Սփիւռքահայ Բարերարը Աւելի Քան Մէկ Միլիոն Տոլարի Ներդրում Պիտի Կատարէ Թալիշի Վերակառուցման Համար

Քառօրեայ պատերազմէն ամենաշատ տուժած գիւղը` Թալիշը, նոր շունչ կը ստանայ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի աջակցութեամբ, կը ներդրէ մօտ 541.331.200 դրամ (1,131,617 տոլար) Թալիշի զարգացման:

Գումարը պիտի ուղղուի գիւղապետարանի, բժշկական կեդրոնի եւ ակումբի վերակառուցման, հանդիսութիւններու տան շէնքի վերակառուցման, գիւղապետարանի եւ հանդիսութիւններու սրահի շէնքերու տարածքի բարեկարգման, 18 տան վերակառուցման եւ վերանորոգման:

Նման ծրագիրներ իրականացուած են նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ, վերակառուցուած են բազմաթիւ բնակելի տուներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.