համերգին, կատարողութեամբ Անոյշ Գալստանեանի եւ Թալին Գըլըպոզեանի, որ նուիրուած էր եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուան եւ 35-ամեակին։Շաբաթավերջին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ եկեղեցւոյ քերմէսին եւ նախագահեց մատաղօրհնէքն ու բոլոր ժամերգութիւնները։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.