Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Շահագործման Պիտի Յանձնուի Օգոստոսին

Հայ օգնութեան միութեան ֆինանսաւորմամբ Ստեփանակերտի մէջ կը վերակառուցուի «Սօսէ» մանկապարտէզը:

Այս  մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի քաղաքաշինութեան  նախարարութեան  քաղաքաշինական  պետական  տեսչութեան պետ  Դաւիթ Աւանեսեան` նշելով, որ 2015-ի Օգոստոսէն սկսած են մանկապարտէզի վերակառուցման աշխատանքները:

«Այժմ կ՛ընթանան  մանկապարտէզի ներքին յարդարման, երեսպատման եւ բակի բարեկարգման աշխատանքները: Վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար նախատեսուած է 429 միլիոն 827 հազար դրամ: Մանկապարտէզի  շէնքը  շահագործման պիտի յանձնուի այս տարուան Օգոստոսին»,-ըսած է Դ. Աւանեսեան:

Ներկայիս «Սօսէ» մանկապարտէզը կը գործէ ժամանակաւոր կերպով տրամադրուած վայրին մէջ՝ Ստեփանակերտի նախկին 6րդ դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն: Արմինէ Յարութիւնեանի համաձայն՝ այսօր մանկապարտէզ կը յաճախեն շուրջ 70 երեխաներ:

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբը եւ ՀՕՄ-ի տարբեր կառոյցներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ կը շարունակեն նախաձեռնել դրամահաւաքներու՝ շինարարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու նպատակով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.