Սիւնիքի Նուիրուած Ուսումնասիրութիւններու Մրցանքի Յայտ
Սիւնիքը ինչպէս անցեալին այս օրերուն եւս աշխարհաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի ու Հայ Ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան ապահովման ու լինելութեան երաշխաւորման գծով: 2020-ի Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ, Ազրպէյճանը կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ հողային պահանջներ ներկայացնել Երեւանի, Սեւանի և յատկապէս Սիւնիքի գծով:
Սիւնիքի դարպասներուն անձեռնմխելիութեան նպաստելը, Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիի հզօրացումը, փանթրքական ծրագիրները ձախողեցնելը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան համար յանձնառութիւն պէտք է ըլլայ:
Վերոնշեալներուն լոյսին տակ եւ յատկապէս «Դէպի Սիւնիք» ծրագրի պարունակին մէջ՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը համագործակցութեամբ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական միութեան հետ ձեռնարկած է Սիւնիքի անվտանգային, ապահովական, ներքաղաքական, ժողովրադագրական եւ երիտասարդութեան խնդիրներուն անդրադարձող ուսումնասիրութիւններու մրցանք մը:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք 18-27 տարեկան հայաստանաբնակ և Սփիւռքի ուսանողութեան մասնակից դառնալու սոյն ուսումնասիրութիւններու պատրաստութեան:
Ուսումնասիրութիւնները պէտք է հետևեալ թեմաներուն շուրջ ըլլան (կարելի է նոր թեմաներ առաջարկել).
- Սիւնիքը 20-րդ դարու զարգացումներուն լոյսին տակ (պատմական յետադարձ ակնարկ)
- Սիւնիքի անվտանգային խնդիրներ (սահմանային, ապահովական) եւ զանոնք լուծելու հեռանկարներ
- Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերակատարութիւնը փանթրքական ծրագրի իրագործումը կասեցնելու գործընթացին մէջ
- Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը Սիւնիքի Խնդիրներու առընչութեամբ
- Սիւնիք-Սփիւռք յարաբերութիւններ
- Սիւնիքի ժողովրդագրական, տնտեսական, գիւղատնտեսական ներկայ պատկեր, խնդիրներ ու լուծումներ
- Սիւնիքի հանրաճանաչութեան մակարդակի բարելաւման եղանակներ
- Սիւնիքը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ
- Սիւնիքի պատմամշակութային ժառանգութիւն
Ուսումնասիրութիւնները կարելի է երեք լեզուներով ներկայացնել (հայերէն, անգլերէն կամ ռուսերէն):
Ուսումնասիրութիւնները պիտի քննուին այս առթիւ կազմուած դատական կազմի մը կողմէ, որուն անդամներն են՝
– Թաթևոս Աւետիսեան, ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր, տնտեսագէտ
– Թերեզա Երեմեան, ԱՄՆ Հայ Դատի Գրասենեակի կառավարական հարցերու պատասխանատու, Ուաշինկթոն
– Գէորգ Յակոբճեան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ,Վիեննա
– Մելինէ Անումեան,պատմագէտ և թուրքագէտ, Երեւան
-Եղիա Թաշճեան, քաղաքական վերլուծաբան և հետազօտող, Պէյրութ
Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները դէպի Հայաստան երթ ու դարձի թռիչքի տոմս պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ դէպի Սիւնիք ճամբորդելու եւ իրենց ուսումնասիրութիւները ներկայացնելու առիթ պիտի ունենան: Հայաստանէն ընտրուած լաւայգոյն ուսումնասիրութիւնները կրթաթոշակ պիտի ստանան: Տեղին է նշել, թէ լաւագոյն ուսումնասիրութիւններու կողքին, մրցանակ չստացած, սակայն դատական կազմին հաւանութեան արժանացած մնացեալ ուսումնասիրութիւնները պիտի հրապարակուին ընկերային ցանցերու և մամուլի ճամբով:
Ուսումնասիրութիւնները կարելի է ամբողջացնել հետեւեալ յղումին ճամբով մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 2021՝ https://forms.gle/1pAK46Um6dfC874J9
Ուսումնասիրութիւնները պէտք է գրուած ըլլան MS Word 2003-2010 ծրագով, իսկ ծաւալը՝ նուազագոյնը 2500 առավելագույնը 6000 բառ:
Մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարկուին 31 Հոկտեմբեր 2021-ին:
Հարցումներու և յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին՝ ayf@arf.am: