Սիւնիքի Նուիրուած  Ուսումնասիրութիւններու Մրցանքի Յայտ

Սիւնիքը ինչպէս անցեալին այս օրերուն եւս աշխարհաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի ու Հայ Ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան ապահովման ու լինելութեան երաշխաւորման գծով: 2020-ի Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ, Ազրպէյճանը կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ հողային պահանջներ ներկայացնել Երեւանի, Սեւանի և յատկապէս Սիւնիքի գծով:

Սիւնիքի դարպասներուն անձեռնմխելիութեան նպաստելը, Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիի հզօրացումը, փանթրքական ծրագիրները ձախողեցնելը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան համար յանձնառութիւն պէտք է ըլլայ:

Վերոնշեալներուն լոյսին տակ եւ յատկապէս «Դէպի Սիւնիք» ծրագրի պարունակին մէջ՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը համագործակցութեամբ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական միութեան հետ ձեռնարկած է Սիւնիքի անվտանգային, ապահովական, ներքաղաքական, ժողովրադագրական եւ երիտասարդութեան խնդիրներուն անդրադարձող ուսումնասիրութիւններու  մրցանք մը:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք 18-27 տարեկան հայաստանաբնակ և Սփիւռքի  ուսանողութեան մասնակից դառնալու սոյն ուսումնասիրութիւններու պատրաստութեան:

Ուսումնասիրութիւնները  պէտք է հետևեալ թեմաներուն շուրջ ըլլան (կարելի է նոր թեմաներ առաջարկել).

  • Սիւնիքը 20-րդ դարու զարգացումներուն լոյսին տակ (պատմական յետադարձ ակնարկ)
  • Սիւնիքի անվտանգային խնդիրներ (սահմանային, ապահովական) եւ զանոնք լուծելու հեռանկարներ
  • Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերակատարութիւնը փանթրքական ծրագրի իրագործումը կասեցնելու գործընթացին մէջ
  • Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը Սիւնիքի Խնդիրներու առընչութեամբ
  • Սիւնիք-Սփիւռք յարաբերութիւններ
  • Սիւնիքի ժողովրդագրական, տնտեսական, գիւղատնտեսական ներկայ պատկեր, խնդիրներ ու լուծումներ
  • Սիւնիքի հանրաճանաչութեան մակարդակի բարելաւման եղանակներ
  • Սիւնիքը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ
  • Սիւնիքի պատմամշակութային ժառանգութիւն

Ուսումնասիրութիւնները կարելի է երեք լեզուներով ներկայացնել (հայերէն, անգլերէն կամ ռուսերէն):

Ուսումնասիրութիւնները պիտի քննուին այս առթիւ կազմուած  դատական կազմի մը կողմէ, որուն անդամներն են՝

– Թաթևոս Աւետիսեան, ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր, տնտեսագէտ

– Թերեզա Երեմեան, ԱՄՆ Հայ Դատի Գրասենեակի կառավարական հարցերու  պատասխանատու, Ուաշինկթոն

– Գէորգ Յակոբճեան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ,Վիեննա

– Մելինէ Անումեան,պատմագէտ և թուրքագէտ, Երեւան

-Եղիա Թաշճեան, քաղաքական վերլուծաբան և հետազօտող, Պէյրութ

Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները դէպի Հայաստան երթ ու դարձի թռիչքի տոմս պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ դէպի Սիւնիք ճամբորդելու եւ իրենց ուսումնասիրութիւները ներկայացնելու առիթ պիտի ունենան: Հայաստանէն ընտրուած լաւայգոյն ուսումնասիրութիւնները կրթաթոշակ պիտի ստանան: Տեղին է նշել, թէ լաւագոյն ուսումնասիրութիւններու կողքին, մրցանակ չստացած, սակայն դատական կազմին հաւանութեան արժանացած մնացեալ ուսումնասիրութիւնները պիտի հրապարակուին ընկերային ցանցերու և մամուլի ճամբով:

Ուսումնասիրութիւնները կարելի է ամբողջացնել հետեւեալ յղումին ճամբով մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 2021՝ https://forms.gle/1pAK46Um6dfC874J9

Ուսումնասիրութիւնները պէտք է գրուած ըլլան MS Word 2003-2010 ծրագով, իսկ ծաւալը՝ նուազագոյնը 2500 առավելագույնը 6000 բառ:

Մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարկուին 31 Հոկտեմբեր 2021-ին:

Հարցումներու և յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին՝ ayf@arf.am:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.